2010-03-06 13:03:00

Լուրեր հայկական կեանքէն


Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը

Սարկաւագ պիտի ձեռնադրէ Եղիշէ կսրկ. Ճէնճին ։

Կիրակի 7 Մարտ 2010, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11-ին հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին Արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան Սարկաւագ պիտի ձեռնադրէ կիսասարկաւագ Եղիշէ Ճէնճին։ Հռոմահայերը եւ իտալացի բարեկամներ սիրով հրաւիրուած են մասնակցելու Ս. Զոհին ու ձեռնադրութեան արարողութեան որմէ ետք նաեւ տեղի պիտի ունենայ ՜՜Ագապ՝՝ Լեւոնեան հայ վարժարանի սրահին մէջ։



Գայիանեան քոյրերու միաբանական կեանքէն

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գայիանեան քոյրերու միաբանութիւնը, որ շուրջ երկու տասնամեակ առաջ հաստատուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, գլխաւոր նպատակ ունէր սկզբնական շրջանին ծառայել Թռչնոց Բոյնին մէջ պատսպարուած հայ մանուկներուն՝ իրենց միաբանական ուխտն ալ նոյն հաստատութեան մէջ գտնուելուն պատճառով։

Միաբանութեան ցարդ անդամագրուած ու յատուկ ձեռնադրութեամբ քող ստացած երեք քոյրեր Թռչնոց Բոյնի մարդասիրական առաքելութեան լծուած են զանազան պաշտօններով՝ վարչական, խնամատարական թէ ուսուցողական, իրենց բաժինը բերելով նուիրումով ու զոհողութեան ոգիով։ Վերջին շաբաթներուն, յատկապէս քաջալերուած Արամ Ա կաթողիկոսի 2010 տարին Հայ կնոջ տարի հռչակող ոգեւորիչ կոնդակէն, Գայիանեան միաբանութեան քոյրերը, իրենց հոգեւոր տեսչութեան հետ համախորհուրդ, որոշեցին ընդարձակել իրենց առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող այլ մարդասիրական հիմնարկներուն եւս իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցելու իմաստով։

Առ այդ, միաբանութեան անդամներէն քոյր Շնորհիկ Պոյաճեան մէկ ամսուան ժամանակաշրջանի մը համար հոգեւոր մատակարարը դարձաւ Ազունիէի ազգային բուժարանին։ Քոյր Շնորհիկ ամէն առաւօտ ու երեկոյ արարողութիւն կատարեց հաստատութենէն ներս ամբողջ փետրուար ամսուան ընթացքին եւ հոգեւոր պատգամ փոխանցեց մեր ազգի խնամքին յանձնուած պատսպարեալներուն։ Գլխաւորաբար ան կեդրոնացաւ Քրիստոսի կեանքէն քաղուած բժշկութիւններուն վրայ։ Քարոզախօսութիւնները տեղի ունեցան պատսպարեալներուն հաւաքատեղիներուն մէջ, իսկ անկողնի ծառայող հիւանդներուն պարագային, առաքինազարդ քոյրը ինք այցելեց ու աղօթքով եւ հոգեւոր խօսքով գօտեպնդեց զանոնք։

Յայտնենք, որ նոյն այս ծառայական առաքելութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ ամիսներուն եւս՝ ներառելով մարդասիրական այլ հաստատութիւններ՝ հոգեւոր խօսքի ու քաջալերանքի կարօտ հայ պատսպարեալներուն հասցնելու համար Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնն ու մեր եկեղեցւոյ շունչը։ Յատկանշական է, որ առաքինազարդ քոյրերը Հայ կնոջ տարուան առիթով նաեւ գրքոյկ մը լոյս ընծայեցին՝ Հոգեկան սնունդ Աւետարանի ու քրիստոնէական վարքի միջոցաւ խորագրով, ուր իրենց մտածումներն ու կեանքի փորձառութիւնը արձանագրած են հոգեկան արթնութիւն տալու նպատակով։



Շուտով լոյս կը տեսնէ «Կաքաւիկ»ի Բ. թիւը…

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էին Փետրուար 3-ին լոյս տեսաւ «Կաքաւիկ մանկական հանդէս»ը (Լոս Անճըլըսէն) ։ Թերթի առաջին թիւի շնորհահանդէսին, նախաձեռնողը՝

Ժիւլիէթ Դաւթեան ըսած էր. «Եթէ մինչեւ այսօր «Կաքաւիկ»ը միայն իմ անձնական նախաձեռնութիւնն էր ու մտայղացումը, հիմա այսօր նա արդէն դարձաւ մեր բոլորինը ու մենք բոլորս ենք պատասխանատու այն պահպանելու ու դեռ աւելի ընդարձակելու աշխատանքում»: Շուտով լոյս պիտի տեսնէ «Կաքաւիկ»ի երկրորդ համարը:  «Կաքաւիկ» թերթը նախատեսուած է 3-7 տարեկան մանուկներու համար ու կը հրապարակուի ամսական դրութեամբ: Գունաւոր ու նկարազարդ թերթը կը պարունակէ զբաղումներէն սկսեալ մինչեւ գիտական բացատրութիւններ ու փորձեր, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներ ու արուեստ:

Թերթի լեզուն թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ արեւմտահայերէն է, իսկ ուղղագրութիւնը՝ դասական:  Հա՛րկ է նշել, որ «Կաքաւիկ»ը իր տեսակին մէջ ըլլալով առաջինը Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին մէջ՝ լիայոյս է, որ պիտի կարողանայ լեցնել այն բացը, որ տարիներ շարունակ զգացած են հայ ծնողներն ու կրթութեան աշխարհի ծառայողները: Անցեալ մէկ ամսուան ընթացքին թերթին գլխաւոր նպատակը եղած էր համայնքին մէջ գտնուող հայկական եւ ինչու չէ նաեւ հանրային դպրոցներուն ծանօթացնել թերթին եւ անոր առաքելութեան հետ: Արդարեւ, շարք մը դպրոցներ, անդրադառնալով մանկական թերթի անհրաժեշտութեան՝ հայ մանուկին որպէս լաւ մարդ եւ ապա որպէս լաւ հայ դաստիարակելու դերին՝ ցուցաբերեցին մեծ խանդավառութիւն եւ ջերմ հովանաւորութիւն:   Թերթին ձեւաւորողն է Տիգրան Թաշճեան իսկ երաժիշտ-քանոնահար Ալլա Հայք, սիրայօժար կերպով թերթին հետ կը համագործակցի՝ իւրաքանչիւր համարին տրամադրելով մանկական իւրօրինակ երգ՝ իր երաժշտութեամբ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.