2010-02-27 13:12:32

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Ֆրենք Փալոն Կը Նշէ Սումկայիթի Ջարդերուն 22րդ Տարելիցը։
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ եւ Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ պաշտօնապէս նշեց Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ 1988ին 27-29 փետրուար տեղի ունեցած հայերու «ողբերգական» ջարդին 22րդ տարելիցը: Երեք օրերու վրայ երկարած վայրագութիւններուն ամփոփ, սակայն սահմրկեցուցիչ նկարագրականը կատարելէ ետք,ֆրանք Փալոն մատնանշեց այն իրողութիւնը, որ սոյն ոճիրներուն պատասխանատուները չեն հետապնդուած Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ աւելցուց, թէ ոճրագործներէն քանի մը հատը ներկայիս Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ են: «Յարձակումները սկիզբն էին ցեղային մաքրագործման աւելի ընդարձակ արշաւի մը, որուն թիրախն էր Ատրպէյճանի հայութիւնը: Արշաւը առաջնորդեց Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին, հազարաւոր անմեղ զոհեր խլեց եւ 800. 000 հայեր գաղթական դարձուց ։
՝՝ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՆԿԵՂԾ ՈՒ ԱՐԴԱՐ ՃԱՆԱՉՈՒՄ՝՝ Կ՝ԸՍԷ ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ։
Խախտելով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն յստակօրէն ընդդիմանալու ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարներու աւանդութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Հինգշաբթի, Փետրուար 25ին, Քոնկրեսի երկու յանձնախումբերու առջեւ վկայութեանց ընթացքին ուղղակիօրէն դէմ չարտայայտուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին: Բանաձեւին մասին հանրապետական Ճան Պուզմէնի հարցումին պատասխանելով՝ Քլինթըն կրկ-նեց, թէ Օպամայի կառավարութիւնը կ՛ուզէ «պատմական իրականութեանց ամբողջական, անկեղծ ու արդար ճանաչումը», սակայն աւելցուց, թէ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ քննարկումի ճամբով պիտի ըլլայ: Քլինթըն նաեւ աւելցուց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով սկսած գործընթացը պէտք չէ կապել որեւէ այլ հարցի, ու անոր առջեւ պէտք չէ նախապայմաններ դնել:
Աւելի ուշ, Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութեան ենթայանձնախումբին առջեւ Քլինթընի վկայութիւն տալու ընթացքին, Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Մարք Քըրքը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ անցեալին նեցուկ կանգնած է Ծերակոյտի մէջ շրջանառութեան դրուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն, եւ յոյս յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նեցուկ կը կանգնի նաեւ թիւ 252 բանաձեւին, որ Մարտ 4ին պիտի քննուի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒԳԱՅ ։
Թուրքիոյ պատմութեան մեջ առաջին անգամ ըլլալով Թրքական պետական ռադիոհեռուստակայանի (TRT) Անգարայի ռադիոյի բոլիֆոնիկ երգչախումբը կը կատարէ հայ երգահանի մը ստեղծագործութիւնը ։ Պոլսահայ ղեկավար Հակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ երգչախումբը կը կատարէ Կոմիտաս վարդապետի «Կալի Երգը»։ Նախապէս հայկական երգերու կատարումը արգելուած էր TRT-ի՝այսինքն թրքական պետական հեռուստա-ալիքներով և ռադիոկայաններով։ Սակայն անցեալ տարի TRT-ն որոշեց տօնել իր 40-ամեակը՝ 40 տարբեր, թէ´ թուրք, թէ´արտասահմանցի ղեկավարներու մասնակցութեամբ, որոնց հնարաւորութիւն տրուած է երգի ազատ ընտրութիւն կատարել։ Հրաւիրեալներու շարքին էր «Սուրբ Լուսավորիչ» հայկական երգչախմբի երիտասարդ խմբավար Հակոբ Մամիկոնեանը։ Այս երգչախումբը Պոլսոյ մէջ կը գործէ շուրջ 80 տարիէ ի վեր։ Երիտասարդ հայ խմբավարը մինչև վերջին պահը մտավախութիւն ունեցած է , որ TRT-ի ղեկավարութիւնը իր որոշումը փոխէ, բայց այդպես չէ եղած։ Այսպիսով, Անգարայի ռադիոյի բոլիֆոնիկ երգչախմբի՝ Կոմիտասի երգի կատարման ձայնագրութիւնները կ՝աւարտին յառաջիկայ ամիսներուն ։Անգարայի ռադիոյի բազմաձայն երգչախումբը կը պատրաստուի կատարելու «Կալի երգը» Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի հայկական Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցիին մէջ ։Անդրադառնալով թրքական երգչախմբի հետ համատեղ աշխատանքին, Հակոբ Մամիկոնեան ըսած է որ թուրք երաժիշտներուն ներկայացուած են Կոմիտասի երգի բառերու լատինատառ տարբերակը։ Անգարայի ռադիոյի բազմաձայն երգչախումբի կատարողները չէին հասկանար լեզուն, այնուամենայնիւ, անոնք մեծ ոգեւորութեամբ աշխատած են .







All the contents on this site are copyrighted ©.