2010-02-22 13:32:52

 
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒ ԺԶ-ի ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՀՐԵՇՏԱԿ ՏԵԱՌՆ ՄԱՐԵՄԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ։


 
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒ ԺԶ-ի ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՀՐԵՇՏԱԿ ՏԵԱՌՆ ՄԱՐԵՄԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ։

Այսօր երկուշաբթի 22 փետրուար, իսկ երէկ կիրակի, յետ միջօրէին, իտալիոյ ժամով ժամը վեցին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ սկիզբ առաւ Քահանայապետական Տան հոգեւոր կրթութիւնը որ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ 27 փետրուար շաբաթ օրը։ Հոգեւոր կրթութեան ներկայ շաբթուայ ընթացքին կը դադրին քահանայապետին բոլոր ունկնդրութիւնները ներառեալ 24 փետրուար-ի չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Քահանայապետական Տան այս տարուայ քարոզիչն է հայր Էնրիքօ Տալ Քովոլօ որու քարոզներու թէման է ՝՝Քահանայական կոչումներու մասին՝ Եկեղեցւոյ ու Աստուծոյ ՝՝դասերը՝՝։ Միշտ երէկ կիրակի, կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանած իր խօսքը դարցեալ կեդրոնացուց Քառասնորդացի վրայ որ Լատին եկեղեցւոյ մէջ անցեալ չորեքշաբթի օրը ՝՝Օր Մոխրոցով՝՝ սկիզբ առաւ։՝՝ Հոգեւոր վերանորոգումի այս շրջանը ( ՙըսաւ Նորին Սրբութիւնը) մեզ կը պատրաստէ Զատկուայ տօնին՝՝ . Սրբազան հայրը ապա մէջբերաւ Ղուկասի աւետարանը խօսելով Յիսուսի փորձութիւններու մասին ,արդարեւ Յիսուս մկրտուելէ ետք Յովհաննէսէն, լեցուած Սուրբ Հոգիով դարձաւ Յորդանան եւ Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուեցաւ անապատ,քառասուն օրեր փորձուելով սատանայէն։ Բացայայտ է (յարեց Նորին Սրբութիւնը )որ Յիսուսի ենթարկուած փորձութիւնները պատահական չէին այլ ընտրութիւնը Յիսուսի հետեւելու իր Հօրը իրեն յանձնած առաքելութեան։ Մենք ալ այս քառասուն օրերու տեւողութեան նման Յիսուսի՝ աղօթքով,ծոմապահութեամբ , ապաշխարութեամբ եւ յատկապէս ունկնդրելով ձայնը Աստուծոյ պէտք է որ յաղթենք Չարի փորձութիւններուն եւ գտնենք մեր գոյութեան, մեր էութեան ճշմարտութիւնը։ Այս շրջանը պէտք է առիթ ըլլայ մեզի մեր ներքին եւ հոգեկան աշխարհի փոփոխութեան , լրջօրէն զբաղելով հոգեւոր ապրումներու խնամքովը։ Այսիքն այս քառասուն օրերուն փորձենք անջատուիլ պահ մը երկրէն,մարմնէն եւ առօրեայէն յարելով մեր աչքերը դէպքի երկինք, դէպի Աստուած եւ դէպի յաւիտենական արժէքներ։ Իր խօսքի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հինգ տարբեր լեզուներով ողջունեց Սուըբ Պետրոսի հրապարակը լեցնող տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու խումբերը, իտալերէնով եզրափակելով ապա կիրակնօրեայ իր աւանդական հանդիպումը հաւատացեալներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.