2010-02-16 13:10:55

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՁԳՁԳԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ՝՝Ալ-Ժազիրա՝՝ արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացնելով՝ գործընթացը կը սկսի եւ ոչ թէ կաւարտի՝ նշելով միաժամանակ, որ թրքական կողմը կը ձգձգէ արձանագրութիւններուն վաւերացումը։ Ըստ նախագահին, արձանագրութիւններու վաւերացումէն ետք յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ սահմանի բացումը, այնուհետեւ՝ ենթայանձնախումբեր ունեցող միջկառավարական յանձնախումբի ստեղծումը, եւ ՝՝մենք մեր երկխօսութեան պիտի սկսինք՝՝(ըսած է Հայաստանի Նախագահը)։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՑՈՒՄ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի բացման պաշտօնական արարողութեան։ Նախագահը շրջած է դպրոցին նոր վերանորոգուած եւ կահաւորուած մասնաշէնքին մէջ, ծանօթացած է ստեղծուած պայմաններուն եւ զրուցած է դպրոցի առաջին 25 ուսանողներուն հետ, որոնք ընտրուած են եռափուլ մրցումին իբր արդիւնք։ Դպրոցին մէջ պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ արտերկրի հեղինակաւոր կրթօճախներու, քաղաքագիտական կեդրոններու յառաջատար դասախօսներու եւ վերլուծաբաններու, նշանաւոր դիւանագէտներու եւ քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ։ Դասընթացքները բարձր յառաջդիմութեամբ աւարտած ունկնդիրները դիւանագիտական ծառայութեան պիտի անցնին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգին մէջ։Դիւանագիտական դպրոցի կայացման համար ֆինանսական եւ խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերած են Եւրոպական Միութիւնը, ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակը։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴՐՈՒԵՑԱՆ
Համաձայն Հայաստանի Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի 18-րդ յօդուածին, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ շրջանառութեան մէջ դրած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մասին արձանագրութիւնները՝ իբրեւ գլխադասային յանձնախումբ նշանակելով արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մինչեւ լիագումար նիստին ընթացքին քննարկուիլը՝ արձանագրութիւնները պիտի քննարկուին եւ դրական կամ ոչ դրական եզրակացութիւն պիտի ստանան այս յանձնախումբին մէջ
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԻՐԱՒԱՍՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքիեան կը հաղորդէ, որ այս շաբաթ բրիտանական խորհրդարանին մէջ հայոց եւ ասորիներու 1915-ի ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ստորագրած երեսփոխաններուն թիւը բարձրացած է 254-ի։ Բրիտանիոյ խորհրդարանի 646 անդամներէն միայն 495-ը իրաւունք ունին այդ բանաձեւին վերաբերեալ իրենց կարծիքը արտայայտելու, որովհետեւ մնացեալ 151 անդամները կառավարութեան մաս կը կազմեն կամ ունին այլ պաշտօններ, որոնք արգելք կը հանդիսանան իրենց ստորագրութեան զետեղման։ Իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ 349 երեսփոխաններէն 225-ը իրաւունք ունին ստորագրելու, եւ անոնց երկու երրորդը (150 երեսփոխան) այդ մէկը կատարած է։ Նաեւ 442 ոչ պահպանողական երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը(222 երեսփոխաններ) ստորագրած է բանաձեւը։ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը նմանօրինակ բանաձեւեր առանց իրենց կուսակցութեան արտօնութեան չեն ստորագրեր, ուստի իրենց անձնական կարծիքը չեն արտայայտեր։
ՎԱՆԻ ՓՈԽ-ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՎԱՐԸ։
Թուրքիոյ մէջ աւարտած է փետրուար 11էն-14 կազմակերպուած զբօսշրջութեան ցուցահանդէսը։ Արեւելեան Միջերկրածովային միջազգային զբօսաշրջութեան եւ ճամբորդութեան ցուցահանդեսին (EMIIT) ներկայացուած էին 60 երկիրներ ընդ որս Հայաստանը:Թրքական դուրիզմի գործակալութեան տեղեկութեամբ ` Վանի փոխ-նահանգապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստանի տաղավար եւ զրուցած Հայաստանի զբօսաշրջութեան ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելով զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները: /a> -ը աւելի ուշ տեղեկացուցած, որ Վանի նահանգապետ Միւնիր Քարաօղլու յայտարարած թէ 2010-ի սեպտեմբեր 12-ին Վանի Ախթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին կը վերաբացուի կրօնական արարողութիւններու համար եւ շեշտած , որ այդ վերջնական որոշում է:







All the contents on this site are copyrighted ©.