2010-02-16 13:12:03

Լուրեր հայկական կեանքէն


Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը «ARTEXPO-2010» Արուեստներու Ցուցահանդէսին

Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է  նկարիչներու միութեան տունը, ուր 12 Փետրուարին բացումը կատարուեցաւ «ARTEXPO-2010» արուեստներու ցուցահանդէսին։Սոյն ցուցահանդէսը, որ մշակութային պետական եւ ոչ պետական աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու 2009ի աշխատանքները կը ցուցադրէ, երկրորդ անգամն ըլլալով՝ կ՛իրականանայ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։ Անիկա նպատակ ունի ներկայացնել հայրենական մշակոյթի ժամանակակից զարգացումները, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն եւ գործնական կապեր հաստատելու հնարաւորութիւն ընձեռել մշակոյթի դաշտին վրայ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն:  Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին տարբեր ամսագիրներու եւ հայկական յուշանուէրներու առանձին տաղաւարներ, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական սրճարան: Նաեւ պիտի ցուցադրուին պատկերասփիւռի ընկերութիւններու կողմէ պատրաստուած մշակութային 27 շարժա-պատկերներ։ Նշենք, որ ցուցահանդէսի այս տարուան արտասահմանեան հիւրն է Ռուսիոյ անուանի բեմադրիչ Սաիտա Մամետովան:  Նախագահ Սարգսեան շրջած է բոլոր բաժինները, ծանօթացած է արուեստի տարբեր  ոլորտներ ներկայացնող մշակութային կազմակերպութիւններու նախորդ տարուան աշխատանքին, ձեռքբերումներուն եւ ծրագիրներուն:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Պէյրութի մէջ Ս. Մարոնի յիշատակի Պատարագին




 

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. 9 Փետրուար 2010ին, մասնակցեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Պէյրութի սուրբ Ճաուրճիոս եկեղեցւոյ մէջ, Մարոնիներու հիմնադիր Սուրբին՝ Մար Մարոնի մահուան 1600 ամեակին առթիւ:

Ներկայ էին Հոգեւոր ու պետական բարձրաստիճան  անձնաւորութիւններ որոնց կողքին նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ մասնակցեցաւ նաեւ սուրբ Պատարագէն ետք Սիրոյ սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Մարոնիներու առաջնորդարանի յարկէն ներս:

Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կարելի է ընկերային յարաբերութեանց նուիրուած ամերիկեան հռչակաւոր «Facebook» ցանցին հայերէն տարբերակը օգտագործել:

 Արեւելահայերէն տարբերակը կը գործածուի Հայաստանի մէջ, սակայն կը նախատեսուի, որ սպասարկութեան արեւմտահայերէն տարբերակը եւս տրամադրելի ըլլայ մօտիկ ապագային:  Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, խումբ մը թարգմանական կամաւոր աշխատանքի նախաձեռնած էր անցեալ Հոկտեմբերին, իսկ հայ ու օտար մտաւորականներու միջեւ կապեր հաստատելու նպատակով գործող «ARMACAD» միութիւնը ստանձնած էր կազմակերպչական աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.