2010-02-23 14:07:13

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստան։ Թեղուտ. զաւակների հացը ֆիլմի շնորհանդէսը

Փոքր թատրոնի փոքր դահլիճին մէջ Փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ Էկոդար բնապահպանական հասարակական կազմակերպութեան պատուէրով նկարահանուած Թեղուտ. զաւակների հացը ֆիլմի շնորհանդէսը։ Ֆիլմը նաեւ ցուցադրուեցաւ Արեւորդի բնապահպանական փառատօնի ծիրէն ներս եւ մրցանակի արժանացաւ։ Ֆիլմի Թատերագիրն ու բեմադրիչն է Տիգրան Պասկեւիչեան։ Այն ստեղծուած է ՜՜Բաց հասարակութեան՝՝ ինսթիթութի օժանդակութեան հիմնադրամ եւ ՜՜Հայաստան՝՝ կազմակերպութեան ֆինանսական աջակցութեամբ։ Ֆիլմը կը ներկայացնէ խումբ մը բնապահպաններու եւ հանքարդիւնահանող ընկերութեան ու կառավարութեան միջեւ ՜՜Թեղուտի անտառներու համար՝՝ մղուող՝ անհաւասար պայքարը։





Հայաստանի եւ Սփիւռքի դպրոցներու համար դասագիրքերու ստեղծման թեմայով քննարկումներ Երեւանի մէջ։

Մայիս 29-31, Գիտա-մեթոդական խորհրդաժողովի ժամանակ, պիտի կազմակերպուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի դպրոցներու համար դասագիրքերու ստեղծման թեմայով քննարկումներ, այսպէս յայտարարած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարը՝ Հրանուշ Յակոբեան։ Բառարանին մէջ ընդգրկուած է աւելի քան 55 հազար բառ։ Նախարար Յակոբեան նաեւ տեղեկացուցած է որ Ապրիլ 25-26 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով, որը նուիրուած պիտի ըլլայ խառն ամուսնութեամբ ընտանիքներուն հայապահպանութեան խնդիրներուն։

Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացք

Օգոստոս 2010



Վենետիկի Համալսարանի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 2-18։ Քննութիւնները՝ Օգոստոս 19ին։

Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ։ Դասերը տեղի կունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան։ Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է։ Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18։ Դիմումները պէտք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ, ՀԵՌԱՊԱՏՃԷՆԻ (ֆաքս) թիւ մը եւ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՓՈՍՏԻ (EM) հասցէ մը։ Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ։



ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ։



13-15 Օգոստոս թուականներուն պիտի տօնուի պատշաճ շուքով Դասընթացքին քսանհինգամեակը։

Արձանագրութեան սակն է՝ 700 եւրօ կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին։ 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց՝ որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ։ Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից)։

Կընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով։

Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐու համար հեռապատճենել +39.041.2414448 թիւին, կամ ել-գիր մը ղրկել հետեւեալ հասցէին՝ daniela@padus-araxes.com։ Ի հարկին հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 9.30-12.30, և կամ +39.347.4562981 թիւին, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20-22 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ :Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար։

Գոմոթինիի հայերը գրքի ներկայացումը Աթէնքի մէջ (Յունաստան)

Արարատ մարզական եւ մշակութային միութեան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան միատեղ գործակցութեամբ՝ Փալէօ Ֆալիրոյի Քորալ պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ, տեղի ունեցաւ ՜՜Գոմոթինիի հայերը՝՝ վերտառութեամբ գրքի ներկայացումը, այլ խօսքով շնորհահանդէսը աթենահայ հասարակութեան։

Ձեռնարկին ներկայ էին Թեսաղոնիկէի, այլեւ Արեւելեան Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ քաղաքներու մէջ ծնած, մեծցած ու ապա պայմաններու բերումով Աթէնք եւ շրջանները հաստատուած մեծաթիւ հայեր եւ մշակութասէր եւ գրասէր հասարակութիւն մը։

Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Ռոտոփի-Էվրոս նահանգապետարանի ինքնակառավարման եւ Արեւելեան Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ գրասենեակները եւ Գոմոթինիի հայ համայնքը։

Երեկոյի բացումը կատարեց Համբիկ Յովսէփեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ի մասնաւորի Ռոտոփի-Էվրոս նահանգի նահանգապետին, պարզելով ձեռնարկի շարժառիթը եւ ապա հրաւիրեց Էվրոսի նահանգապետը՝ Արիս Եանաքիտիս, որ ողջունեց ձեռնարկը եւ գնահատեց տարուած աշխատանքը։ Ապա փրոֆ Եորղոս Մինոփուլոս խօսեցաւ գրքի ընդհանուր բովանդակութեան մասին, մանրամասնօրէն անդրադառնալով անոր պատրաստութեան եւ հրատարակչական աշխատանքներուն։

Դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ նաեւ Տիմոքրիթիօ համալսարանի դասախօս՝ Գոնստանտինոս Խածոփուլոս, նշելով նման յոյժ կարեւոր գործի մը հրապարակումը հաւաքականութիւններու կեանքէն ներս, որը հարուստ ատաղձ կրնայ մատակարարել յառաջիկային այլ հրատարակութիւններու համար եւ թուեց գրքի խմբագրման առիթով աղբիւրներ հաւաքելու դժուարութիւնները։

Գրքի հրատարակչական աշխատանքներուն անդրադարձաւ բանասէր-հրատարակիչ տիկ. Ճէնի Քացարի-Վաֆիատի, որ գործին հմուտ ըլլալով, երկար ուսումնասիրութեամբ մը ծանրացաւ նման լուրջ եւ ժամանակ պահանջող հրատարակութեան մը մանրամասնութիւններուն եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային գուցէ կարելիութիւնը ստեղծուի միւս քաղաքներու հայութիւնը ներկայացնող այլ հրատարակութիւններ եւս առանձին հատորներով հրատարակելու։

Ապա Գոմոթինիի Մշակութային միութեան ատենապետուհի մանկավարժ տիկին Ճէնի Գասապեան, խօսեցաւ գրքին տուն տուող պատճառներուն եւ նման հրատարակութեան մը հրամայական անհրաժեշտութեան մասին, կորուստէ փրկելու համար գաղութի մը կեանքի պատմութիւնը, որը երկար տարիներ խլած էր նախաձեռնողներէն։

Գլխաւոր բանախօսներէն ետք, գրաւոր իր մտածումներն ու թելադրանքները ներկաներու սեփականութիւնը դարձուց գիրքը հայերէնի թարգմանող՝ Յակոբ Ճէլալեան։ Ձեռնարկի փակումէն առաջ, յանուն Յունաստանի Հ Հանրապետութեան դեսպանատան, հայերէնով՝ իր խօսքը փոխանցեց դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Գրիգորեան, ողջունելով ձեռնարկը եւ նախաձեռնութեան հեղինակները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Նշենք թէ երեքլեզուեան սոյն հատորը կը բովանդակէ 546 էջ. անոր պատրաստութեան համար իրենց սիրայօժար ներդրումը կատարած են հայ եւ յոյն մտաւորականներ։

Շնորհահանդէսի վերջին բաժինը եղաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը որուն ընթացքին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ մօտենալու գրքերուն եւ գնումներ կատարելու եւ միաժամանակ շնորհաւորելու գործին հեղինակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.