2010-02-25 14:06:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Սրբազան Հօր հոգեհանգստեան աղօթքը Մուսուլի մէջ սպաննուած քրիստոնեաներուն համար եւ Կարտինալ Քասբերի շնորհաւորագիրը Կ.Պոլսոյ պատրիարք Բարդողոմիոս Ա.ին, իր ծննդեան 70ամեակին առիթով։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայաոպետին ցաւը ի լուր Մուսուլի մէջ սպաննուած քրիստոնեաներուն

Նորին Սրբութիւնը խոր ցաւով իմացաւ անողորմ սպաննութիւնը Մուսուլի շրջանը ապրող քրիստոնեաներուն, եւ իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ բոլոր անոնց համար որոնք զոհ են հալածանքի։

Վերջերս Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարտինալ Պերթոնէ նամակ մը յղած է Իրաքի նախարարապետ Nouri Kamil Mohammed al-Maliki-ին, յոյս յայտնելով՝ երկխօսութեան ու համագործակցութեան ճամբով աշխատիլ երկրի բոլոր հասարակութիւններու բարիքին համար։

Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը Իրաքի նախարարապետին կը հաղորդէ Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը, որպէսզի վերջ դրուի անմեղներու դէմ կատարուած բռնարարքներուն, եւ կը խնդրէ կառավարութենէն որ իր բոլոր կարելին ընէ երաշխաւորելու՝ աղօթավայրերուն անվտանգութիւնը։



Կարտինալ Քասբերի շնորհաւորագիրը Կ.Պոլսոյ պատրիարք Բարդողոմիոս Ա.ին Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Քասբեր, շնորհաւորական նամակ մը յղած է, Կ.Պոլսոյ պատրիարք՝ Բարթողոմիոս Ա.ին իր 70ամեակին առթիւ։ Իր այս նամակով՝ կարտինալը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը յայտնէ գերերջանիկ Պատրիարքին, իր ծննդեան 70րդ տարեդարձին առթիւ ՜՜ Սրտանց կը միանամ ձեր գոհաբանութեան աղօթքին, բոլոր այն շնորհքներուն որ Տէրը ձեզի պարգեւեց, կը գրէ կարտինալ Քասբեր, եւ կը հայցեմ Քրիստոսէն որ իր շնորհքներով լիացնէ Ձեզ՝ լաւագոյնս շարունակելու ձեր բեղուն առաքելութիւնը։ Կարտինալ Քասբեր իր նամակին մէջ կը յիշէ Կ.Պոլսոյ պատրիարքին հետ իր ունեցած բազմաթիւ հանդիպումները Իսթանպուլ թէ Հռոմ մաղթելով (կը գրէ կարտինալը ) շուտով դարձեալ Ձեզի հանդիպիլ Աստուծոյ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Աղօթքս է որ անխոնջ շարունակէք աշխատիլ ՜՜երկու Եկեղեցիներու Մմիութեան՝՝ համար միատեղ վկայութիւն տալու՝ Քրիստոսի Աւետարանին։

Յայտնենք թէ Կ.Պոլսոյ պատրիարք Բարդողոմիոս Ա. ծնած է Իմբրօ կղզին

29 փետրուար 1940ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.