2010-02-26 14:36:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան հեռագիրը Մատէյրայի ջրհեղեղի զոհերուն։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ կարտինալ Պերթոնէ յանուն Սրբազան Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Մատէյրայի թեմի առաջնորդին, յայտնելով՝ Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցութիւնը եւ աղօթքը ջրհեղեղի զոհերուն։ Յայտնենք թէ՝ Մատէյրայի բնակիչները նիւթական մեծ վնասներ կրեցին։

Այս հեռագիրով Նորին Սրբութիւնը ուզեց իր հոգատարութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնել շրջանի բոլոր զոհերուն։ Սրբազան հայրը իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ սփոփէ անոնց ընտանեկան պարագաները։



Մատակասքարի Թոամազինա եկեղեցական մարզի մէջ նոր թեմի մը հաստատումը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մատակասկարի Թոամազինա եկեղեցական մարզին մէջ մետրապելիտական նոր թեմ մը հաստատեց եւ անուանեց գերապայծառ Տեզիրէն, նոր թեմին առաջնորդը։ Յայտնենք թէ Թոամազինայի առաջնորդութիւնը ունի շուրջ 600.000 հաւատացեալ, բաժնուած՝ 18 ժողովրդապետութիւններու մէջ։ Ունի 42 Քահանաներ, 88 կրօնաւորուհիներ եւ 1.250 կրօնուսոյցներ։



Միջազգային Գարիթասի նախագահ՜ կարտինալ Օսքար Ռոտրիկէս Մարատիակայի այցելութիւնը Հայիթիի։



Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմնի նախագահը՝ կարտինալ Օսքար Ռոտրիկէս Մարատիակա, երկուշաբթի օրը հայիթի հասաւ ի նշան զօրակցութեան Հայիթիի ժողովուրդին։ Իր այս այցելութեան ընթացքին միջազգային Քարիթասի նախագահը առիթ կ'ունենայ տեսակցելու՝ եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հաղորդելու՝Սրբազան Հօր հոգատարութիւնը երկրաշարժի զոհերուն։ Յայտնենք թէ միջազգային Գարիթասը աւելի քան 198 միլիոն տոլար տրամադրած է Հայիթիի աղէտեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.