2010-02-17 13:25:21

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ։
Ընդունելով շրջանային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի ործող նախագահ Քանաթ Սաուտապայեւը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ Հայաստան եւ Ղազախստան դաշնակիցներ են եւ իբրեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններ կը գտնուին անվտանգութեան նոյն համակարգին մէջ։ Ան ողջունած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ղազախստանի նախագահութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնած է Ղազախստանի հետ Հայաստանի համագործակցութեան ու քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակին համար։ Հայաստանի նախագահը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ հայկական կողմին մօտեցումները եւ ընդգծած է, որ Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած են տագնապին լուծումով, իսկ այդ լուծումը պէտք է համաժամանակեայ պատասխաններ տայ հիմնախնդիրի բուն պատճառներուն եւ հետեւանքներուն։ Իր կարգին Քանաթ Սաուտապայեւ նշած է, որ իրենք կըմբռնեն, թէ կարճ ժամկէտներու մէջ դժուար է տարիներով ձգձգուած տագնապները լուծել, սակայն Ղազախստան իր նախագահութեան ընթացքին պիտի փորձէ օգտակար դառնալ Մինսքի խմբակի համանախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերուն։ Աւելի ուշ ԵԱՀԿ--ի գործող նախաահ Քանաթ Սաուտապայեւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին այն յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճան շահագրգռուած է Մատրիտեան նորացուած փաստաթուղթի ընդունման հարցով, Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, որ Պաքու ոչ միայն երկար ժամանակ ընդհանրապէս չէ ընդունած Մատրիտեան փաստաթուղթը, այլ հերքած է անոր ոյութիւնը։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԿԱՌԱՋԱՐԿԷ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԴԱՇՏ ԿԸՍԷ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ։
Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ԵԱՀԿ-ի գործող նախաահ Քանաթ Սաուտապայեւին ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման իրենց առաջարկները եւ յոյս յայտնած է, որ անոնք հաշուի առնուին։ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը մասնաւորաբար կ՝առաջարկէ տագնապի լուծումը տեղափոխել միջազգային իրաւունքի դաշտ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ հասնելու տագնապի խաղաղ լուծման։ Առանց բանակցային գործընթացին Ղարաբաղի մասնակցութեան կարելի պիտի չըլլայ արդիւնքի հասնիլ։ ՝՝Բանակցային գործընթացի հիմնական խոչընդոտը բանակցութիւններու ձեւաչափի խախտումն է՝՝ (ըսած է Բակօ Սահակեան)։ Նախագահ Սահակեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Արցախ որոշակի յոյսեր կը կապէ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ղազախստանի նախագահութեան հետ։ Բակօ Սահակեան Պաքուի ռազմատենչ յայտարարութիւնները ահաբեկչութեան նոր տեսակ նկատած է եւ նշած, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է համապատասխան կերպով արձագանգէ անոնց։
ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՝՝ԱԿՕՍ՝՝Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒՆ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ։
՝՝Ճիհան՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ կեդրոնական Իսթիքլալ պողոտային վրայ շուրջ 50 ցուցարարներ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են՝ ընդդէմ օրեր առաջ ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի կայքէջին դէմ համակարգչահէններու (հաքըրներ) կողմէ կատարուած յարձակումին։ Ցուցարարները ցոյցին ընթացքին բացագանչած են ՝՝Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ ենք՝՝ կարգախօսը եւ առ ի աջակցութիւն ՝՝Ակօսի՝՝ն Պոլսոյ փողոցներուն մէջ վաճառած են շաբաթաթերթի համարները։
՝՝ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ- ԹՈՒՐՔԻԱ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ՝՝ ԿԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ։
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ճեֆրի երէկ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործընթացին։

ԻՏԱԼԻՈՅ ՄՕՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒԻ։
Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հռոմի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Եաքըթալի յանցանքը՝ սեռային ոտնձգութիւն կատարելու առնչութեամբ, հաստատուած է։ Հետաքննութիւնը պարզած է, որ թուրք դիւանագէտը սեռային ոտնձգութիւն կատարած է դեսպանատան կին աշխատակիցներէն մէկուն նկատմամբ։
Այս առնչութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի յայտարարութիւն մը հրապարակելու։ Թուրք դեսպանին դէմ մեղադրանքները ներկայացուած էին շաբաթներ առաջ։ Ան մերժած էր զանոնք։ Ամենայն հաւանականութեամբ թուրք դիւանագէտը պիտի պաշտօնազրկուի։ Ալի Եաքըթալ Հռոմի մէջ Թուրքիոյ դեսպան նշանակուած էր շուրջ չորս ամիս առաջ։ Նախքան այդ պաշտօնը ստանձնելը, ան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդականն էր։







All the contents on this site are copyrighted ©.