2010-02-12 14:34:43

Սրբոց Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութիւն Հռոմի մէջ


Սրբոց Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութիւն Հռոմի մէջ

Հինգշաբթի 11 Փետրուար 2010 տօնն է ՝ Վարդանանց Զօրավարաց։

Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը ամէն տարի կը ոգեկոչեն ՜՜Կրօնքի եւ Հայրենիքի համար՝՝ իրենց արիւնը թափած Աւարայրի ճակատամարտի նահատակներուն յիշատակութիւնը, եկեղեցական արարողութիւններով եւ զանազան ձեռնարկներով ։

Հռոմահայերը եւս, որպէս մասնիկը աշխարհասփիւռ հայութեան, նշեցին Վարդանանց տօնը, որ սկիզբ առաւ հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարգով , Ս. Նիկողայոսի նուիրուած հայոց եկեղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց գերյարգելի Հ. Յովսէփ Ծ.Վրդ Քելեկեան՝ մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին։

Պատարագէն ետք, ներկաներուն հրամցուեցաւ ՜՜Վարդանանց՝՝ նուիրուած՝ յայտագիր մը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ, Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդէն՝ Սոնա Նիւրփէթլեան, որմէ ետք Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորներու երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ կիսասարկաւագ Եղիշէ Ճէնճիի, ելոյթ ունեցաւ ՜՜ Իմ Հայրենեաց հոգի Վարդան՝՝ Սիմոն ֆէլէկեանի եւ ՜՜Հիմի էլ լռենք՝՝ Գամար Քաթիպայի, երգերերով, ապա

գաղութի երիտասարդ արուեստագիտուհիներ՝ Վերոնիքա Քիզանիշվիլի Սրինքի, եւ Տիանա Գաբրիէլեան դաշնամուրի վրայ նուագեցին երեք կտորներ. ՜՜Շնորհատու բարեաց՝՝ Էլէնա Մարտիէվային որ մայրն է Վերոնիքայի, ապա ՜՜Պլպուլի հետ եւ Ախ իմ ճամբէսը՝՝ հայազգի Արմէն Տիգրանեանէն, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն։

Ապա Օրուան բանախօսը՝ գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ. Տօնայեան, Զմմառու Միաբանութենէն, խօսեցաւ Վարդանի խորհուրդին մասին, հայերէնով . ան իր ուրախութիւնը յայտնեց որ այս տօնին առթիւ կը գտնուէր Հռոմ, հռոմահայերուն հետ տօնելու՝ Հայոց Պատմութեան ամենամեծ ամենասխրալի դէպքերէն մէկուն՝ Վարդանանց ճակատամարտի հերոս նահատակներուն տօնը, որ իւրաքանչիւր հայի համար լեցուն է թանկագին յիշատակներով եւ որ մեզ կը մղեն դէպի Աւարայր...Հայ Ազգը որ եղաւ առաջինը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդգրկող՝ միշտ եւ ամէն գնով պաշտպանեց իր հաւատքը եւ հայոց պատմութիւնը, ունի մեծ օրինակներ... Հայր Մովսէս յիշեց նաեւ հայ քաջ կիներու դերը, որոնք որպէս մայր քոյր կամ կողակից բոլորն ալ նեցուկ կանգնեցան եւ քաջալերեցին որպէսզի հայ հերոսներու հաւատքը ամուր մնար ամէնէն դժուար պահերուն ալ։

Հայերը քաջ մարտիկներ էին կռուեցան նոյնիսկ ի նպաստ Պարսիկներուն եւ Յոյներուն սակայն երբ իրենցմէ պահանջուեցաւ ուրանալ կրօնքը, այն ատեն ընդդիմացան, կռուեցան մինչեւ իրենց արեան գնով պաշտպանեցին իրենց հաւատքը... անոնց մահը փրկեց նաեւ մեր հաւատքը որ կը պահենք եւ պարտինք պահել ու փոխանձել սերունդէ սերունդ։

Հայր Մովսէս իր խօսքը փակեց Վահան Թէքէեանի իմաստալից սա խօսքերով ՜՜Դարեր կ՝անցնին բայց վարդանը քաջ, բայց Վարդանը սուրբ, կ՝երթայ միշտ առաջ՝՝։

Ապա իտալերէնով խօսք առաւ գերյարգելի Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան դպրեվանքին որ հակիրճ ձեւով պարզեց Վարդանանց գոյամարտին կարեւոր կէտերը։

Սարկաւագ Միքայէլ Քայելեան լսելի ըրաւ Կոմիտաս վարդապետի նշանաւոր ՜՜Կռունկ ուստի կու գաս՝՝ երգը, Տիանա Գաբրիէլեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։Որմէ ետք Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորներու երգչախումբը՝ միշտ ղեկավարութեամբ կիսասարկաւագ Եղիշէ Ճէնճիի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիանա Գաբրիէլեանի երգեց Ռուզան Սալխանեանէն ՜՜Վարդանանց՝՝ երգը, գեղարուեստական բաժինը եզրափակեց Տիանա Գաբրիէլեան, ան դաշնամուրի վրայ նուագեց հայազգի մեծ երաժիշտ Առնօ Պապաճանեանի ՜՜Քաբրիչչոն, եւ Վաղարշապատի պարը ՝՝ ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Մեծաւոր հայրը՝ գերյարգելի Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեկեան որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն տօնակատարութեան յաջողութեան համար, նաեւ անոնց որոնք ներկայ եղան ոգեկոչելու մեր պատմութեան հերոս- նահատակներու յիշատակը։

Աւարտին ներկաները ուղղուեցան Լեւոնեան վարժարանի սրահը ուր պատրաստուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.