2010-02-18 13:27:17

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ։
Չորեքշաբթի, 17 փետրուար 2010-ի առաւօտուն, Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան այցելեց Անթիլիասի մայրավանք։ Հիւպատոսը իր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝
հիւպատոսարանի բացման պաշտօնական հանդիսութեան առիթով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի միջոցով անոր հաղորդած շնորհաւորութիւններուն համար։ Պատուոյ հիւպատոսին կ՝ընկերանար իր եղբայրը՝ Յարութ Վարդանեան, որ Տէր Զօրի Նահատակաց Մատրան թաղականութեան ատենապետն է, ինչպէս նաեւ անդամ՝ Վեհափառին կողմէ նշանակուած Տէր Զօրի Յուշահամալիրի Կեդրոնական յանձնախումբին։ Ըսենք , որ անցեալ շաբաթ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ Հիւպատոսութեան, որուն յանուն Վեհափառին մասնակից դարձած էր Բերիոյ թեմի առաջնորդ Սրբազանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Սուրիոյ զանազան շրջաններէն պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ։

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ԱՌԱՆՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ (ԿԸՍԷ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ)։
Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ապագան Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալն է եւ բանակցութիւններու հիմնական նիւթը բռնագրաւուած տարածքներու եւ գաղթականներու վերադարձի հարցն է, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Քանաթ Սաուտապայեւը ճամբելու ընթացքին լրագրողներուն ըսած է, որ անկարելի է յառաջընթաց արձանագրել բանակցութիւններուն մէջ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան։
Ըստ Էդուարդ Նալբանդեանի, հիմնախնդիրի լուծումը պիտի տայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը։ Այդ մասին յստակօրէն կը նշուի նաեւ Մատրիտեան փաստաթուղթերուն որոշ կէտերուն մէջ, որոնք հրապարակուեցան Ակվիլի մէջ՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն յայտարարութենէն ետք։ Եթէ Ազրպէյճան դէմ է այդ հիմնարար մօտեցման, ուրեմն՝ կը խոչընդոտէ լուծման գործընթացքը(ըսած է ան)։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀՅԴ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։

Երէկ, Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն հանդիպումը ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման մասնակցեցան Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Լաթվիոյ, Յունաստանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններն ու Լեհաստանի հաւատարմատարը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան աշխատակիցները։ Հանդիպումը վարեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռաուլ Տէ Լուցենպերկըր։ Դեսպանները կ՝ուզէին տեղեկանալ ՀՅԴ-ի տեսակէտներուն Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին եւ ապագայ հեռանկարներուն մասին։

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՆԱԽԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԼԷՈՆ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ-Ի ՄԱՀԸ -։

Հայկական ծագումով ֆրանսացի առաջին երեսփոխան Լէոն Յովնանեան մահացաւ։ Անոր յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի այսօր՝` Փարիզի Հայ Առաքելական Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ։ Տոքթ.Յովնանեան 1959-1977 տարիներուն վարած է Սեն-Կրեթենի քաղաքապետի պաշտօնը, 1967-1979-ին ան Վալ տՈւազի ընդհանուր խորհրդատուն էր եւ թմրեցուցիչներու շուրջ տեղեկութեանց ազգային յանձնախումբի հինմադիր նախագահը։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՆՏ 33 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ։
՝՝Նոյեան Տապան՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ հայկական ֆոնտը 2009 թուականին իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն Հայաստանին նուիրած է 33 միլիոն տոլար՝ հիմնականի մէջ դեղորայք եւ բժշկական սարքաւորումներ։
Միացեալ հայկական ֆոնտը իր տարեկան եկամուտին 99 առ հարիւրը յատկացուցած է Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին, իսկ գործունէութեան 20 տարիներուն ընթացքին ֆոնտը Հայաստանին տրամադրած է 572 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն։
Միացեալ հայկական ֆոնտը ստեղծուած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ամերիկայի Հայկական Միսիոնարական ընկերութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Լինսի Հիմնադրամի ջանքերով։







All the contents on this site are copyrighted ©.