2010-02-24 13:24:53

Լուրեր հայկական կեանքէն


Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Նորվան Արք. Զաքարեանի այցելութիւնը Հոլանտայի հայոց համայնքին

Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ 19 փետրուար 2010ին տեղի ունեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան (հսկումի) ժամերգութիւն, որուն կը նախագահէր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Նորվան Արք. Զաքարեան։ Այս առթիւ ներկայ էր նաեւ Պէնէլիւքսի Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ Տ. Զատիկ վրդ.Աւետիքեանը։

Ժամերգութեան աւարտին Հոլանտայի Հայոց Հոգեւոր Հովիւը՝ Տ. Տաթեւ վրդ. Յակոբեան, իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն նշեց, թէ մեծ ուրախութիւն է համայն հոլանտահայութեան համար, վայելելու ներկայութիւնը Բարձրաշնորհ Նորվան Արքեպիսկոպոսին, եւ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին։ Ապա ատեան հրաւիրեց Սրբազանը, որպէսզի տայ իր պատգամը:

Սրբազանը նոյն ատեն հանգամանօրէն ներկայացուց Հոգշ. Տ. Զատիկ վրդ. Աւետիքեանը որպէս Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ Պէնէլիւքսի եւ ապա անդրադարձաւ Պէնէլիւքսի երկրներու հայութեան ներկայ վիճակին, շեշտը դնելով մասնաւորապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նպատակին ու ծրագրին վրայ՝ մօտակայ ժամանակներու մէջ ստեղծելու՝ Պէնէլիւքսի երկիրներուն համար թեմական կառոյց։ ապա հրաւիրեց Հայր Զատիկը տալու համար իր առաջին պատգամը հոլանտայի հայ հաւատացեալներուն: Իր քարոզին մէջ Հայր Սուրբը նշեց մեծ պահքի կարեւորութիւնը եւ ապա յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ ամբողջական ծառայութիւնը բերելու Պէնէլիւքսի երկրներու հայութեան ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:

Ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հաւաք, նախագահութեամբ Նորվան Սրբազանին, ներկայութեամբ հայր Զատիկի, հայր Տաթեւի եւ Հոլանտայի հայոց եօթ ծխական խորհուրդներու վարչականներուն։ Սրբազանը մը եւս շեշտը դրաւ թեմական կառոյցի կարեւորութեան եւ հրամայականին վրայ, յանուն Պէնէլիւքսի երկիրներու հայութեան բարգաւաճման ու գոյատեւման։

Արամ Ա կաթողիկոսի պաշտօնական այցելութիւնը Հնդկաստան

Ընդառաջելով Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Պասիլիոս Մարթոմա Տիտիմոս Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին, Արամ Ա կաթողիկոս, Երեքշաբթի, 23 փետրուար 2010-ին հնգօրեայ այց կը կատարէ Հնդկաստան։ Վեհափառը Հնդկաստան կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ զանազան շրջաններ, հանդիպումներ պիտի ունենայ հոգեւոր պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ պիտի տայ։

Արամ Ա կաթողիկոս նաեւ պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ծոցի երկիրներու թեմի հայ ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս Շարժայի, Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ գտնուող հայ համայնքներուն։ Սոյն այցելութեան ընթացքին վեհափառին պիտի ընկերանան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան եւ գաւազանակիր Մեսրոպ աբղյ Սարգիսեան։



Հայաստան- Մեր լեզուն մեր հայրենիքն է, խորագիրով ծրագիրը

Կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Մեսրոպ Մաշտոցի թաղուած վայրէն՝ Օշականէն ընթացք առաւ 15 փետրուարին Մեր լեզուն մեր հայրենիքն է, խորագիրը կրող ծրագիրը, որ շարունակուեցաւ յաջորդող օրերուն։Այս առիթով Օշական կը գտնուէին Հայաստանի եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Արագածոտնի թեմի առաջնորդական տեղապահ Մկրտիչ վրդ Պռոշեան, Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան, ուսուցիչներ, աշակերտներ՝ Երեւանէն եւ Արագածոտնի մարզէն։ Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին ծաղիկներ զետեղելէ ետք Հ Յակոբեան նշեց, որ ծրագիրը Օշականէն կը սկսի, որպէսզի մասնակիցները նախ յարգանքի տուրք մատուցեն մեծ սուրբին առջեւ։ Ան ըսաւ, որ պէտք է ամէն ինչ ընել մայրենին անաղարտ պահելու եւ զայն յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու համար։17 փետրուարին Մատենադարանին կից գտնուող հրապարակին վրայ, Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին մօտ, կայացաւ նոյն նպատակին նուիրուած հաւաք, որուն մասնակցեցան Երեւանի բազմաթիւ դպրոցներու աշակերտներ, համալսարանականներ։ Սփիւռքի նախարարը ըսաւ, որ համաշխարհայնացման այս դարուն դիւրին է ազգայինը կորսնցնել, եւ միայն մայրենի լեզուն ու անով կերտուած գրականութեամբ եւ մշակոյթով կարելի է պահպանել ազգային դիմագիծը։

Երեւանի դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը ապա Հ Յակոբեան պատուոյ գիրեր յանձնեց, մշակութային գործիչներու սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայոց լեզուի պահպանման եւ զարգացման իմաստով իրենց տարած աշխատանքին համար։

Սփիւռքի նախարարը, Գրողներու միութեան նախագահն ու Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետը մամլոյ ասուլիս մը տուին ։ Նախարար Յակոբեան նշեց, որ մարտահրաւէրները հետզհետէ կը բազմանան եւ վտանգները կաւելնան ազգային դիմագիծի ու լեզուի պահպանման իմաստով։ Այդ պատճառով 2010 տարին յայտարարուած է Մայրենիի տարի։Ան դիտել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի եւ պատմութեան համահայկական դասագիրքերու ստեղծման անհրաժեշտութենէն մեկնած՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը գարնան պիտի կազմակերպէ Արեւմտահայերէնի մակարդակը սփիւռքի մէջ համահայկական համագումարը։ Յակոբեան աւելցուց, որ Ռուսիոյ հայերու միութեան հետ համագործակցաբար պիտի կազմակերպուի Լաւագոյն հայ կրթօճախ եւ Լաւագոյն սփիւռքեան լրատուամիջոց մրցումները։ Անոր համաձայն, 25-26 ապրիլին պիտի կայանայ Հայ ինքնութեան որակներու պահպանումը խառն ամուսնութիւններու պարագային խորագիրը կրող համահայկական համագումարը։



Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան յայտնեց, որ վերջին 20 տարուան ընթացքին կրկնակի անգամ նուազած է գիրքերու տպագրութիւնը ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան այս նախաձեռնութեան համար։ Անոր համաձայն, նման քայլեր խթան կը հանդիսանան նորափթիթ սերունդը մղելու՝ գիրքին ու գրականութեան նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելու։ Անանեան յայտնեց, որ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը իր կարգին 2010 տարին յայտարարած է գիրքի եւ ընթերցանութեան տարի։

Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետը Գայիանէ Սողոմոնեան ըսաւ, որ քաղաքապետարանը եւս աշխուժ կերպով կը մասնակցի այս նախաձեռնութիւններուն, ուսուցիչներն ու մտաւորականները պարգեւատրելու աշխատանքին, սակայն միայն ուսուցիչներուն ուսերուն չէ դրուած լեզուի անաղարտ պահպանման առաքելութիւնը՝ նշելով, որ լրատուամիջոցները եւս իրենց դերակատարութիւնը ունին այս իմաստով։








All the contents on this site are copyrighted ©.