2010-02-15 13:03:43

 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ ՆՈՐ ԷՋ ԲԱՑԱՒ ՀԱՅ - ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ ամերիկեան առեւտրային տան եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կազմակերպած քննարկումներուն ընթացքին յայտարարեց, թէ՝ քաղաքական հարթութեան մէջ Հայաստանի կողմէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերը արդէն իրականացած են, եւ պահն է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները դրսեւորեն քաղաքական կամք եւ առաջ երթան՝ վաւերացնելով Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններն ու բանալով երկու երկիրներուն միջեւ եղած սահմանը։ Թուրքիոյ նախագահին յղած իր ուղերձով Սերժ Սարգսեան միանգամայն նոր էջ բացաւ հայ - թրքական յարաբերութիւններուն մէջ։ Անկախ այն բանէն, թէ մեր ընդդիմախօսներուն հաճելի կը թուի այդ մէկը թէ ոչ, մենք բոլորս ասկէ ետք պէտք է հաշուի նստինք այս նոր իրողութեան հետ(ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարսեան եւ աւելցուց ) Հանրապետութեան նախագահի ուղերձը, կը կարծեմ բոլոր կասկածները կը բացառէ այն առումով, որ ասիկա դիւանագիտական որեւէ խաղ չէ, այլ մեր անկեղծ ձգտումն է՝ դրացի պետութիւններուն հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու։
Քննարկումներուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ եւ Թուրքիոյ տնտեսական քաղաքականութեան հետազօտութիւններու հիմնադրամի նախագահ Կիւվեն Սաք։ Հայաստանի Վարչապետը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս շեշտեց, թէ նախագահին ուղերձով վերահաստատուեցաւ Հայաստանի այն դիրքորոշումը, որ երկկողմ յարաբերութիւնները չեն կրնար պայմանաւորուած ըլլալ երրորդ կազմով, եւ այդ յարաբերութիւնները պէտք է հաստատուին առանց նախապայմաններու։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Քրաուլի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պիլ Պըռնզ յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան։ Պըռնզ 16-19 փետրուարին պիտի այցելէ Լիբանան, Սուրիա, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան։ Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ այդ երկիրներու նախագահներուն եւ այլ պաշտօնատար անձերու հետ։

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ։
Ազրպէյճանի խորհրդարանը շաբաթ օր 92 կողմ եւ 7 դէմ ձայներու համեմատութեամբ հաւանութիւն տուած է զանգուածային լրատուամիջոցներու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու օրինագիծին։ Սոյն օրինագիծին համաձայն, կարգիլուի լուսանկարել կամ ձայնագրել պաշտօնատար կամ այլ անձ փողոցին կամ որեւէ այլ հասարակական վայրի մէջ՝ առանց վերջինիս համաձայնութեան։ Լրագրողներու շարք մը միութիւններ եւ հասարակական գործիչներ զանգուածային լրատուամիջոցներուն մասին օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները գնահատած են իբրեւ տեղեկատուութեան տարածումն ու փոխանցումը սահմանափակող քայլ՝ իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով զայն չվաւերացնելու։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.