2010-02-28 16:10:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան խորհրդածութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, փետրուար 28, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Քառասնորդացը, բարեշնորհ շրջան մըն է վերադառնալու Աստուծոյ եւ անոր ձայնը լսելու։ Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով նոր սերունդին ըսաւ. դուք ոչ միայն եկեղեցւոյ ապագան էք այլ եւ արդէն անոր ներկան էք։ Այս պատճառաւ կը հրաւիրեմ ձեզ, քառասնորդացի այս շրջանին սնանելու Աստուծով խօսքով կարդալով Ս. Գիրքը։ Քրիստոս ճանապարհ է, ճշմարտութիւն եւ կեանք։ Ան կ'ուզէ ըլլալ ձեր ներկան ու ձեր ապագան։ Թող տուէք որ բարեփոխէ ձեր կեանքը եւ զայն ուղղէ ։ Գիտցէք ճանչնալ անոր դիմագիծը ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմքերուն մէջ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով Աստուծոյ ժողովուրդը ընթանալու, այս քառասնորդացին ժամանակ, սուրբ Կոյս Մարիամի օրինակին վրայ, ձերբազատուելու կեանքի ինքնաբաւարարութեան ցնորքէն եւ ճանչնալու թէ ամէնքս Աստուծոյ կարիքը ունինք, կարիքը ունինք անոր գթութեան եւ այսպէսով մտնելու Արդարութեան, Սիրոյ ու խաղաղութեան Արքայութեան մէջ։

Սրբազան Քահանայապետին  Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնները։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մարտ ամսուան համար կը հրաւիրէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը աղօթել.


Անցեալ չորեքշաբթի օրը Սպանիայի կառավարութիւնը նոր օրէնք մը վաւերացուց վիժումի ի նպաստ։Սպանիայի կաթողիկէ եկեղեցին կը պատրաստուի բողոքի շարք մը պատրաստել այդ օրէնքին դէմ, որ զայն կը նակտէ ՜՜ նահանջ մը մարդու իրաւունքերուն՝՝, յայտարարած է գերապայծառ Գամինօ` քարտուղարը Սպանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։
Մարտ 25-ին, ''օրը՝ ոչ ծնած կեանքի'', սպանական եկեղեցին մտադիր է բողոքի մեծ ցոյց մը կազմակերպել վիժումի օրէնքին դէմ։ Գերապայծառ Գամինօ, յանուն Սպանիոյ եպիսկոպոսներուն, կը խնդրէ այդ օրէնքին ջնջումը, որակելով այդ նոր օրէնքը որպէս նահանջ մը կեանքի իրաւունքին եւ կ'որակէ նոր օրէնքը ՜՜ արտօնութիւն՝ մանուկներու սպաննութեան՝՝։
Յայտնենք թէ Սպանիոյ ծերակոյտը անցեալ փետրուար 24ին վաւերացուց վիժումի իրաւունքի օրէնքը, աշխատասիրուած ազգային ժողովէն։

Իրաքի մօտ առաքելական դեսպանը կոչ կ'ուղղէ միջազգային հասարակութեան քրիստոնեայ իրաքցիներու պաշտպանութեան ի խնդիր։

Իրաքի մէջ մինչ բռնարարքները կը շարունակուին երկրի քրիստոնեաներու դէմ, պարտադրելով՝ զանոնք երկրէն հեռանալ, Պաղտատի առաքելական դեսպանը` գերապայծառ ֆրանսիս Շուլիքաթ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, պաշտպանը հանդիսանալու՝ փոքրամասնութիւններուն եւ մասնաւորապէս քրիստոնեայ իրաքցիներուն։
Երկրի իշխանութիւնները յանձնախումբ մը կազմած են հետազօտութիւն կատարելու Մուսուլի մէջ, ուր վերջերս քրիստոնեաներ սպաննուած են։ Վատիկանի դիւանագէտը մատնանշեց թէ քրիստոնեաները 2000 տարիէ Իրաք կը գտնուին։ Անոնց ներկայութիւնը սպաննել, կը նշանակէ քանդել Իրաքի ազգին պատմութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.