2010-03-07 17:38:22

Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 7 Մարտ 2010

Դ Կիրակի Քառասնորդաց։ Տնտեսին Ղուկ 16, 1-15


Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 7 Մարտ 2010

Դ Կիրակի Քառասնորդաց։ Տնտեսին Ղուկ 16, 1-15



1 Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն Հարուստ մարդ մը տնտես մը ունէր։ Ամբաստանեցին զինք իբրեւ թէ անոր ինչքերը կը վատնէր։ 2 Կանչեց զինք եւ ըսաւ անոր Ի՞նչ կը լսեմ քու մասիդ։ Մատակարարութեանդ հաշիւները տո՛ւր եւ ասկէ ետք չես կրնար ինչքերս մատակարարել։ 3Տնտեսը ըսաւ ինքնիրեն Ի՞նչ պիտի ընեմ, քանի որ տէրս մատակարարութինը կառնէ ինձմէ աշխատի՞լ չեմ կրնար։ Մուրա՞լ կամչնամ։ 4Գիտեմ ինչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ մատակարարութենէն հեռացուիմ՝ մարդիկ իրենց տունը ընդունին զիս։ 5Մէկ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին ըսաւ Որքա՞ն կը պարտիս տիրոջս։ հարիւր տակառ ձէթ, պատասխանեց անիկա։ 6Տնտեսը ըսաւ Ահաւասիկ մուրհակդ, նստէ եւ րէ՛ անմիջապէս յիսուն։ 7Ուրիշի մը ըսաւ Դուն որքա՞ն կը պարտիս։ Հարիւր քոռ ցորեն, ըսաւ ան։ Ահաւասիկ մուրհակդ, ըսաւ տնտեսը, նստէ՛ եւ րէ՛ ութսուն։ 8Տէրը ովեց անիրաւ տնտեսը, որովհետեւ իմաստութեամբ ործած էր։ Արդարեւ,այս աշխարհի որդիները աւելի ճարպիկ են իրենց նմաններուն հանդէպ քան լոյսի որդիները։

9Յիսուս աւելցուց Ես կըսեմ ձեզի, բարեկամներ պատրաստեցէք ձեզի անիրաւութեան դրամով, որպէս զի երբ այ օրը եւ ան պակսի, բարեկամները ձեզ ընդունին յաւիտենական յարկերու տակ։ 10Ով որ քիչին մէջ հաւատարիմ է, շատին մէջ ալ հաւատարիմ է։ Ով որ քիչին մէջ անհաւատարիմ է, շատին մէջ ալ անհաւատարիմ է։ 11Եթէ դուք հաւատարիմ չեղաք անիրաւութեան դրամին հանդէպ, իսկական բարիքները ո՞վ պիտի վստահի ձեզի։ 12Եթէ օտարի ինչքերուն մէջ հաւատարիմ չեղաք, ձերը ո՞վ կը վստահի ձեզի։ 13Ոչ մէկ ծառայ կրնայ ծառայել երկու տէրերու։ Կամ պիտի ատէ մին եւ սիրէ միւսը, կամ պիտի կապուի մէկուն եւ արհամարէ միւսը։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ դրամին։

14Փարիսեցիները, որ դրամը կը սիրէին, կը լսէին այս ամէնը եւ կը հենէին զինք։ 15Յիսուս ըսաւ անոնց Դուք ձեզ որպէս արդար կը ցուցադրէք մարդոց աչքերուն, բայց Աստուած իտէ ձեր սիրտը։ Ինչ որ բարձր է մարդոց նահատանքով, պիղծ է Աստուծոյ աչքերուն առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.