2010-02-19 13:13:35

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՄԷՋ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան երէկ ՝՝Տուփլեքս՝՝ ակումբին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը 19 փետրուարին Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու նախնական քննարկում մը պիտի կատարէ՝ յատուկ ընթացակարգ որոշելու նպատակով։ Յանձնախումբը պիտի դիմէ Ազգային ժողովի նախագահին, որպէսզի հարցին քննարկումը խորհրդարանին մէջ տեղի ունենայ միայն յանձնախումբին եզրակացութենէն ետք ։

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՁԵՌՆՏՈՒ Է ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Կ՝ԸՍԷ ՄԱՐԻ ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ ։
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ ելոյթ ունենալով ռուս-հայկական (սլաւոնական) համալսարանի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան եւ Թուրքիա պէտք է յառաջ ընթանան միաժամանակ՝ իրենց անցեալը չմոռնալով։ Ըստ անոր, հայ-թրքական սահմանի բացումը ձեռնտու է երկու կողմերուն՝ Թուրքիոյ, մասնաւորաբար՝ առեւտուրի զարգացման առումով, իսկ Հայաստանին՝ լիակատար մեկուսացումէն դուրս գալու համար։ Դեսպանը խուսափած է ուղիղ պատասխանելէ այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը պիտի ընդունի՞ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը՝ նշելով, որ կարելի չէ նախատեսել յանձնախումբի նիստին արդիւնքը։ Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի մէջ 2 տարի ապրելով կը հասկնայ հայ ժողովուրդին ցաւը։

Ողիմպիական մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի մարզիկները հանդիպում ունեցան Գանատայի հայկական համայնքին հետ։

Վանգուվըրի 21-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի խումբը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Գանատահայ մեր հայրենակիցները ողջունեցին Հայաստանի մարզիկներու ներկայութիւնը եւ յաջողութիւններ մաղթեցին իրենց։ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը կը բնակի Վանգուվըրէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ուիսլեր քաղաքը, ուր հաստատուած են խաղերու դահուկային ու լեռնադահուկային մարզաձեւի մասնակիցները, Խրուաթիոյ, Հարաւային Քորէայի, Մոլտովայի եւ Վրաստանի խումբերուն հետ միասին։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆՏԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ 74 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՎԱՐԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ։
Հայաստանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի առաքելութեան ղեկավար Մարք Լուիս յայտնած է, որ միջազգային դրամական ֆոնտը այս տարուան մարտին պիտի քննարկէ Հայաստանին 74 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելու հարցը։ Ան նշած է, որ ընդհանուր առումով, Հայաստան պիտի ստանայ մօտ 800 միլիոն տոլարի վարկ, որուն կէսը արդէն ստացած է, իսկ միւս կէսը պիտի ստանայ մինչեւ 2011։ Ինչ կը վերաբերի միջազային տնտեսական տանապին, ապա հիմնադրամի մասնաէտները վստահ են, որ անոր երկրորդ ալիքը աշխարհին, մասնաւորապէս՝ Հայաստանին չի սպառնար։ Անդրադառնալով հայ - թրքական սահմանի բացման՝ հայաստանեան առաքելութեան ղեկավարը նշած է ՝՝Եթէ սահմանը բացուի՝ ատոր առաջին ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ փոխադրական ծախսերուն նուազումը, որուն շնորհիւ Հայաստանի բնակչութեան ծախսերը պիտի նուազին։ Պիտի աժաննան ներմուծուող՝ լայն սպառումի ապրանքները, ինչ որ պիտի յանգեցնէ կենսամակարդակի բարելաւումին՝՝։ Սակայն, ըստ անոր, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է կարենայ դէմ դնել նոր ստեղծուած մրցակցային պայմաններուն։

ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ։

Թրքական ՝՝ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ՝՝ օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ գործադիր իշխանութեան եւ սահմանադրական արդարադատութեան մարմիններու՝ Դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն վարչութեան եւ Գերագոյն վերադատ ատեանին միջեւ պատմութեան մէջ ամէնէն սուր տագնապը ծագած է։ Անգարայի մէջ լարուածութիւնը բարձրացած է, երբ Էրզրումի յատուկ դատախազ Օսման Շանալ Էրկենեքոնի հարցի հետաքննութեան ծիրին մէջ Երզնկայի աւագ դատախազ Իլհան Ճիհաները հարցաքննած ու ձերբակալած է, ապա Դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն վարչութիւնը որոշած է Շանալն ու Էրզրումի մէջ այլ դատաւորներ զրկել իրենց յատուկ իշխանութենէն։ Մինչ դատախազներ շարունակած են քննարկել որոշումը, Գերագոյն վերադատ ատեանը յայտնած է, որ դատարանի անդամները միաձայնութեամբ Դատաւորներու եւ դատախազներուն գերագոյն խորհուրդին որոշումը ճիշդ էր՝ աւելցնելով, որ անոնք որոշումին պատշաճ գործադրութեան պիտի հսկեն։

Իսկ ՝՝ԶԱՄԱՆ՝՝ օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի նստաշրջանին տեւողութեան շուրջ բուռն բանավէճ տեղի կունենայ։ Քննարկումները կը կատարուին այն հարցին շուրջ, թէ Կիւլի նախագահական նստաշրջանը 5 տարի՞, թէ՞ 7 տարի պէտք է ըլլայ։ Ըստ ընդդիմութեան, Կիւլ կրնայ միայն 5 տարիով նախագահի պաշտօնին վրայ մնալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.