2010-02-23 14:04:37

Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ


Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ի՜նչ երջանկութիւն է Աստուած սիրելը (1853-1859)



Գերպ. Շալանտոն 1853ին Արս կու գայ եւ կը խօսակցի Տէր Վիաննէի հետ: Կը բացատրէ իրեն թէ չի կրնար հաւանիլ իր մեկնումին:

-Քեզի տուի ամէն օգնութիւն, Տէր Թոգանիէէն մինչեւ թեամական առաքեալներ, որով դուն պէտք է ընդունիս մինչեւ վերջ հոս մնալ քու հօտիդ հետ:

Տէր Յովսէփ Թոգանիէ յիսուն տարեկանի վրայ է Արս հասնելուն: Ժպտուն եւ ուրախ մարդ մըն է եւ իր զուարթութեամբ շուտով վարդագոյն մթնոլորտ մը կը ստեղծէ գիւղին մէջ: Նոր օգնականին սէրը ամէնուն հանդէպ, յարգանքը Տէր Վիաննէի անձին, եւ պատիւի հանդէպ անտարբերութիւնը, շուտով յայտնուեցաւ: Սուրբ Ընտանիքի ֆրերները, նախախնամութեան տան քոյրերը, Գաթերին Լազան եւ քահանայատան ընտանիքը եւ ամէնքը հանգիստ շունչ մը քաշեցին:

Իսկ Ժան Մարի այժմ չափազան լաւ կը զգայ: Ժպտելով կը յանդիմանէ Առաքելութեան մեծաւորը թէ.

-Դուք ինծի բան չէք ըսեր, չէք յանդիմաներ եւ սակայն ես առաջուընէ աւելի լաւ չեմ: Ես չէի գիտեր թէ ինչ է եղբայրսիրութիւնը, մինչեւ որ այս բարի անձերը շրջապատեցին զիս:



Տէր Վիաննէ կը լսէ Ս. Ծնունդի օրերուն որ Ֆրանսուա եղբայրը ծանր հիւանդ է Տարտիլիի մէջ: Յունուարի վերջերը կ’ելլէ Տէր Թոգանիէի հետ այցելութեան: Բայց ինքն ալ տկար է: Կառք նստելու անվարժ, չի կրնար դիմանալ երկար ճամբորդութեան: Ճամբու կեսին կ’ըսէ.

-Աւելի հեռու չեմ կրնար երթալ, ինքզինքս շատ վատուժ կը զգամ:

Եւ ետ կը վերադառանայ առանց եղբայրը տեսնելու: Վիաննէ չի կրնար եղբորը թաղմանն ալ երթալ եւ ասոր վրայ չափազանց կը խղճահարի ու կը ցաւի, որովհետեւ կապուած էր ընտանիքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.