2010-03-08 13:18:57

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն-ի Պատգամը Կիներու Միջազգային Օրուայ Առթիւ։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն-ի Պատգամը Կիներու Միջազգային Օրուայ Առթիւ։

Այսօր 8 Մարտ, կիներու նուիրուած միջազգային օրուայ առթիւ.ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ,կիներու ուղղած իր պատգամին մէջ կը հաստատէ հետեւեալը ՝՝ Սեռի հաւասարութիւն եւ կիներու լիազօրութիւնը հիմնական են Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան համաշխարհային առաքելութեանը համար, որպէսզի կարելի ըլլայ իրաւունքներու ու արժանապատուութեան հաւասարութիւն բոլորին համար։ Այր մարդու եւ կնոջ միջեւ հաւասարութիւնը(կը բացատրէ Պան Քի Մուն) էական հարց մըն է պաշտպանելու համար մարդկային հիմնական իրաւունքները, բայց նաեւ տնտեսական ու ընկերային հրամայական մըն է.մինչեւ այն ժամանակ երբ կիները պիտի չձերբազատուին աղքատութենէ ու անարդարութենէ մեր բոլոր նպատակակէտերը (խաղաղութիւն,ապահովութիւն եւ զարգացում) վտանգի ենթակայ են ՝՝ ։ 15 տարի առաջ Բէքին կայացած կիներու Չորրորդ Համաշխարհային Համագումարի Յայտարարութեան պարունակած ծրագիրը բաւականաչաբ յառաջդիմութիւն արձանագրած է (ըստ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին) բայց ծննդաբերութեան հետեւանքներով մերնող մայրերու թիւը անընդունելի է,ինչպէս նաեւ ահաւոր են տուեալները սեռային բռնաբարումներու պատերազմներու ընթացքին.Ուստի հարկէ դիմագրաւել առաւել յստակ կերպով ՝՝խտրողականութիւնը եւ անարդարութիւն՝՝մասնաւորապէս ՝՝կանխահաս ու պարտադրուած ամուսնութիւնները, այսպէս կոչուած պատուի ոճիրները, սեռային զեղծումները եւ երիտասարդ կիներու ու աղջիկներու վաճառականութիւնը՝՝։ Ուստի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը հրաւէր կ՝ուղղէ ՝՝առաւել յանձնարութեան եւ վերանորոգ վճռակամութեան ի նպաստ հաւասար իրաւունքներու,ի նպաստ հաւասար պատեհութիւններու եւ ի նպաստ զարգացումի՝ բոլորին համար՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.