2010-02-28 10:02:13

Կիրակնօրեայ Աւետարանակնա ընթերցում Կիրակի 27 Փերտուար 2010

Գ. Կիրակի Քառասնորդաց, Անառակի կիրակի – Յուկաս գլուխ 15, 11-32 համարները։


Կիրակնօրեայ Աւետարանակնա ընթերցում Կիրակի 27 Փերտուար 2010

Գ. Կիրակի Քառասնորդաց, Անառակի կիրակի – Յուկաս գլուխ 15, 11-32 համարները։



Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն



ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻԻՆ ԱՌԱԿԸ

11(Ապա) Յիսուս ըսաւ Մարդ մը երկու որդի ունէր։12Անոնցմէ կրտսերը (այսպէս) ըսաւ իր հօր Հայր, (հիմակուընէ՛) տուր ինծի իմ ժառանգութեանս այն բաժինը, որ քու ինչքերէդ ինծի կ'իյնայ։ Եւ ան՝ (երկու մասի) բաժնեց իր գոյքերը։ 13Քանի մը օր ետք, կրտսերը, (իր) բոլոր (ունեցածները) հաւաքելով, հեռաւոր երկիր մը գնաց եւ հոն՝ վատնե՛ց իր ունեցածները, որովհետեւ անառակ կեանք կ'ապրէր։ 14Երբ ամէն ինչ սպառեց, սաստիկ սով ինկաւ այդ երկիրը եւ (երբ) չքաւորութեան սկսաւ մատնուիլ,

15 գնաց, այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն միացաւ, որ զինք իր ագարակը՝ խոզեր արածելու ղրկեց։ 16(Հոն)՝ ցանկութիւնը ունեցաւ այն եղջերենի(ի պտուղ)ով լեցնելու իր ստամոքսը, որ խոզերը կ'ուտէին, բայց (այդ) ոչ ոք կու տար իրեն։ 17(Այդ վիճակի մէջ) խելքի գալով ըսաւ Քանի՜ քանի՜ վարձկաններ կան հօրս տունը, որոնք աւելիո՛վ կերակուր ունին, մինչ ես՝ հոս սովամահ կը կորսուիմ։ 18Ելլեմ, հօրս քով երթամ եւ ըսեմ իրեն Հայր, երկնքի դէմ եւ քու առջեւդ մեղանչեցի։ 19Արժանի չեմ այլեւս որդիդ կոչուելու, վարձկաններէդ մէկը ըրէ զիս։ 20Եւ ելաւ, իր հօր քով վերադարձաւ։ Բաւական հեռու էր տակաւին, երբ զինք տեսաւ հայրը, գութը շարժեցաւ, ելաւ, անոր դիմաց վազեց, անոր վիզը ինկաւ եւ համբուրեց զինք։ 21Որդին՝ ըսաւ անոր Հայր, երկնքի դէմ եւ քու առջեւդ մեղանչեցի, արժանի չեմ այլեւս որդիդ կոչուելու։ 22 Հայրը (սակայն) իր ծառաներուն ըսաւ Շուտով դո՛ւրս հանեցէք ասոր երբեմնի պատմուճանը, հացուցէ՛ք իրեն, մատին անցուցէք անոր մատանին եւ կօշիկները՝ անոր ոտքերուն։ 23 Բերէ՛ք պարարտ եզը, մորթեցէ՛ք, ուտե՛նք եւ ուրախանանք։ 24Որովհետեւ իմ այս որդիս մեռած էր եւ ողջացաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ։ Եւ սկսան ուրախութիւն ընել։ 25 Անոր երէց որդին ագարակը կը գտնուէր։ Գալու ժամանակ, երբ տունին մօտեցած էր, ու երերու եւ պարերու ձայներ լսեց՝ 26քովը կանչեց ծառաներէն մէկը եւ հարցնել սկսաւ անոր, թէ ի՞նչ էր այդ եղածը։ 27Ան՝ ըսաւ անոր Որովհետեւ եղբայրդ եկած է եւ հայրդ մորթել տուաւ պարարտ եզը, քանի որ ողջամբ վերստացած է զինք։ 28Բարկացաւ եւ չէր ուզեր ներս մտնել։ (Այդ տեսնելով) հայրը դուրս ելաւ, աղաչել սկսաւ անոր, 29(բայց) ան պատասխան տուաւ եւ ըսաւ իր հօր Այս քանի՜ տարի կ'ըլլայ արդէն, որ քեզի կը ծառայեմ եւ երբե՛ք դուրս չեմ ելած քու հրամաններէդ, բայց օր մը օրանց ո՛ւլ մը անգամ չտուիր ինծի, որ ուրախութիւն ընէի իմ բարեկամներուս հետ։ 30 Իսկ երբ քու այդ որդիդ եկաւ, որ պոռնիկներու հետ մսխեց քու ստացուածքդ, պարարտ եզն (անգամ) մորթեցիր անոր։ 31(Հայրը) ըսաւ անոր Որդեակ, դուն միշտ հետս ես արդէն եւ քեզի կը պատկանի ամէն ինչ, որ իմս է 32 բայց պէ՛տք է ուրախ ըլլայինք եւ ուրախութիւն ընէինք, որովհետեւ քու այս եղբայրդ մեռած էր եւ ողջացաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.