2010-02-15 14:41:12

Լուրեր հայկական կեանքէն


Բանաստեղծ Վահէ Արսէնի Կանաչ աստուածներու վերադարձը հոլանտերէն

Հոլանտայի Մաասլոյս քաղաքի մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ բանաստեղծ Վահէ Արսէնի Կանաչ աստուածներու վերադարձը հոլանտերէնի թարգմանուած ժողովածուին շնորհահանդէսը։

Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առած են ժողովածուի թարգմանիչ Աննա Մարիա Մարտիրոսեան-Մատտաար, կեդրոնի տնօրէնը եւ Լա Հէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արշակ Մանուկեան։ Այս առթիւ Վահէ Արսէնի շնորհուած է հոլանտական լաւագոյն երիտասարդ բանաստեղծներու Չեմփ 2010 ամէնամեայ մրցանակը, իսկ հիւպատոսութեան՝` հոլանտերէն լեզուով տպագրուած բանաստեղծութիւններու ժողովածուի առաջին օրինակը։ Բանաստեղծութիւններու այս ժողովածուն վերջին տասնամեակներու ընթացքին հոլանտերէն թարգմանուած առաջին գիրքն է։ Յայտնենք, որ Աննա Մարիա Մարտիրոսեան-Մատտաար հոլանտերէնով պատրաստած է նաև ՜՜Սասունցի Դաւիթ՝՝ դիւցազներգութիւնը, որ պիտի հրատարակուի ապրիլ 2010-ին։



Պրիւքսէլ- Եահէլ Շիրինեանի ցուցահանդէսը։

Պրիւքսէլի Կալերի Էլեն Լեւի Փրոժէի մէջ տեղի ունեցաւ կերպարուեստագէտ Եահել Շահինեանի գործերու ցուցահանդէսին բացումը։

Շահինեան հանրածանօթ է Լոս Անճելըսէն մինչեւ Թոքիօ, անցնելով Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք։ Իր գործերը ինքնուրոյն են եւ ունին իսկական հրապոյր։

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 6 մարտ, 2010։



Կաքաւիկ մանկական հանդէսը։

Միացեալ Նահանգներու եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ տեղական մանկական հայ թերթի գոյութեան պակասը նկատելով, յղացուեցաւ Կաքաւիկ մանկական հանդէսի գաղափարը։ 5 փետրուարէն սկսեալ Լոս Անճելըսի համայնքը առիթը պիտի ունենայ իր 3-7 տարեկան մանուկներուն հաճելի զբաղումերու դաստիարակութեան միջոցներէն մէկը դարձնել գունաւոր եւ նկարազարդ Կաքաւիկ ամսաթերթը, որ կը պարունակէ ժամանցներ, գիտական բացատրութիւններ ու փորձեր, ինչպէս նաեւ՝ ձեռային աշխատանքներ ու արուեստ։ Թերթը պիտի հրատարակուի մեսրոպեան տառերով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէնով։ Կաքաւիկ մանկական հանդէսը արդիւնքն է անձնական նախաձեռնութեան։ Թերթի խմբագիր-տնօրէնուհին է Ժիւլիեթ Դաւթեան։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.