2010-03-04 13:43:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։/a>

Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի Հայոց Ցեղասպանութեան օրինագծի քննարկումէն ժամեր առաջ, իր նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Թրքական CNN turk-հեռուստակայանի փոխանցմամբ` զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային խնդիրները, սակայն յատկանշական է այն հանգամանքը, որ Կիւլ հեռաձայնած է Օպամային, Ցեղասպանութեան Օրինագծի օրակարգ բերուելէ ժամեր առաջ: Ըստ որոշ լուրերու Կիւլը՝ Օպամայի հետ զրույցի ընթացքին յոյս յայտնած որ , բարեկամ եւ դաշնակից ԱՄՆ-ը թույլ չի տայ, որպէսզի նման «անարդարութիւն» տեղի ունենայ թուրք ժողովուրդի նկատմամբ:
ԱՄՆ-ի ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԿՈՂՄԷ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ԲԱՆԱՁՒԸ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովը այսօր՝ 4-Մարտին կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի նախագիծը:Օրինագիծը մշակուած եւ Ներկայացուցիչներու տան անձնաժողովին ներկայացուած է Ատամ Շիֆի, Ճորճ Ռատանովիչի եւ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի հայկական հարցերով Յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնի եւ Մարք Քըրքի հովանավորութեամբ ։ Ներկայիս այս բանաձեւին կ՝աջակցին 135 քոնկրեսականներ՝ ինչպէս Դեմոկրատական, նոյնպէս ալ Հանրապետական Կուսակցութիւններէ ։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՅՈՅՆԵՐԸ ԹԻՒ 252 ԲԱՆԱՁՒԻ Ի ՆՊԱՍՏ ։
Ամերիկայի յունական հիմնարկը Չորեքշաբթի, Մարտ 3-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը իր ձայնը միացնելով Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքին, կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, որ վաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը, որուն մէկ օրինակը՝ թիւ 252 բանաձեւը, այսօր, Հինգշաբթի, Մարտ 4ին պիտի քննարկուի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբին մէջ:Հիմնարկը կը շեշտէ, թէ բանաձեւին վաւերացումը կը համապատասխանէ ամերիկեան շահերուն եւ համաձայն է ամերիկեան արժէքներուն, ինչպէս նաեւ վերջ մը պիտի դնէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան նեցուկ կանգնելու Ուաշինկթընի խորթ կեցուածքին:
ՀԱՅԱԶԳԻ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆ ՍՓԻՐ ԿՈՉ ԿԸՆԷ ԹԻՒ 252 ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ։ Ներկայացուցիչներու տան մէջ ելոյթ ունենալով՝ հայազգի քոնկրեսական Ճէք Սփիր ցաւ յայտնեց, որ անցեալ տարի մահացած իր մայրը՝ Նենսի Քանչելեան, ականատես չէ եղած Քոնկրեսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, հակառակ այն իրողութեան, որ «փաստերը անհերքելի են՝՝ ։ «Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ չէ. միակ հարցումը կը մնայ այն, թէ ՝՝այս դահլիճը բարոյական ու քաղաքական ողնաշար ունի՞ իրականութիւնը պաշտպանելու համար՝՝: Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը այս շաբաթ առիթը ունի վաւերացնելու թիւ 252 բանաձեւը՝ ճշմարտութեան կողքին կանքնելով», (յայտարարած է Սփիր):

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՍՏԱԳՈՅՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԿԸ ԴԻՄԷ՝ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿՐԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ։
Յունաստանի կառավարութիւնը իր խօսնակ Եորղոս Փեթալոթիսի միջոցաւ յայտարարեց, թէ տնտեսական խիստ անհրաժեշտ քայլերու պիտի դիմէ, ուր կը գերիշխեն ամսականներու եւ թոշակներու նուազումները եւ հարկերու յաւելումները։ Տնտեսական փրկութեան նպատակով յառաջացած այս միջոցներու ընդհանուր թղթածրարը պիտի ներկայացուի հելլէն խորհրդարանին, Ուրբաթ օր լիագումար նիստի ընթացքին վաւերացուելու համար։ ։ Կառավարութեան խօսնակը յայտնեց, թէ կառավարութիւնը անմիջականօրէն կը յառաջանայ Զատկուայ նուէրի ամսականներու 30% կրճատումին, ամառնային նուէրի եւ Ծննդեան նուէրներու նոյն տոկոսով կրճատման, միաժամանակ յաւելումներ կատարելով հարկային համակարգէն ներս։







All the contents on this site are copyrighted ©.