2010-03-07 17:37:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Մարտ 7, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Քառասնորդացը, բարեշնորհ շրջան մըն է բոլորիս համար մեծերու թէ երիտասարդներու, ապաշխարելու եւ վերադառնալու Տիրոջ եւ միաժամանակ ներկայացնելու անոր մեր ցաւերն եւ ուրախութիւնները, յոյսերն ու տխրութիւնները եւ Իրմէ խնդրելու մեզի ընկերանալու մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին։ Ձեզ կը հրաւիրեմ վերագտնելու ընտանեկան աղօթքի իմաստը , մասնաւորապէս անոնք որ դժուարութեան մէջ են եւ բնաւ չյուսհատին ։

Մարեմեան աղօթքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ֆրանսացի ընտանիքներ եւ խնդրեց իրենցմէ ողջունելու հժկու փոթորիկներու հետեւանքով վնասուած ընտանիքները։

այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլոր ներկաներուն։

նախապէս` կիրակի առաւօտ Նորին Սրբութիււնը պատարագ մատուցեց Հռոմի ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.