2010-02-22 13:40:03

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ 22-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ Ի ԶՈՒՐ ԵՆ ԵՒ ԱՆՏԵՂԻ
ԿԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ։
Արցախի Վերածնունդի օրուան առիթով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շաբաթ օր հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի բոլոր նստաշրջաններու պատգամաւորներուն հետ եւ արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Ան նշեց, որ 20 փետրուար 1988 թուականը դարձաւ ազգային վերազարթօնքի սկիզբը։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐԸ ՉԷ ՔՆՆԱՐԿԱԾ։
19 փետրուարին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին սակայն որեւէ անդրադարձ չէ եղած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, թէ քննարկման օրակարգին վրայ են նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները։ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերջին անգամ անդրադարձած էր 20 հոկտեմբեր 2009-ին։ Միւս կողմէ պէտք է ընդգծել որ այս վերջին շաբաթներուն (ինչպէս 17 փետրուարին) Թուրքիոյ մէջ կ՝ապրուի լուրջ լարուածութիւն՝կառավարութեան,բանակի եւ սահմանադրական ատեանի միջեւ։

ԵԹԷ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՁԱԽՈՂԻ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՊԻՏԻ ՔՈՒԷԱՐԿԷ ՅՕԳՈՒՏ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ (ԿԸ ԳՐԷ ՏԻ ԷՔՈՆՈՄԻՍԹ) ։
Բրիտանական ՝՝Տի Էքոնոմիսթ՝՝ պարբերաթերթը կը գրէ որ երբ 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ձգտող արձանագրութիւնները, տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, որ Թուրքիա յաջողութեամբ կեանքի կը կոչէ իր ՝՝ոչ մէկ խնդիր դրացիներու հետ՝՝ ծրագիրը։ Վաղեմի թշնամիները որոշեցին բանալ սահմանները, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ յաղթահարել անցեալի մնացեալ հարցերը ։ Սակայն հին թշնամութիւնը դիւրին չի յաղթահարուիր։ Փաստաթուղթերու ստորագրումէն ընդամէնը մէկ օր ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ երկկողմ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը պիտի չիրականացուի, այնքան ատեն որ տակաւին Հայաստան իր զօրքերը դուրս չէ բերած Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն(կը գրէ բրիտանական պարբերաթերթը)աւելցնելով որ Թուրքիան զայրոյթի նոր նիւթ ունի՝ արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը, ըստ որուն Հայաստան պիտի չհրաժարի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն։ Վախ ապրելով՝ Թուրքիա Սահմանադրական դատարանէն պահանջեց փոխել ձեւակերպումները։ Շատերը նկատել կու տան, որ թուրք ազգայնականներուն եւ զայրացած Ազրպէյճանի ճնշման տակ թրքական իշխանութիւնները պատրաստակամութեամբ գործընթացը արգելակելու կարելիութեան կառչեցան։ Սակայն Թուրքիան մնաց մինակ։ Անոր գլխաւոր ռազմավարական դաշնակիցը՝ Ուաշինկթըն, այդ հարցին մէջ կ՝աջակցի Հայաստանին, իսկ Ռուսիա կը պնդէ, թէ այդ գործընթացը պիտի չկապուի ղարաբաղեան հիմնախնդիրին հետ(կը նշէ պարբերաթերթը) եւ կ՝ընդգծէ, Ուաշինկթըն ուշադիր կը հետեւի գործընթացին։ Եւ եթէ անիկա ձախողի, ապա Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը կրնայ քուէարկել յօգուտ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին, ինչ որ իր կարգին հարցեր կրնայ յարուցել Թուրքիոյ մէջ, որուն իշխանութիւնները ստիպուած կըլլան պատասխանել Միացեալ Նահանգներուն, օրինակ՝ պահանջելով հեռանալ Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմակայանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.