2010-02-28 10:01:15

Հայ Ազգի Բարեկամ եւ Հայ Դատի Ջերմ Պաշտպաններէն Ժորժ Քլեմանսօ (1841-1929) .


Հայ Ազգի Բարեկամ եւ Հայ Դատի Ջերմ Պաշտպաններէն Ժորժ Քլեմանսօ (1841-1929) .

Մեծանուն ֆրանսացի Ժորժ Քլեմանսօ ամբողջ աշխարհով մէջ հռչակուեցաւ իբրեւ ՝՝Ֆրանսայի Վագրը՝՝ եւ իր զգալի դրոշմը դրաւ անցեալ դարասկիզբի եւրոպական քաղաքականութեան հունաւորման վրայ։

Քլեմանսոյի անունը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ 1890ականներու վերջերուն եւ 1900ականներու սկզբնաւորութեան, Ֆրանսայի Վագրը իր մեծակշիռ ներդրումը ունեցաւ Համիտեան հայաջինջ քաղաքականութեան մերկացման եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան պայքարին մէջ։ Ժորժ Քլեմանսօ հայանպաստ իր կեցուածքը որոշ չափով շարունակեց նաեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի տարիներուն, երբ արդէն իբրեւ Ֆրանսայի վարչապետ՝ խաղաղութեան ու հաշտութեան Վերսայլի Վեհաժողովին գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը հանդիսացաւ եւ իր կարգին նպաստեց Սեւրի հայանպաստ Դաշնագրի կազմութեան ու ստորագրութեան պատմական գործին։
Ֆրանսայի Վագրը կոչուեցաւ 1870ականներէն, երբ իբրեւ երիտասարդ խորհրդարանական՝ միապետական եւ թագաւորական կարգերու դէմ կատաղի պայքար կը մղէր զտարիւն հանրապետականի դիրքերէն։ 1871ի Փարիզեան Կոմունայի յեղաշրջական շարժման աշխոյժ մասնակիցի իր առաջին քայլերէն մինչեւ 1920ին քաղաքական ասպարէզէն իր հեռացումը, Քլեմանսօ հետեւողականօրէն բարձր պահեց հանրապետական կարգերու հաստատման դրօշը եւ շուրջ կէս դարու վրայ երկարած իր հասարակական, քաղաքական եւ պետական գործունէութեամբ՝ ամբողջապէս տէր կանգնեցաւ Ֆրանսայի Վագրը մարմնաւորելու իր կոչումին։

Ժորժ Քլեմանսօ քաղաքական-պետական իր ասպարէզը փակեց իբրեւ Ֆրանսայի գաղթատիրական շահերուն երդուեալ պահապանը, արժանանալով Յաղթանակի Հայրը տիտղոսին։ Իր կեանքին ու օրինակին առիթով, իբրեւ խտացեալ արժեւորումը Քլեմանսօ Երեւոյթին, կարժէ յղում կատարել դարձեալ աշխարհահռչակ իր այն թեւաւոր խօսքին, որուն համաձայն՝ Եթէ զաւակս քսան տարեկանին պատրաստ չըլլար կանգնելու յեղափոխութեան պատնէշներուն վրայ, պիտի ուրանայի զինք, բայց այդ ուրացումը կը յետաձգեմ անոր երեսուն տարեկանին, եթէ ան տակաւին շարունակէ մնալ նոյն այդ պատնէշներուն վրայ...
Առանձին արժեւորման արժանի է Քլեմանսոյի հայանպաստ ծաւալուն գործունէութիւնը, մանաւանդ որ Ֆրանսայի Վագրը ինք Կարմիր Գազանը որակումով խարանեց տխրահռչակ սուլթան Ապտիւլ Համիտի ճակատը՝ 1890ականներու կէսերուն, Ֆրանսական խորհրդարանի բարձրագոյն ամպիոնէն ուժգնօրէն դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ գործուած համիտեան կոտորածները եւ Հայկական Նահանգներու բարեկարգման ու ինքնավարութեան դրօշը պարզելով։ Ան մեռաւ 24 նոյեմբեր 1929ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.