2010-03-09 12:50:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՖՐԱՆՍԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա կը մեկնի։ Նախագահի մամլոյ բանբեր Սամուէլ Ֆարմանեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Ֆրանսայի նախաահ Նիքոլա Սարքոզիի, Ծերակոյտի նախագահին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։ Իսկ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալդ Դուսկը քառօրեայ պաշտօնական այցով մը կը ժամանէ Հարավային Կովկաս։ Տոնալդ Դուսկի այցի առաջին հանգրուանը Ադրբեջանն է, ուր լեհ վարչապետը բանակցութիւններ կունենայ նախագահ Իլհամ Ալիևի և պաշտօնատար այլ անձերու հետ։ Հինգշաբթի Թիբլիսի մէջ նախատեսուած է Տոնալդ Դուսկի հանդիպումը նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլիի հետ։ Հուսկ Ուրբաթ օրը Տոնալդ Դուսկ կը ժամանէ Երևան, ուր բանակցութիւններ կ՝ունենայ Հայաստանի իշխանութիւններու հետ։

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՄԻՒՖԹԻ ԺՈՒԶՈՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի՝ պատասխանելով Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզուի յայտարարութիւններուն, դատապարտեց զանոնք եւ իր խոր վրդովմունքը յայտնեց՝ յիշելով, որ ՝՝շէյխ Ժուզուի յայտարարութիւնը տգիտութեան արդիւնք է՝ ընդհանրապէս հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան քաղաքական պատմական կեցուածքներուն նկատմամբ, ինչ կը վերաբերի արաբական եւ պաղեստինեան դատերուն, ինչպէս նաեւ արաբական եւ իսլամական աշխարհին հետ հայութեան յարաբերութիւններուն՝՝։ Պատասխանելով Օ. Թի. Վի պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն՝ երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ իրենք կ՝ակնկալեն, որ հանրապետութեան միւֆթին, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ սիւնիի համայնքի պատասխանատուները յստակ կեցուածք ճշդեն այս հարցին առնչութեամբ։ Արդարեւ միւֆթի Ժուզուի ամբաստանած էր հայութիւնը Քոնկրեսի յանձնախումբի որոշումին համար հրէական սիոնական խմբակցութիւններու հետ գործակցած ըլլալու յանցանքով։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ ՄԸ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԷ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼՈՒ։
Թրքական ՝՝Հապեր 27ի՝՝ փոխանցումով, քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պիթլիսէն ընտրուած երեսփոխան Մեհմետ Նեզիր Քարապաշ՝ մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը, յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստանէն ներում հայցէ։ Քարապաշ նշած է, որ դարասկիզբին հայերուն հետ տեղի ունեցածը երբեք Թուրքիոյ մէջ չէ քննարկուած եւ չէ ընդունուած, եւ ամօթ է, որ ապրիլ 24-էն առաջ Միացեալ Նահանգները եւ եւրոպական երկիրներու խորհրդարանները կը քննարկեն զայն եւ ոչ թէ Թուրքիան։Միւս կողմէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանը խօսելով բանաձեւի ընդունման մասին, դիտել տուաւ թէ Ամերիկայի Գոնկրէսի երկ-կուսակցական մեծամասնութիւնը մերժեց Թուրքիոյ բերան փակելու քաղաքականութիւնը՝ պայմաններ ստեղծելով Ներկայացուցիչներու Պալատի խօսնակ Նէնսի Փելոզիի ու ողջ պալատին համար՝ ըստ արժանւոյն յարելու Հայոց Ցեղասպանութեան ։ Խաչիկեան կաւելցնէ թէ այդպիսով Ամերիկան ցոյց տուաւ, որ համագործակից է աշխարհի մէջ Ցեղասպանութիւններու վերացման ուղղուած գործընթացին։

Ուժգին Երկրաշարժ Թուրքիոյ Մէջ։

Էլազըղի մէջ 6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը առջի օր կանուխ առաւօտուն Թուրքիոյ ժամով առաւօտեան ժամը 04.32ին հարուածեց Թուրքիոյ Էլազըղ քաղաքի շրջանը ու գիւղերը ինչպէս Գովանճըլար եւ Օգճուլար գիւղերը ։ Մէկ վայրկեան տեւած երկրաշարժը հիմնայատակ կործանած է աղիւսէ եւ փայտէ շինուած տուները,կան 51 մեռեալներ եւ աւելի քան 70 վիարաւորեալներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.