2010-02-25 14:01:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՝ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ։
Հայաստանի Հանրային խորհուրդի ամբողջական կազմաւորումէն ետք այդ խորհուրդի անդամներուն հետ ունեցած իր երկրորդ հանդիպումին ընթացքին երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ շատ շատերը կը տեսնեն այն հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին մեր հասարակութեան մէջ, սակայն հարց տեսնելը խնդիր մըն է, իսկ լուծում առաջարկելը՝ այլ խնդիր մը։ Կարեւոր կը նկատեմ, որ Հանրային խորհուրդը ոչ միայն հարցեր կը տեսնէ, այլ նաեւ լուծումներ կառաջարկէ։ Նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան երկու հարցեր՝ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութեան եւ համացանցի հասանելիութեան ծառայութիւններու սակագիներու կրճատման ու որակի բարձրացման վերաբերեալ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ տնտեսութեան նախարարները։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՈՎ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը ձայներու մեծամասնութեամբ (80 թեր, 5 դէմ, 2 ձեռնպահ) առաջին ընթերցումով ընդունեց Միջազգային համաձայնագիրներու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի առաջարկով որոշում տրուած է փաստաթուղթը 24 ժամուան ընթացքին երկրորդ ընթերցումով մը քննարկելու։
ԱՐՁԱՆԱԳՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔԸ ՉԻ ԴԱԴՐԻՐ ԿԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԳՈՐԾ ՆԱԽԱՐԱՐԸ։
Երեկ Թուրքիոյ արտգործ-նախարար Ահմեթ Տավութօղլու հանդիպած է Թուրքիոյ արդիւնաբերողներու և գործարարներու միութեան նորընտրեալ նախագահ Տիկին Իւմիթ Պոյների հետ:՝՝Anadolu՝՝ գործակալութիւնը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրները, կը տեղեկացնէ որ հանդիպման ընթացքին կողմերը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող այլ հարցերու շարքին քննարկած են նաև Թուրքիոյ ` ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը, կիպրական հիմնախնդիրը և հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առնչութեամբ կատարուած այն մեկնաբանութիւնները, թէ արձանագրային գործընթացը կանգ առած է , յայտարարած է թէ նման մեկնաբանութիւններ կ՝ըլլային նաև անցեալ տարուայ յուլիսին, սակայն օգոստոսին Արձանագրութիւնները ստորագրուեցան :
Սերժ Թանգեանի Elect the Dead համերգի ձայնագրութիւնը Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուի Մարտ 16-ին։

2009թ. Մարտին հայազգի յայտնի ռոք երգիչ, System of a Down խումբի մենակատար Սերժ Թանգեանը Օքլենդի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի հետ ներկայացուց իր Elect the Dead (Ընտրէք մեռեալները) առաջին ձայնասկաւառակը։ Համերգային ձայնագրութիւնը այժմ ֆիլմի տարբերակով կը ցուցադրուի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։ Բարսեղեան մետիա գործարանը Մարտ 16-ին՝ ժամը 19-ին Երեւանի Մոսկուա կինոթատրոնի կարմիր դահլիճին մէջ կը կազմակերպէ ֆիլմի երեւանեան առաջին ներկայացումը։ Տոմսերու գինը կը կայանայ 1000-4000 դրամի միջեւ։
Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Նիւ Եորք «Թայմզ» Հրապարակին Վրայ ։

Յաջորդական 25րդ տարին ըլլալով, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, որուն համար իբրեւ խորագիր ընտրուած է հետեւեալը. «Թուրքիան է հարցումը, իսկ Ամերիկան՝ պատասխանը»:
 Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած է Վարդանի ասպետներ եւ դուստրեր կազմակերպութեան կողմէ՝ օժանդակութեամբ շրջանի հայկական այլ կազմակերպութիւններու, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 25ին, կ.ե. ժամը 2էն 4:







All the contents on this site are copyrighted ©.