2010-02-14 14:51:08

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, փետրուար 14, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։



Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ծիսական տարին, հաւատքի ճանապարհ մըն է, որ Եկեղեցին կ'ապրի ընթանալով Ս. Կոյս Մարիամի հետքերուն վրայ։ Այսօրուան Աւետարանը կը խօսի երանութիւններու մասին, ուր Յիսուս կը մատնանշէ թէ Աստուծոյ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ յագեցնէ աղքատները, հարստահարեալները, տկարները։ Երանութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կը հիմնուի Աստուծոյ արդարութեան հիման վրայ, որովհետեւ Աստուած պիտի բարձրացնէ խոնարհները եւ պիտի խոնարեցնէ անբարտաւանները։ Հետեւաբար Աստուծոյ ատեանին առջեւ իրականութիւնները պիտի փոխուին առաջինները վերջին պիտի ըլլան եւ վերջինները առաջին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ առաւօտուն այցելեց Հռոմի Գարիթաս կեդրոնը, որ կը գտնուի մայրաքաղաքի գլխաւոր կայանին մօտ։ Սրտանց կը քաջալերեմ բոլոր այն կամաւորները, որոնք օգնութեան կը հասնին կարօտեալներուն, վասն արդարութեան ու սիրոյ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. 2010ի քառասնորդացի որպէս բնաբան ընտրեցի Աստուծոյ արդարութիւնը։ Յիսուսի Աւետարանը կը համապատասխանէ մարդոց արդարութեան ծարաւին։ Յիսուս Արդարութեան հաստատումին համար չի հրաւիրէր ընկերային կամ քաղաքական յեղափոխութիւն կատարելու այլ սիրոյ յեղափոխութիւն, որ Յիսուս անձամբ գործադրեց իր խաչով ու յարութեամբ։ Ասիկա միակ ճամբանն է արդարութիւնը հաստատելու եւ աշխարհը բարւոգելու։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով Աստուծոյ ժողովուրդը ընթանալու, այս քառասնորդացին ժամանակ, սուրբ Կոյս Մարիամի օրինակին վրայ, ձերբազատուելու կեանքի ինքնաբաւարարութեան ցնորքէն եւ ճանչնալու թէ Աստուծոյ կարիքը ունինք, կարիքը ունինք անոր գթութեան եւ այսպէսով մտնելու Արդարութեան, Սիրոյ ու խաղաղութեան Արքայութեան մէջ։



Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին աւարտին Սրբազան հայրը յիշեցուց թէ այսօր` Ասիայի զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս Չինաստան ու Վիէթնամ, կը տօնախմբուի լուսնի ամանորը։ տօնակատարութեան պահեր, ուր ընտանիքները իրարու կը մօտենան ու կ'ապրին ընտանեկան հոգեւոր ու բարոօյական ժառանգութիւնը։

իսկ այժմ լեսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.