2010-03-06 13:03:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութեան խօսքը Ուկանտայի եպիսկոպոսական դասին։

Տեսակցելէ ետք անհատաբար Ուկանտայի բոլոր թեմերու 26 եպիսկոպոսներու հետ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ուրբաթ օրը, ընդունեց հաւաքաբար Ուկանտայի եպիսկոպոսական դասը, որ Հռոմ կը գտնուի կանոնական հնգամեայ այցը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ խրախուսեց եպիսկոպոսները աշխատելու ճշմարիտ համամիութեան համար, եւ օգնելու հաւատացեալները որ հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ եւ զոհ չդառնան աղանդներու հոսանքին։

Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ուկանտայի Եկեղեցւոյ կատարած կրօնուսուցումին, ուխտագնացութիւններու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ անոնց տարած աշխատանքը ժողովրդապետութիւններու, ընկերակցութիւններու եւ դպրոցներու մէջ տարածելու եւ հզօրացնելու համար կաթողիկէ եկեղեցւոյ մշակոյթը երկրին մէջ։

Իր Ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց Բուտուտա շրջանի զոհերուն համար, արդարեւ հողի տեղափոխութեան հետեւանքով աւելի քան 300 հոգի մեռան շրջանին մէջ։

Յայտնենք թէ Ուկանտայի բնակչութեան 45 տոկոսը քրիստոնեայ է եւ մեծամասնութիւնը կաթողիկէ։ Մահմետականները կը հաշուեն 12 տոկոսը , կան նաեւ հոգեմաշտներ բնակչութեան 5 տոկոսը։

Յառաջիկայ ամիսներուն, Ափրիկէի այլ եպիսկոպոսական դասեր պիտի ներկայանան Սրբազան Քահանայապետին։ Այսպէս 8-13 մարտ Սուտանի եպիսկոպոսներու կարգն է։ Անոնց կը յաջորդեն. Բուրքինա ֆազոյի եպիսկոպոսները 15-22 մարտ։

Նորին Սրբութիւնը մարտ 22-27 պիտի ընդունի Սքանտինավիայաի եպիսկոպոսները։



Քառասնորդացի առաջին մտածական քահանայի դերին մասին։

Քահանայապետական տան քարոզիչը, հայր Գանդալամեսան ուրբաթ առաւօտ Սրբազան Քահանայապետին եւ անոր անմիջական գործակիցներուն իր առաջին մտածականը արտասանեց ունենալով որպէս նիւթ ''Քահանային դերը''։

Քահանան, ըսաւ Գանդալամեսան, պարտականութիւնն ունի օգնելու իր եղբայրները, ապրելու քահանայական շնորհքը։ Ան ըսաւ թէ քրիստոնէութիւնը եղած է քաշողականութեամբ ապրելու եւ ոչ թէ պարտադրաբար։ Երբ քրիստոնէութիւնը կը մերժուի, ոչ թէ որպէս մերժումը եկեղեցւոյ ու քրիստոնեաներու, ասիկա կը դառնայ շնորհքի մերժում։ Ապա Հայր Գանդալամեսան մատնանշեց քրիստոնէութեան իւրայատկութիւնը։ Մինչ բոլոր մարդկային այլ կրօնները եւ կրօնական իմաստասիրութիւնները կը սկսին ըսել մարդուն թէ ինչ պէտք է կատարէ, քրիստոնէութիւնը կը խօսի թէ Աստուած ինչ ըրաւ մարդուն։

Այս նիւթն է յառաջիկայ երկու մտածականերուն որ Քահանայապետական տան քարոզիչը պիտի կատարէ 12 եւ 26 մարտին








All the contents on this site are copyrighted ©.