2010-03-02 16:34:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը



Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ մարտ 14-ին կ'այցելէ Հռոմի լուտերական եկեղեցին։

Հռոմի Լուտերական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, մամուլին հետ խօսելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի այցելութեան մասին, ըսաւ. ՜՜ ասիկա համամիութենական մեծ ազդակ մըն է՝՝։ Նորին Սրբութիւնը իր այս այցելութեամբ կ'ընդառաջէ Հռոմի լուտերական համայնքի հրաւէրին զոր 2008ին ներկայացուցած էին։ Արդարեւ նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ կիրակի ( 14 մարտ 2010-ին) յետմիջօրէին՝ այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Լուտերական եկեղեցւոյ։ Մէկ ժան եւ 15 վայրկեան տեւող այցելութեան ընթացքին Սրբազան հայրը տեսակցութիւն կ'ունենայ շուրջ 350 հաւատացեալներու հետ, որոնց մեծամասնութիւնը գերմանացի է։ Նորին Սրբութիւնը այդ առթիւ կը մասնակցի երեկոյեան ժամասացութեան։ Նախապէս մէկ շաբաթ առաջ 7 մարտին Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ս. Յովհաննէս Խաչեանի ժողովրդապետութեան։ Իսկ շաբաթ օրը, 6 մարտին, Նորին Սրբութիւնը կ'ընդունի քաղաքացիութեան պաշտպանութեան մարմնի կամաւորները։ Յայտնենք թէ Հռոմի բողոքական եկեղեցին գոյութիւն ունի 1819էն ի վեր ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ։

Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի հանդիպումը Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի կոմիտէի հետ։ Այդ հանդիպումին ըթնացքին Ալ Ազհարի կրօնապետը վճռականօրէն դատապարտեց վեց քրիստոնեաներու սպաննութիւնը։ Ալ Ազհարի այս դրքորոշումը մեծապէս գնահատուեցաւ Վատիկանի քաղաքականութեան կողմէ։ Գահիրէի հանդիպումը տեղի ունեցաւ փոխադարձ յարգանքի ու բարեկամութեան մթնոլորտի մէջ։ Ժողովականները հաստատեցին թէ քաղաքական նպատակներու համար կրօնքի շահագործումը վաւեր չէ եւ թէ փոխադարձ ներումը ու հաշտութիւնը նախապայման են հանդարտ ու համերաշխ համակեցութեան մը համար։ Յայտնենք թէ յառաջիկայ հանդիպումը կը կատարուի Հռոմ փետրուար 23-24։








All the contents on this site are copyrighted ©.