Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Թողուցէք երթամ…
Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Թողուցէք երթամ…
Հակառակ արտաքնապէս
հաստատուն որոշողութեան Արս մնալու, 1843ին Տէր Վիաննէ միշտ սրտին մէջ ունէր փափաքը
աշխարհէն քաշուելու եւ կեանքին վերջին օրերը աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ անցնելու:
Իր
օգնական վարդապետին հետ ապրելու դժուարութիւնները դարձեալ արթնցուցին այս փափաքները:
Իրեն համաձայն իր բոլոր անյաջողութիւններուն պատճառը իր անկարողութիւնն էր եւ չէր կրնար
հարկ եղածին պէս կատարել իր պաշտօնը… 1847ին կը գրէ իր եպիսկոպոսին.
-Եթէ կ’ուզես
փրկել իմ հաւատացեալներուս հոգիներ, պէտք է անպայման թողուս որ ես մեկնիմ ասկէ:
Իմանալով
որ 1850ին պիտի հրաժարի Գերպ. Տեվի, Ժան Մարի յարմար առիթ կը նկատէ իր մեկնումը հաստատել.
-Քանի
որ այնքան երջանիկ էք հրաժարելով եւ միայն ձեր հոգիով զբաղելով, կը խորհիմ որ ինծի ալ
այդ երջանկութիւնը պարգեւէք:
Բայց իբր պատասխան կ’ընդունի համբերութեան յորդորը:
Տէր Թոգանիէ՝ ժողովրդապետի նոր օգնականը, կը հասնի Արս 1853ին: Միեւնոյն ատեն
հոն կը ժամանեն թեմական առաքեալները: Ժողովուրդը եւ բարեկամները շատ կ’ուրախանան, որովհետեւ
կը խորհին թէ այսպէսով Տէր Վիաննէ ինքզինքը ուժով պիտի զգայ եւ մեկնելու պատճառ պիտի
չունենայ:
Աւա՜ղ, ճիշտ հակառակը կը պատահի: Տէր Վիաննէ տեսնելով որ իր հօտը լաւ
ձեռքերու մէջ է, ինքզինքը ազատ կը զգայ մեկնելու:
Կ’ըսէ Գաթերին Լազանի.
-Ծրագիրս
է Լիոն քաշուիլ՝ քեռայրիս մօտերը: Անկէ ետք հաստատուիլ փեր Մարիստներու մէկ տունը, ուր
իմ մէկ դասընկերը՝ Հայր Գոլէն պատրաստ է զիս ընդունելու:
Այս ուղղութեամբ նամակ
մը կը գրէ Գերպ. Շալանտոնի եւ կը յանձնէ Գաթերինի որպէսզի ամէն ինչ օրինաւոր ըլլայ:
Իրականին
մէջ ինք պայմանագրութիւն մը կնքած կը նկատէ, մինչ եպիսկոպոսը շատ հեռու է ստորագրելէ:
Չ’ուզեր որ Վիաննէ թողու իր գիւղը:
Եւ արդարեւ այդ նամակը չի մեկնիր: Գաթերին
խոհեմութեամբ կը պահէ զայն սպասելով յաջորդ դէպքերուն: Եւ հակառակ իր խոստումին չի կրնար
ինքզինքը զսպել եւ Կիրակի իրիկուն ժամը իննի մօտերը ձայն կու տայ ֆրերներուն: Անոնք կ’իմացնեն
Տէր Թոգանիէին:
Կէս գիշերի մօտերը ժողովրդապետը կ’ուզէ դուրս ելլել ու մեկնիլ,
բայց կը հանդիպի պզտիկ խումբի մը որ արգելք կ’ըլլայ: Տէր Թոգանիէ կը ջանայ համոզել զինքը,
բայց անօգուտ: Մութիւն մէջ կը սկսի քալել. միւսներն ալ իրեն կը հետեւին: Այն ատեն Տէր
Թոգանիէ ճարպիկութիւն մը կ’ընէ: Վարդապետին օգնելու պատրուակով, մէկը ձեռքէն առած է ժամագիրքը.
տէր Թոգանիէ կ’առնէ այդ աղօթագիրքը եւ ծածուկէն քահանայատուն կը ղրկէ: Յետոյ կ’ըսէ Վիաննէի
թէ չի կրնար մեկնիլ առանց իր ժամագիրքին: Խեղճ սուրբը կը խռովի եւ ընելիքը չի գիտեր:
Այդ վայրկեանին Եղբ. Աթանաս իբր ահազանգ, եկեղեցւոյ զանգը կը հնչեցնէ: Ժողովուրդը կը
վազէ: Հասկնալով խնդիրը, կը պաշարեն առաջնորդարանը: Կիները տուն կը ճամբեն, իսկ այրերը
ամուր պարիսպ մը կը կազմեն վճռած՝ չթողուլ որ մեկնի իրենց հովիւը:
Տէր Թոգանիէ
միշտ կը ջանայ համոզել զինքը: Գաթերին կը վկայէ.
-Վարդապետը ուրիշ բան չէր ըսեր
եթէ ոչ. ‘Թողուցէք որ երթամ’ եւ ինծի այնպէս կը թուէր որ կու լար:
Խորապէս յուզուած
ու խռոված այնքան աղաչանքներէն, հուսկ տեղի տուաւ եւ ըսաւ.
-Բացէ՛ք դռները. կ’ուզեմ
եկեղեցի երթալ:
Հոն ծունկի եկաւ Ս. Հաղորդութեան առջեւ եւ երկա՜ր աղօթեց: Յետոյ,
օրօրուն քայլերով ուղղուեցաւ դէպի իր սովորական խոստովանարանը…: