2010-02-12 14:28:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ 12 փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Ռումանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը առաջնորդներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը կ՝այցելէ Հռոմի աւագ դպրեվանքը։

՜՜Վստահութեան Տիրամօր՝՝ տօնին առթիւ։

Սրբազան Քահանայապետին ճառը Ռումանիոյ եպիսկոպոսական դասին։

Իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը գնահատեց Ռումանիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու նուիրումը Աւետարանի դատին ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերածնունդին Ռումանիոյ մէջ։ Կը քաջալերեմ ձեզ, որ նոյն եռանդով շարունակէք աշխատիլ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Լաւ պահպանեցէք այս ժառանգութիւնը որուն առաջին պատասխանուներն են եպիսկոպոսները։ Քահանայական այս տարուան առթիւ նախանձախնդիր եղէք թեկնածու քահանաներու լաւ պատրաստութեան համար. անոնք պիտի ըլլան առաջին մշակները Տիրոջ Այգիին։ Աղօթքս է որ Աստուած իր Այգիին համար կանչէ այրեր ու կիներ։ Եպիսկոպոսին գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է հոգատարութեամբ զբաղիլ քահանայական կոչումներով։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընգծեց անհրաժեշտութիւնը եղբայրական կապեր հաստատելու քոյր եկեղեցիներու հետ, եւ աշխատելու՝ հաշտութեան համար։ Սրբազան Հայրը իր ճառը եզրափակեց իր առաքելական օրհնութիւնը տալով Ռումանիոյ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու կղերին։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Լեհաստանի Վրոցլավ աստուածաբանական համալսարանը պատւոյ տոքթորան կը շնորհէ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի։

Կարինալը իր արտասանած ճառին մէջ, դատը կը պաշտպանէ քաղաքական իրաւական կարգի մը հաստատումին։

Մարդու իրաունքները, ըսաւ Կարտինալ Պերթոնէ, տիեզերական են, ոչ թէ որովհետեւ վաւերացուած են ու ճանչցուած՝ ազգային ժողովներէն եւ կամ հանրային կարծիքէն, այլ պարզապէս որովհետեւ հիմնուած են մարդ էակի բնութեան վրայ։

Ներկայ ժամանակներուն, ըսաւ կարտինալ Պերթոնէ, աւելի կը խօսուի անհատի իրաւունքի, քան մարդու իրաւունքի մասին, հետեւաբար անհատի բաղձանքները իրաւունք կը դառան։ Մինչ իրականութեան մէջ բնական օրէնքը հիմն է բոլոր իրաւունքներուն։ Կարտինալ Պերթոնէի գնահատումով օրէնքները պէտք է չէ ըլլան արդիւնքը խումբի մը յարումին։

Կարտինալը կոչ կ՝ընէ քաղաքա-իրաւական կարգի մը հաստատումին ի խնդիր, ուր անձերու իրաւունքը ու անոր ընկերային բարի զարգացումը աւելի լաւ պահպանուի։

Յայտնենք թէ 2000 -ին կարտինալ Ռացինկեր ( ներկայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը) որպէս կառավարիչը հաւատոյ ժողովին, արժանացած էր նոյն համալսարանէն պատւոյ տոքթորային։








All the contents on this site are copyrighted ©.