2010-02-16 12:51:58

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։
Այսօր երեքշաբթի 16 Փետրուար Հռոմի Աւագ Տիրամօր Պազիլիքային մէջ յետ միջօրէին կը կայանայ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ Հայիթիի մայրաքաղաք Բորթ Օ Բրէնսի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Եոզէֆ Սերժ Միոթ-ի ու Հայիթիի մահասփիւռ երկրաշարժի բոլոր զոհերուն համար,Սուրբ Պատարագը կը գլխաւորէ Կարտինալ Անճէլօ Սոտանօ Գահերէցը Կարտինալական Դասի։ Իսկ ՈՒՆԷՍՔՕ-ն՝ ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի կազմակերպութիւնը այսօր կլոր սեղան մը կը յատկացնէ Իտալիոյ Մաչերաթա քաղաքը(ծննդավայրը իտալացի Յիսուսեան հայր Մաթթէօ Ռիչչիի)անոր մահուան չորրորդ տարելիցի առիթով։ Մաթթէօ Ռիչչի գիտնական եւ միսիոնար Չինաստանի մէջ,ուր իր կեանքը նուիրեց Չինաստանի Աւետարանացումին եւ ուր Բէքինի մէջ վախճանեցաւ 1610ին,ան ծնած էր Իտալիոյ Մաչէրաթա քաղաքը 1552ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.