2010-03-10 12:47:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի մարտ 10 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին Դարու հայրապետներու մասին, Սրբազան Քահանայապետը, այսօր խօսեցաւ սուրբ Պոնավենդուրայի wardapòtoujòan masinմասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր

Սուրբ Պոնավենդուրան ապրեցաւ 13րդ դարուն, Ան ունեցաւ գործունեայ եւ հայեցողական կեանք, խորապէս բարեպաշտ եւ խոհեմ մարդ մը, եւ կարողացաւ ներդաշնակութիւն հաստատել հաւատքի ու մշակոյթի միջեւ։ Փարիզ ուսանած, հիացումով կը դիտէր ֆրանչիսքեան կրօնաւորներու ապրումը Աւետարանի հիման վրայ եւ բայձանք յայտնեց մաս կազմել անոնց միաբանութլեան լաւագոյնս ապրելու ս. ֆրանչիսքոսի հոգեւորութիւնը։ Ան շարունակելով իր սուսումը կատարել Փարիչի աստուածաբանական համալսարանի մէջ դարձաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն վարդապետներէն մէկը։

Անոր մտածողութիւնը խորապէս քրիստոսաբան է, ''Աւետարանական կատարելիութիւնը'' հատորին մէջ 'ոյ' կու տայ թէ Եկեղեցին աւելի գեղեցիկ կը դառնայ շնորհիւ իր հաւատացեալ այրերու ու կիներու ցուցբերած հաւատարմութիւնը աւետարանական երանութիւններու եւ այսպէսով անոնք վկայութիւն կու տան թէ Աւետարանը աղբիւր է ուրախութեան ու կատարելիութեան։ Երբ սուրբ Պոնավենդուրան ընտրուեցաւ ընդհանուր աբբահայրը ֆրանչիսքեան կրտցեր եղբայրներու, միաբանութիւնը կը հաշուէր 30 հազար կրօնաւոր, տարածուած բոլոր Եւրոպայի մէջ։ Փղբայրներու միջեւ միութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը հաստատելու համար հատոր մը շարադրեց ուր կը պարզէր ս. ֆրանչիսքոսի ճշմարիտ խարիզմը ու անոր կենսագրութիւնը, ուր կը գտնենք ս. ֆրանչիսքոսի ճշմարիտ ուսուսցումը։ սուրբ Պոնավենդուրայի համար ս. ֆրանչիսքոսը եղաւ մարդ մը որ ուզեց հաւատարմօրէն նմանիլ Քրիստոսի։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց մաղթելով որ սուրբ Պոնավենդուրայի գաղափարը դառնայ յայտագիրը երրորդ հազարամեայի Եկեղեցւոյ ու ամէն հաւատացեալի։



Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Քառասնորդացի այս շրջանը թող ըլլայ առիթ փնտռտուքի Քրիստոսի հարազատ դէմքին։ Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, Թող Մարիամ` Անարատ Յղացեալը օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու։

Սրբազան Քահանայապետին կոչը Թուրքիոյ երկրրաշարժի աղետեալներուն։

Որ այս կոչով Սրբազան հայրը իր մօտիկութիւնը յայտնեց աղետեալներուն ու անոնց պարագաներուն, խնդրելով Ամենակալ Տիրոջմէն որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ միաժամանակ խնդրեց միջազգային հաարակութեանէն որ իր օգնութիւնը բերէ աղետեալներուն։

Նոյնպէս Սրբազան Հայրը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց բոլոր այն նիճերիացիներուն որոնք զոհ գացին բռնարարքներուն, որոնց զոհ գացին նաեւ անպաշտպան մանուկները։ Սրբազան հայրը անգամ մը եւս ընգգծեց թէ բռնութիւնը այլ բռնութեան պատճառ կը դառնայ. այս պատճառաւ խնդրեց երկրի քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններէն որ իրենց սատարը բերեն համակեցութիւնը հաստատելու։ Սրբազան Հայրը ողջունեց Նիճերիոյ հովիւները ու հաւատացեալները խնդրելով որ հաշտութեան ճշմարիտ վկաները ըլլան։

իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.