2010-03-02 13:29:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՊԱԹՈՒՄ ։
Հայաստանի նախագահը 27 փետրուարին երկօրեայ անձնական այցելութեամբ Վրաստան կը գտնուէր։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին ՝՝երկու երկիրներուն նախագահները քննարկեցին հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման եւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր՝՝։ Անդրադարձ կատարուեցաւ վերին-լարս անցակէտի բացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։ Հանդիպման աւարտին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Միխայէլ Սահակաշվիլի լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեցին։ Միխայէլ Սահակաշվիլիի ուղեկցութեամբ Սերժ Սարգսեան շրջեցաւ Պաթումի մէջ, ծանօթացաւ քաղաքին մէջ կատարուող աշխատանքներուն եւ քաղաքի զարգացման ուղղուած ներդրումային ծրագիրներուն։
Այցելութեան երկրորդ օրը Սերժ Սարգսեան այցելեց Պաթումի հայկական Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցի՝ մասնակցելու կիրակնօրեայ պատարագին, այնուհետեւ ծաղիկներ զետեղեց եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնած խաչքար-յուշակոթողին։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայաստանի նախագահը խօսեցաւ Աճարիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ
ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ 22-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԻՆՍՔԻ ,ՊՈՒՔՐԵՇԻ ՄԷՋ ԵՒ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ։
Հայաստանի արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սումկայիթի ջարդերուն 22-ամեակին առիթով նախանցեալ օր Մինսքի ռուս ուղղափառ Սուրբ Ալեքսանտր Նեւսքի եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին մօտ տեղի ունեցած է Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Պիելոռուսահայ համայնքային կառոյցներուն կազմակերպած սուգի արարողութիւնը։ Խօսք առած են Մինսքի քաղաքային հայկական մշակութային Հայաստան միութեան նախագահ Գ. Եղիազարեան եւ Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Սարգիս Զաքարեան։ Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են անմեղ զոհերու յիշատակը եւ յուշարձանին վրայ ծաղիկներ զետեղած են։
Միւս կողմէ, նախանցեալ օր Պուքրեշի հայոց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է Սումկայիթի ջարդերու զոհերու ոգեկոչման եւ յիշատակի արարողութիւն։ Ներկաներուն իրենց խօսքը ուղղած են Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Եղիշէ Սարգսեան, Եզրաս քհնյ. Պոկտան, Ռումանիոյ հայոց միութեան փոխ-նախագահ, Ռումանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Վարուժան Փամբուքճեան։ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի եւ Ռումանիոյ հայոց միութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է ծաղկեպսակի զետեղում՝ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գտնուող խաչքար-յուշարձանին վրայ։Իսկ Երեւանի մէջ 28 փետրուարին քայլարշաւ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու համար Ազրպէյճանի մէջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերուն յիշատակը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Հրայր Կարապետեան անդրադարձաւ Սումկայիթի ջարդերու պատճառներուն։
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՆՇԵՑ 1 ՄԱՐՏ 2008-Ի ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ։
Երէկ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը Երեւանի մատենադարանին առջեւ կազմակերպուած հանրահաւաքով նշեց 1 մարտ 2008-ի դէպքերուն՝ 2-րդ տարելիցը։ Քոնկրեսի ղեկավար, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան խօսք առնելով խստիւ քննադատեց 1 մարտի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնախումբին անցեալ տարի հրապարակած զեկուցումը։Յանձնախումբի միտքէն նոյնիսկ չէր անցած պարզելու, թէ ինչն էր, որ կը ստիպէր հարիւր հազարաւոր մարդոց հաւաքուելու Ազատութեան հրապարակին վրայ, եթէ ոչ ընտրութիւններուն կեղծուած ըլլալու գիտակցութիւնը(ըսաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր խօսքին մէջ)։







All the contents on this site are copyrighted ©.