2010-03-01 14:05:52

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱՄՆ ԳՈՆԿՐԵՍԻ ԱՆԴԱՄ ՀՈՎԱՐԴ ԲԵՐՄԱՆ-Ի ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ ՝՝ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԷՏՔ Է ՈՐ ՀԱՇՈՒԻ ՆՍՏԻ ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ՝՝։
ԱՄՆ Գոնկրեսի Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Հովարդ Բերմանի համոզմամբ` ՝՝Թուրքիան պէտք է հաշուի նստի սեփական անցեալին հետ՝՝։ Այս մասին (՝՝Ankara՝՝ գործակալութեան փոխանցմամբ) թուրք–ամերիկեան նախաձեռնութեան խումբի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է նոյն յանձնաժողովի փոխ-նախագահ Դեն Հարշան։ «Հովարդ Բերման, ըլլալով ՝՝ԱՄՆ-Թուրքիա՝՝ բարեկամութեան խումբի անդամ, մեծ կարևորութիւն կուտայ Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան։ Սակայն, միաժամանակ, Բերման կը կարծէ որ 100 տարի առաջ տեղի ունեցածը Թուրքիայի սխալը չէ, և Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ ազդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ։ Անոր կարծիքով` Թուրքիան, Նացիական Գերմանիոյ օրինակով, պետք է հաշուիի նստի իր սեփական պատմութեանը հետ։ Հովարդ Բերմանը Հոլոքաուստի (հրեաներու ողջակիզումը) վերապրողներէն է և այդ իրեն համար խիստ զգայուն հարց է»,- (յայտարարած է Դեն Հարշան)։ Յիշեցնենք, որ 4 մարտին ԱՄՆ Գոնկրեսի Արտաքին Յարաբերություններու Յանձնաժողի կողմէ քուէարկութեան կը դրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող թիւ 252- բանաձևը։
Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը՝ CBS-ի «60 Minutes»-էն ։
Կիրակի, Փետրուար 28ին, ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի «60 Minutes» ծրագիրէն ցուցադրուեցաւ հատուած մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, որուն մէջ յայտագիրի հաղորդավար Պապ Սայմըն եւ Ցեղասպանութեան առնչուող հատորներու հեղինակ Փիթըր Պալաքեան միասնաբար այցելեցին Տէր Զօր-ը լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութենէն վերապրողներու պատմութիւնները։
ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ 22-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՑՈՅՑԵՐԸ՝ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԵՐԼԻՆ,ՎԱՇԻՆԿԹԸՆ ԼԵՀԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱԹԷՆՔ ։
1988-ին Սումկայիթի մէջ ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայերու դէմ գործադրուած տմարդի ջարդերուն զոհերուն յիշատակին, կիրակի, 28 փետրուար 2010-ին, Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանստեան արարողութիւն, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, պատկան մարմիններու, լրատուամիջոցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու։
Իսկ 23 փետրուարին Գերմանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, ՝՝Նման բան երբեք պէտք չէ կրկնուի՝՝ կարգախօսով բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ նուիրուած 1988-ին Սումկայիթի մէջ հայերու դէմ ազրպէյճանական ջարդերու զոհերու յիշատակին։ Բողոքի ցոյցը կազմակերպուեցաւ Գերմանիոյ Հայերու կեդրոնական խորհուրդի, Պերլինի հայ համայնքի եւ Պերլինի հայ եկեղեցական ու մշակութային համայնքին կողմէ։
Գալով Վաշինկթընի ՝՝Սումկայիթի ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ՝՝, ՝՝Ազատութիւն Լեռնային Ղարաբաղին՝՝, ՝՝Ճշմարտութիւն՝ Սումկայիթի ոճրագործութեան գծով՝՝, ՝՝Սումկայիթի ոճրագործները ցայսօր անպատիժ են՝՝ գրութիւնները կրող պաստառներով Ուաշինկթընի հայ երիտասարդութիւնը ոտքի ելաւ եւ բողոքեց 22 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կազմակերպուած ոճիրին դէմ։
Ապա Լեհաստան, Սումկայիթի ջարդերուն 22-ամեակին առիթով 26 փետրուարին Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կատարեցին Վարշաւայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց։ Քաղաքի իշխանութիւնները արտօնութիւն տուած էին բողոքի քայլարշաւ կատարելու Սասքա Քեմփա դիւանագիտական թաղէն դէպի Ազրպէյճանի դեսպանատուն տանող փողոցին վրայ։
Նոյնպէս Աթէնքի մէջ,Աթէնքի կեդրոնը գտնուող Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ շաբաթ, 27 փետրուարի առաւօտեան, բազմաթիւ Եռագոյն եւ Յունական դրօշակներ բռնած իրենց ձեռքերը ցուցարարները յառաջացան Վասիլիսիս Սոֆիաս պողոտայէն հասնելով Ազրպէյճանի Դեսպանատան առջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.