2010-02-21 13:31:35

Կիրակնօրեայ Աւետարանի ընթերցում


Բ .Կիրակի Քառասնորդաց, Ադամի արտաքսումը դրախտէն

Ընթերցում U. Մատթէոսի Աւետարանէն



ՕՐԷՆՔԻ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այնպէս մի՛ կարծէք, թէ եկած եմ՝ Օրէնքը կամ մարգ արէները ջնջելու.

ջնջելու չեմ եկած ես, այլ լրացնելու ։ Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, մինչեւ որ չանցնի երկինքն ու երկիրը, յովտ մըն անգամ, որ նշանախեց մըն է, պիտի չանցնի Օրէնքէն կամ մարգ արէներէն, մինչեւ որ ամէն բան կատարուի, ով որ նոյն իսկ փոքրի՛կ բան մը ջնջելու ըլլայ այս պատուիրաններէն եւ այնպէս սորվեցնելու ըլլայ մարդկան, ինքն ալ փոքր պիտի կոչուի երկնքի արքայութեան մէջ։ Իսկ ան, որ կը կատարէ՛ ատոնք եւ այնպէս կը սորվեցնէ, ի՛նքն ալ մեծ պիտի կոչուի երկնքի արքայութեան մէջ։

Բայց ձեզի կ'ըսեմ, եթէ աւելի չըլլա՛յ ձեր արդարութիւնը՝ դպիրներու եւ փարիսեցիներու (արդարութենէն)՝ դո՛ւք ալ չէք մտներ երկնքի արքայութիւնը։ Լսած էք (անշուշտ), ինչ որ նախնիներուն ըսուած է Մի՛ սպաններ , որովհետեւ դատի՛ պարտական պիտի ըլլայ սպաննողը։ Սակայն ե՛ս կ'ըսեմ ձեզի, որ ամէն ոք, որ (ամէն ոչինչ բանի համար) իր եղբօր վրայ կը բարկանայ, ինքն ալ դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Եթէ մէկը՝ յիմար ըսէ իր եղբօր, ատեանի պարտաւոր պիտի ըլլայ եւ եթէ մէկը անաստուած ըսէ իր եղբօր՝ գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Երբ իբրեւ զոհ, սեղանի վրայ կը դնես քու նուէրդ եւ (այդ միջոցին) հոն յիշես, որ եղբայրդ անհասկացողութիւն մը ունի քեզի հետ,սեղանին առջեւ ձգէ նուէրդ, գնա՛, հաշտուէ՛ նախ եղբօրդ հետ եւ անկէ ե՛տք միայն եկուր եւ նուիրէ քու ընծադ։

Կանխաւ համաձայնութեան եկուր թշնամիիդ հետ, մինչ (տակաւին դատարանի) ճամբուն վրայ կը գտնուիս անոր հետ, որովհետեւ շատ հնարաւոր է, որ ոսոխդ՝ դատաւորի յանձնէ քեզ, դատաւորը՝ դահիճի եւ բանտ նետուիս։

Ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի, պիտի չելլես անկէ, մինչեւ որ չհատուցանե՛ս վերջին նաքարակիտը ։

Լսած էք (անշուշտ), որ ըսուած է, թէ Մի՛ շնար ։

Սակայն ե՛ս կ'ըսեմ ձեզի, թէ Ամէն մարդ, որ կին մարդու կը նայի՝ անոր ցանկանալով, իր սրտի՛ն մէջ արդէն շնացած է անոր հետ։

Եթէ աջ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, պոկէ՛, հանէ՛ զայն եւ անդի՛ն նետէ քեզմէ, որովհետեւ աւելի լաւ է քեզի համար, եթէ անդամներէդ մէկը կորսուի եւ ամբողջ մարմինդ գեհեն չնետուի։

Եթէ աջ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ այդ եւ անդի՛ն նետէ քեզմէ, որովհետեւ աւելի լաւ է քեզի համար, եթէ անդամներէդ մի՛ն կորսուի եւ ամբո՛ղջ մարմինդ գեհեն չնետուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.