2010-02-18 13:51:36

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստան կը մասնակցի Գերմանիոյ Միջազգային կանաչ շաբաթ ցուցահանդէսին։

Պերլինի մէջ 75-րդ Միջազգային կանաչ շաբաթ գիւղատնտեսական հեղինակաւոր ցուցահանդէսին երրորդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստան։ 70 երկիրներու 1600 կազմակերպութիւններու կողքին, Հայաստան կը ներկայանայ Երեւանի Արարատ Քոնեակի, գինիի եւ օղիի գործարանի, Թամար Տատիկ արտադրութիւններով։ 1926-էն ի վեր տեղի ունեցող այս ձեռնարկին կը նախատեսուի, որ հիւրընկալուի 30 միլիոներորդ այցելուն։

Ձեռնարկին մասնակիցները Պերլինի մէջ կը ցուցադրեն իրենց արտադրութիւններն ու խորհարարական արուեստը կը քննարկեն միջտնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները եւ գործնական կապեր կը հաստատեն իրարու հետ։

Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կարելի է ընկերային յարաբերութեանց նուիրուած ամերիկեան հռչակաւոր «Facebook» ցանցին հայերէն տարբերակը օգտագործել:

 Արեւելահայերէն տարբերակը կը գործածուի Հայաստանի մէջ, սակայն կը նախատեսուի, որ սպասարկութեան արեւմտահայերէն տարբերակը եւս տրամադրելի ըլլայ մօտիկ ապագային:  Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, խումբ մը թարգմանական կամաւոր աշխատանքի նախաձեռնած էր անցեալ Հոկտեմբերին, իսկ հայ ու օտար մտաւորականներու միջեւ կապեր հաստատելու նպատակով գործող «ARMACAD» միութիւնը ստանձնած էր կազմակերպչական աշխատանքները:

Եւրոտեսիլ 2010-ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Եւա Ռիվաս

Երեւանի մէջ 14 փետրուարին տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին ժողովուրդն ու դատական կազմի անդամներ ընտրեցին Եւա Ռիվասի Ծիրանի կորիզ երգը, որով ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոտեսիլ-2010ի մրցումին։ Ուղղակի սփռուող մրցումին իրենց նախընտրած երգն ու երգիչը ընտրելու կարելիութիւն ունէին՝ բջիջային նամակի ճամբով։ Եւա Ռիվաս ստացաւ յայտագիրին հետեւողներուն քուէներուն մեծամասնութիւնը, նաեւ՝ դատական կազմին բարձր գնահատականը։ Թեկնածուներուն կարգին էին Էմին եւ Միհրանը, Դաւիթ Աշոտեանը, Մարիա Գիզիրեանը, Ռազմիկ Ամեանը, Անի Արզումանեանը, Մելինէ Բեկլարեանը, Նիք Էգիբեանը եւ Էնատըր սթորի ռոք պենտը։ Ծիրանի կորիզին բառերուն հեղինակն է Կարէն Կաւալերեան, երաժշտութիւնը մշակած է Արմէն Մարտիրոսեան, գործիքաւորումը կատարած է Արա Թորոսեան։ Եւրոտեսիլ-2010 մրցումը տեղի պիտի ունենայ մայիս 27-ին, Օսլոյի մէջ։

Հայոց ցեղասպանութիւն գիրքը թրքերէնով

Հայոց ցեղասպանութիւն գիրքը որուն հեղինակն է փրոֆ Նիքոլա Յովհաննէսեան 10 լեզուներով լոյս տեսած է. անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, պարսկերէն, ճափոներէն եւ այլ լեզուներով, ինչպէս նաեւ՝ թրքերէնով։

Հեղինակին առաջին աշխատութիւնը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, լոյս տեսած է 1965-ին։ Այդ ժամանակամիջոցին ան աշխատած է նաեւ այլ հարցերու վրայ, որոնք կապ ունին Մերձաւոր Արեւելքի, արաբական աշխարհի, Ղարաբաղի հետ։ Յայտնենք, որ այս հարցը հեղինակին համար նաեւ անձնական ցաւ է, որովհետեւ իր մայրը բախտով փրկուած է ջարդէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.