2010-02-26 14:37:45

Լուրեր հայկական կեանքէն


 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐԸ՝ ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ



Հայաստանի մէջ , քանի մը տարիէ ի վեր, հայ գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Յովհաննէս Թումանեանին ծննդեան օրը՝ 19 փետրուարը, վերածուած է գիրք նուիրելու օրուան։ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, գիրք նուիրելու տօնին այս տարի, շուրջ 150 գրողներ ուղղուեցան դէպի Հայաստանի մայրաքաղաքին ու մարզերուն մէջ գտնուող դպրոցները՝ գրադարաններուն եւ աշակերտներուն նուիրելու իրենց ստեղծագործութիւններն ու այլ գիրքեր վերածելով այսպէս, գիրք նուիրելու տօնը հանդիպումի առիթ ՜՜ գրողին, մտաւորականին եւ դպրոցականներուն, ուսուցիչներուն միջեւ՝՝։ Սոյն հանդիպումներուն դպրոց եկած էին ծնողները եւս։

Վրաստան

Քաղաքային կեանքն ու կենցաղը, թիֆլիսահայը իր այսօրուայ հոգսերով ու ուրախութիւններով նկարագրուած է թիֆլիսահայ ժամանակակից գրող, Վերնատուն միութեան անդամ Արտեմ Գրիգորենցի (Կիրակոսեան) թատերգութեան մէջ։



՜՜Ուելքամ փափա՝՝ շարժանկարը

՜՜Ուելքամ փափա՝՝ խորագիրով շարժանկարը դերասան Միքայէլ Պօղոսեանի, շարունակութիւնն է, 2006-ին Միացեալ Նահանգներ, ապա Երեւան, իսկ այնուհետեւ նաեւ Եւրոպայի մէջ ներկայացուած ՜՜Բարի գալուստ՝՝ թատերախաղին։ Թատերախաղը այդ ժամանակ մեծ արձագանգ ունեցաւ հայաշխարհին մէջ, քանի որ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ծագումով երեք հայերու հանդիպումը, անոնց ե՛ւ հակասութիւնը, ե՛ւ ընդհանրութիւնը այդ ձեւին մէջ ներկայացնելը նորութիւն էր։ Բարի գալուստը Միքայէլ Պօղոսեանի մտայղացման հիման վրայ գրած է գրող, Հայաստանի պետական մրցանակակիր Գուրգէն Խանճեան։ Ստեղծագործութիւնը կը պատմէ հայաստանցի Գալուստի, պէյրութցի Սագոյի եւ պարսկահայ Ազատի հանդիպումը՝ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանի ստուգատեսին մէջ։ Նշուած երկիրներուն մէջ ապրող երեք հայերէն իւրաքանչիւրը իրեն հետ Միացեալ Նահանգներ կը տանի իր ապրած միջավայրի, երկրի մշակոյթը, եւ աւանդութիւններու, մշակոյթներու այդ բախումին մէջ բոլորին մէջ ալ կը բացայայտուի հայկականութիւնը, որ երկարատեւ վիճաբանութենէ ետք կը հաշտեցնէ զանոնք։ Առհասարակ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու վիճաբանութեան երբեւէ ականատես եղած մէկը կրնայ շատ շուտ հասկնալ եւ ըմբռնել այն նուրբ հիւմըրը, որ կայ այս ստեղծագործութեան մէջ։

Բարի գալուստի մէջ Միքայէլ Պօղոսեան կը մարմնաւորէ երեւանցի Գալուստին կերպարը, որ Միացեալ Նահանգներ կերթայ իր որդին ամուսնացնելու։ Պարսկահայ Ազատի դերը կը կատարէ դերասան Արա Դեղտրիկեան։ Իսկ ահա լիբանանցի Սագոյի դերը ստանձնած է Ռոպերթ Յարութիւնեան։ Թատերախաղը կաւարտի այնտեղ, որ անոնք մուտք կը գործեն Միացեալ Նահանգներ, եւ ահաւասիկ Ուելքամ փափա շարժանկարը կու գայ շարունակելու նիւթը։

Գալուստ, որ Միացեալ Նահանգներ կերթայ ամուսնացնելու իր որդին, արդէն շարժանկարին մէջ կը հանդիպի ամերիկեան միջավայրին յարմարած տղուն, կը տեսնէ բաներ, որոնք խորթ են երեւանեան իր խառնուածքին... Ան կը փորձէ փոխել որդին, նոյնիսկ մատաղ ընելու փորձ կընէ... Շարժանկարին մէջ այլ հետաքրքրական ու կատակերգական զարգացումներ ալ կան, որոնք կերեւին դիտելու ընթացքին։ Միքայէլ Պօղոսեան, որ Ուելքամ փափայի ե՛ւ արտադրիչն է, ե՛ւ հեղինակը, յաջողած է նկարահանումներու համար հաւաքել Միացեալ Նահանգներ բնակող հայաստանցի դերասաններ եւ նաեւ զանոնք մասնակից դարձնել նկարահանումներուն. Տաքուկ շարժանկար մըն է։ Ժողովուրդը սիրեց զայն եւ ընդունեց։ Երեւանի մէջ մէկ ամիս ցուցադրուեցաւ եւ արձագանգները վատ չէին, Ուելքամ փափային մասին կըսէ դերասանը՝ աւելցնելով, որ անիկա ցուցադրուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ետք նախատեսուած է ցուցադրել այլ երկիրներու մէջ։

Շարժանկարը շատ խորհրդանշական աւարտ կունենայ՝ Հայաստանը ձգած դերասանները մէկ օդանաւի մէջ լեցուած կը վերադառնան Հայաստան, բայց այդ մէկը ընդամէնը՝ շարժանկարին մէջ։ Ինք՝ Միքայէլ Պօղոսեան, կը նշէ, թէ ատիկա իր փափաքներէն մէկն է, որ օտար երկիրներու մէջ ապրող հայ շնորհալի եւ տաղանդաւոր մարդիկ, որոնք լքած են Հայաստանը, վերադառնան եւ աշխատին Հայաստանի մէջ։ Ան կըսէ, որ այսօր մասնաւորապէս շարժանկարային արուեստի աշխուժութիւն կը նկատուի հայրենիքին մէջ։ Ճիշդ է, շատ շարժանկարներ իր սրտին չեն խօսիր, եւ ըսաւ, որ շատ կը մերժէ անոնցմէ շատերուն մէջ նկարահանուելու առաջարկները, բայց նաեւ աւելցուց, որ երկար ժամանակ չնկարահանուած դերասաններու կամ իրենց ուժերը նոր փորձողներու համար լաւ հնարաւորութիւններ կան։ Ինք՝ Միքայէլ Պօղոսեան, մշտական աշխատանքի վայր չունի. ազատ ստեղծագործող դերասան մըն է, եւ ըսաւ, որ ոչ թէ ինք կընտրէ դերերը, այլ դերերը կընտրեն զինք։ Ասիկա որոշակի ճամբայ անցած դերասանի աշխատելաոճ է, եւ շատերը այսօր կերազէին ունենալ այն ստեղծագործական ազատութիւնը, որ ունի Միքայէլ Պօղոսեան։ Իր մասին արուեստաբանութեան դոկտ Հենրիկ Յովհաննիսեան գրած է. Նրան փնտռում է ամէն մի թատրոն, իսկ ինքը՝ ոչ մի։ Ո՞րն է այն թատրոնը, որ կուզենար ընդունել նրան այնպիսին, ինչպիսին կայ եւ ո՞րն է այն թատրոնը, ուր ինքը կուզենար լինել՝ առանց զիջելու իր ներքին անձը։

Իսկ՝ ՜՜Սպիտակ այգի՝՝ շարժանկարը Միքայէլ Պօղոսեանի նոր մտայղացումն է, որ կը նուիրուի արցախեան շարժման 20-ամեակին։ Ղարաբաղ-սեւ այգին անոր մտապատկերներուն մէջ փոխակերպուած է ճերմակ այգիի։ Ազատագրական պայքարին գեղարուեստական շունչ մը հաղորդելու փափաք ունի Միքայէլ Պօղոսեան. անոր հերոսուհին ռուս աղջիկ մըն է, որ կեչիի տունկը ձեռքին Հայաստան կու գայ՝ փնտռելու ազգութեամբ հայ եւ արցախեան շարժման ժամանակ զոհուած իր հօր գերեզմանը՝ տունկը տնկելու համար։ Հօր ընկերներուն հետ կը փնտռեն գերեզմանը, սակայն կը պարզուի, որ անիկա մնացած է սահմանի միւս կողմը։ Աւարտը յուզիչ է, սակայն շարժանկարը տակաւին չէ նկարահանուած, եւ, ինչպէս կըսէ դերասանը, ինք մեծ յոյսեր կը կապէ այս գործին հետ, որ իր տարիներու փափաքը եղած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.