2010-03-10 12:35:31

Էջ մը հայ գրականութենէն – 8 մարտ, Կիներու օրուան առթիւ, այսօր կ'անդրադառնանք Երեք Արժէքաւոր Հայ Կին Գրողներու մասին


Էջ մը հայ գրականութենէն – 8 մարտ, Կիներու օրուան առթիւ, այսօր կ'անդրադառնանք Երեք Արժէքաւոր Հայ Կին Գրողներու մասին



Կիներու Օրուան առթիւ տեղին է ընդգծել այն ճշմարտութիւնը, որ, բոլոր բնագաւառներու մէջ եւ պատմութեան ողջ ընթացքին, հայ կինը ունեցած է իր ուրոյն տեղն ու դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Չենք կրնար ամբողջական անդրադարձ կատարել, տարբեր մարզերու մէջ եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու, հայ կնոջ ունեցած դերին կամ ստանձնած պարտաւորութիւններու բնոյթին ու տարողութեան։

Հայ կինը իր ձայնը լսելի դարձուցած է նաեւ մեր գրականութեան մէջ՝ իր ստեղծած գեղարուեստական արժէքաւոր գործերով։ Այդ երկերը անպայման կնոջ իրաւունքներու կամ կնոջ դերին անդրադարձող գործեր չեն։ Ունինք բանաստեղծուհիներ, գրագիտուհիներ եւ բազմաթիւ այլ բնագաւառներու մէջ հեղինակութիւն դարձած անուններ։ Այսօր, կ՛անդրադառնանք միայն երեք գրող կիներու՝ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի եւ Զապէլ Եսայեանի։ Յիշելով զանոնք, յարգանքի մեր տուրքը մատուցած կ՛ըլլանք այն բոլոր կին գրողներուն կամ կին գործիչներուն, որոնք իրենց կեանքով, գաղափարներով եւ ստեղծագործութիւններով շեշտեցին հայ կնոջ տեղն ու դերը ազգային մեր իրականութեան մէջ։



ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲ (1840-1901)

Սրբուհի Վահանեան ծնած է Պոլիս եւ օտար կրթութիւն ստացած է։ Բայց 1860ական թուականներու հայկական Զարթօնքի ընդհանուր խանդավառութեան մէջ կ՛ուզէ հայեցի կրթութիւն ստանալ եւ մասնաւոր դասեր կ՛առնէ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն։ 1871ին ան կ՛ամուսնանայ ֆրանսացի երաժիշտի մը հետ եւ անոր անունով ալ կը դառնայ Տիւսաբ։

Ամուսինը ազատամիտ մարդ էր. ան կը քաջալերէ զինք, որ ընթացք տայ գրական իր հակումներուն։ Սրբուհի, որ գաղափարական հայուհի մըն էր, միշտ բարեկամութիւններ պահեց ժամանակի յայտնի հայ մտաւորականներուն հետ, հետաքրքրուեցաւ ազգային հարցերով եւ դարձաւ հիմնադիրը Դպրոցասիրաց ընկերութեան եւ 2 տարի վարեց անոր ատենապետի պաշտօնը։

Տիւսաբ ունի 3 վէպեր՝ Մայտա, Սիրանուշ եւ Արաքսիա կամ Վարժուհին։ Այս երեք գործերն ալ նուիրուած են կնոջ դատին։ Տիւսաբի գաղափարներով խանդավառուած էին Պոլսոյ հայ կիները։ Այս գծով Տիւսաբի արտայայտած կարծիքներուն դէմ արտայայտուեցաւ Գրիգոր Զոհրապ, որ կ՛ըսէր թէ այրերու հետ հաւասարութեան պահանջը կը խաթարէ մեր ընտանեկան բարքերն ու աւանդութիւնները։ Ըստ Զոհրապի, կինը բնութեան կողմէ սահմանուած է ընտանիքի եւ մայրութեան, ուրեմն պէտք չէ հրապարակ իջնէ իբր գործիչ...։ Այլապէս, կ՛ըսէ Գրիգոր Զոհրապ, տարբերութիւն պիտի չմնայ այր ու կնոջ միջեւ եւ կինը պիտի կորսնցնէ իր կանացի յատկութիւնները։

Ինչպէս կը տեսնենք, Սրբուհի Տիւսաբ իր ժամանակին նկատուեցաւ իբրեւ նոր գաղափարներ ու տեսակէտներ ունեցող կին։



ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ (ՍԻՊԻԼ, 1863-1934)

Բուն անունով Զապէլ Խանճեան՝ ծնած է Պոլիս։ Մայրը գիտէր կիթառ նուագել եւ յաճախ բանաստեղծութիւններ կը կարդար զաւակներուն ներկայութեան։ Զապէլի համար ներշնչումի առաջին աղբիւրը մայրը հանդիսացած է։

Սիպիլ հիմնադիրներէն էր Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան։ Այս ընկերութիւնը գործած է 22 տարի՝ նպատակ ունենալով Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար։

Սիպիլ, առաջին ամուսնին մահէն ետք, երկրորդ ամուսնութեամբ մը կը կապուի գրագէտ Հրանդ Ասատուրի հետ։ Այնուհետեւ, ամուսինին աշխատակցութեամբ, կը հրատարակէ հայերէն քերականութեան եւ ընթերցանութեան դասագիրքերու շարք մը՝ Թանգարան անունով, որոնք մեր վարժարաններէն ներս գործածուեցան շուրջ քառորդ դար։ Կը մահանայ 1934ին։

Սիպիլ ունի Ցոլքեր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն, Աղջկան մը սիրտը վէպը, իսկ նորավէպերը եւ պատմուածքները առանձին հատորով լոյս տեսած են՝ Կնոջ Հոգիներ խորագրով։ Սիպիլ ունի նաեւ թարգմանութիւններ, յատկապէս ֆրանսացի յայտնի բանաստեղծներու քերթուածներէն։ Սիպիլ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ, նուիրուած՝ կնոջ ազատագրման եւ յառաջդիմութեան դատին, ինչպէս նաեւ՝ կրթական եւ հանրային խնդիրներու։



ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ (1878-1943)

Բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է Սկիւտար (Պոլիս)։17 տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն։ Հոն ալ ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ։

Զ. Եսայեան փրկուած է Եղեռնէն՝ փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր իր մասնակցութիւնը բերած է մեր հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանքներուն։ 1920էն ետք անցած է Եւրոպա եւ գործակցած է Ա. Ահարոնեանի գլխաւորած Հայաստանի պատուիրակութեան հետ։ Զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով։

1935ին Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով վերջնականապէս կը տեղափոխուի Երեւան, ուր կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը։ Միաժամանակ կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս։

1936-1937ի ստալինեան հալածանքի շրջանին Եսայեան կ՛աքսորուի անյայտ ուղղութեամբ եւ կը մեռնի Սիպերիոյ մէկ անյայտ անկիւնը 1943ին։

Մեծ տաղանդով օժտուած, լայն զարգացումի տէր, այր մարդու տիրապետող խառնուածքով, բայց անհաստատ նկարագրով գրագիտուհի մըն է Եսայեան, որ կը նկատուի արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ուշագրաւ դէմքերէն մէկը։ Եսայեան իր գործերուն մէջ աշխատած է տարածել ազատամիտ եւ արդիական գաղափարներ՝ կնոջ բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելու համար։ Ան մասնաւորաբար ջանացած է հերքել լայն տարածում գտած այն թիւր կարծիքը, թէ՝ իբր կինը իր կարողութիւններով ստորադաս է այր մարդէն...

Իր յօդուածներէն մէկուն մէջ Եսայեան կը գրէ.- Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը ծնած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն, բարերար տարր մը դառնալը։

Իր գրիչով եւ կեանքով Եսայեան աշխատած է հայ կինը մղել ընկերային ասպարէզ, իբրեւ գործօն դերակատար՝ այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրաւունքներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.