2010-02-17 13:21:05

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ.ի ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՆԿՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ։


ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ.ի ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՆԿՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ։

Պենետիկտոս ԺԶ.րորդ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պողոս Զ.ի անուան մեծ սրահին մէջ,իտալիոյ ժամով՝ժամը 10.30ին։ Սրբազան Հայրը այսօր իր ճառը կեդրոնացուց Քառասնորդացի կամ Մեծ Պահոց շրջանին վրայ,քանի այսօր ըստ Լատինաց ՝՝Օր Մոխրոց՝՝ սկիզբ կ՝առնէ այն ժամանակաշրջանը որ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի Յարութեան Տօնին։ ՝՝Ապաշխարել եւ մերժել փոխ-զիջումներ ու բարոյական միջակութիւններ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ)։ Աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները մեծ ջերմեռանդութեամբ կը պատրաստուին Քառասնորդաց շրջանին, անոնք երկիւղածութեամբ ու հաւատքով մուտք կը գործեն ապաշխարութեան ու զոհողութեան նուիրուած այս ժամանակաշրջանին մէջ։ Այս ժամանակաշրջանին կիրարկուած ծոմը կամ պահքը ընդհանրապէս մարդկային հոգիին մաքրագործման եւ կրօնական բարոյականութեան իմացումով անոր վերանորոգման եւ ամրապնդման միջոցառում է։ Աւետարաններու մէջ բազմաթիւ առիթներով յիշատակուած Ծոմ կամ Պահք բառերը ընդհարապէս մեկնաբանուած են նոյն իմաստով։ Բառացիօրէն ան հասկցուած է անձի մը կողմէ որոշ ժամանակամիջոցի մը համար,հաճոյալի ճոխութիւններէ հեռու մնալ,նոյն ատեն ինքզինքը զօրացնել աղօթքներով եւ աւելի մօտենալ Աստուծոյ եւ ճշմարտութեան։Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը հաւատացեալներուն համար հոգեկան վերանորոգութեան սքանչելի առիթ մըն է։ Երբ անիկա գիտակցօրէն ապրուի՝հոգեկան ազնուացման,եւ առհասարակ մարդ անհատի երջանկութեան ամենէն ազդու եւ բարերար միջոցը կը դառնայ։ Պահքը գերազանցօրէն կրօնական,բարոյական եւ հոգեւոր հասկացողութիւն է եւ թէ կրօնական ճշգրիտ եւ խորունկ իմաստով՝Պահքը այնպիսի արարք մըն է որ մարդը կ՝առաջնորդէ ինքզինք կամաւորապէս զրկելու որոշ նիւթական հաճոյքներէ ու ճոխութիւններէ որ առիթ կուտայ մտածելու իր հոգեկան, բարոյական կեանքի մշակման մասին։Քառասնորդաց շրջանը քրիստոնեաներուս համար նախախնամական առիթ մըն է որպէսզի աւելի խորացնենք մեր քրիստոնէական կեանքը։ Այս շրջանին Եկեղեցին կը խրախուսէ կատարել կարգ մը հոգեշահ հրահանգներ ի նպաստ մեր կեանքի հոգեւոր վերանորոգումին,ինչպէս աղօթել,ծոմապահութիւն եւ ողորմութիւն ընելը,աղքատին մէջ տեսնելով Յիսուսին դէմքը։ Մեր բարեգործութիւնները պէտք է ըլլան յատկապէս սիրոյ արտայայտութիւններ ինչպէս որ Տէրը մեզի սորվեցուցած է։ Ուստի աշխատինք Քառասնորդացի ընթացքին դառնալու Քրիստոսի սիրոյ վկաները, ան որ մեզ սիրելուն համար Իր կեանքը զոհեց, մեզի նոր յոյս ներշնչեց եւ մեզի խաղաղութիւն պարգեւեց։Սրբազան Քահանայապետը ապա ութը տարբեր լեզուներով բարեւեց Պողոս Զ.ի սրահը լեցնող ուխտաւորներու խումբերը,որու աւարտին իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց՝ունկնդրութեան ներկայ երիտասարդներուն,հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.