2010-03-06 13:43:23

Ակնարկ Մը Ազգային եւ Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային եւ Միջազգային Դէպքերուն։
ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆՆ ՈՒ ՔԼԻՆԹԸՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ ։
Ըստ ՝՝Ճիհան՝՝ լրատու գործակալութեան, Սպիտակ Տան բանբեր Ռոպըրթ Կիպզ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կը կարծէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացումը պիտի դիւրացնէ խնդիրներու լուծումը։ Ան նշած է, որ Ուաշինկթընի կարծիքով, Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ արձանագրութիւնները։ ՝՝Թըրքիշ Ճըռնըլ՝՝ իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարած է։ Ան ըսած է, որ չի կարծեր, թէ անհրաժեշտութիւն կայ, որ այդ բանաձեւը մտնէ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի գլխաւոր խորհուրդի օրակարգ։ Քլինթըն նշած է, որ այս հարցին հոլովոյթով հետաքրքրուած կողմերուն այդ մասին բացայայտ ըսուած է։ Սպիտակ տան բանբեր Մայք Համըր նախապէս ըսած էր, որ Քլինթըն հինգշաբթի օր դիմած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընի՝ անոր կոչ ուղղելով ընթացք չտալու օրինագիծին, ըսելով թէ այդ քուէարկութիւնը կը վնասէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման հոլովոյթին։
՝՝ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՄԵԾ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ ՄԸՆ Է՝՝ ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.ԻՆ ԿԸՍԷ ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ։
Երէկ, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ Պի. Պի. Սի. պատկերասփիւռի կայանի արաբերէն բաժինի լուրերէն։ Զրոյցի գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ նախանցեալ օր ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւը։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս բանաձեւը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հոլովոյթին վրայ, Վերա Եագուպեան նշեց, որ հայ-թրքական բանակցութիւններու գործընթացը արդէն ձախողած է, որովհետեւ Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացումը կը կապէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետ։ Եագուպեան նշեց, որ Հայաստան արդէն բազմիցս յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիա նախապայմաններ առաջադրելով ձգձգէ արձանագրութիւններուն վաւերացումը, ապա ինք պիտի յայտարարէ, թէ այս գործընթացը ձախողած է։
Քաթալոնիոյ Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը
Պարսելոնայի մէջ գործող Հայաստանի հետ բարեկամութեան միութեան անդամներու, Քաթալոնիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Մարիա Ռոսա Ֆորտունիի եւ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան իրաւական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Հոսէ Սամարտինի նախաձեռնութեամբ, Փետրուար 26ին Սպանիոյ Քաթալոնիա նահանգի խորհրդարանը միաձայնութեամբ հաստատած է բանաձեւ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին:
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպումին քննարկուեցան հայրենիք-սփիւռք կապերու ընդլայնման եւ խորացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։ Կարեւոր նկատուեցաւ Արցախի դերը համայն հայութեան համախմբման գործին մէջ։ Բակօ Սահակեան նշեց, որ Արցախի մէջ տեղ կը յատկացուի հանրապետութենէն դուրս բնակող հայրենակիցներուն հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու զարգացման եւ Արցախի զարգացման աշխատանքին մէջ զանոնք մասնակից դարձնելուն։ Նախագահը բարձր գնահատեց սփիւռքի նախարարութեան դերը աշխարհասփիւռ հայութեան հետ կապերու ամրապնդման հարցին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.