2010-03-08 13:25:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը, Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Հռոմի Ս. Յովհաննէս խաչեան ժողովրդապետութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Երկուշաբթի 8 մարտ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց կարտինալ Իվան Տիաս` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Ուկանտայի եպիսկոպոսական դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած կատարելու՝ հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի Ս. Յովհաննէս խաչեան ժողովրդապետութեան։

Կիրակի առաւօտ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Ս. Յովհաննէս խաչեանի նուիրուած ժողովրդապետութիւնը, որ կը գտնուի Հռոմի արուարձանի հիւսիսային կողմը։ Այս ժողովրդապետութեան պաշտօնական բացումը կատարուած էր 2002-ին։ Ասիկա 9-րդ անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետը ժողովրդապետութիւն մը կ'այցելէ։

Յայտնենք թէ՝ Հռոմի ժողովրդապետութիւններու այցելութիւնը սկսած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի նախաձեռնութեամբ։

Աստուծոյ Ծառայ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Հռոմի Պապը, իր քահանայապետութեան երկար տարիներու ընթացքին կարողացած էր 336 ժողովրդապետութիւններէն՝ այցելել 301 ժողովրդապետութիւններ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր այս այցելութեան ընթացքին հրաւիրեց ընտանիքներն ու նոր սերունդը ապրելու եւ քարոզելու Աւետարանը, առանց սպասելու որ ուրիշներ ձեզի գան եւ այլ ճշմարտութիւններ պատմեն ձեզի, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խնդրելով անոնցմէ դառնալ առաքեալներ։ ՜՜Մի սպասէք քահանային ներկայութիւնը , ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, այլ սովորութիւն առէք դառնալու առաքեալներ ուրիշներուն ճանչցնելու համար Քրիստոսի Աւետարանը։

Քառասնորդացի շրջանին կանչուած ենք ապաշխարելու եւ նոր կեանք մը սկսելու Աւետարանի պահանջքին համաձայն։ Պօղոս առաքեալի խօսքէն ներշնչուելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜ բաւարար չէ մկրտուած ըլլալ ու ՜՜Ս. Սեղանէն՝՝ սնանիլ, մենք կանչուած ենք Յիսուսի խօսքին համաձայն ապրելու՝՝։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հարկաւորութիւնը մտածելակերպ փոխելու եկեղեցւոյ մէջ, եւ աշխարհականներուն տալու՝ համապատասխան պատասխանատուութիւն, քանի որ ամէնքս անդամ ենք Աստուծոյ ժողովուրդին, եզրափակեց Սրբազան քահանայապետը իր խօսքը ուղղուած Հռոմի Ս. Յովհաննէս խաչեան ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Մարտ 8՝ կնոջ միջազգային օր է, այս առթիւ ֆրանսախօս Աբիգ գործակալութիւնը հետաքրքիր տեղեկութիւններ կու տայ կնոջ ներկայութեան մասին Վատիկանի մէջ, հաստատելով թէ հետզհետէ անոնց թիւը աճում կ'արձանագրէ եւ կիները գլխաւոր տեղեր կը գրաւեն։

8 մարտ 2010, 1977-էն ասդին՝ ՄԱԿը կը յիշատակէ կնոջ իրաւունքներու միջազգային օրը։ Վատիկանի մէջ թէեւ պաշտօնեաներուն 20 տոկոսը կին է, սակայն անոնք միաժամանակ կարեւոր դերեր կը գրաւեն։ Տարուէ տարի անոնց թիւը կ'աճի Վատիկանի կառավարութեան մէջ։ Վերջին 30 տարիներուն անոնց տոկոսը 11- 22ի բարձրացած է։ Ներկայիս երկու կիներ երրորդ աստիճանը կը գրաւեն նախարարութիւններու մէջ։ Համաշխարհային գետնի վրայ հաւատացեալ կիները եկեղեցւոյ մէջ աւելի շատ են։ Ներկայիս աշխարհի մէջ կան 460 հազար եպիսկոպոսներ, քահանաներ ու կրօնաւորներ, մինչ կրօնաւոր կիները կը հաշուեն 740 հազար։

Կարտինալ Թիւրքսոնի Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նոր նախագահի գնահատումով, դրդապատճառը՝ Վատիկանի կառավարութեան մէջ կիներու փոքր թիւին, այն է որ քիչ են աստուածաբանութիւն ուսած կիները։ Վատիկանի կառավարութեան մէջ աշխատելու համար կը պահանջուի աստուածաբանութեան ուսումը եւ այդ պատճառաւ քիչ է թիւը այն կիներուն որոնք բարձր պաշտօն ունին։ Կարտինալ Թիւրքսոնի համար, տուեալները սկսան բարեփոխուիլ որովհետեւ ներկայիս մեծ է թիւը աստուածաբանութիւն ուսանող կիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.