2010-02-12 13:10:33

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


  Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱՐԱՐ ԳԷՈՐԳԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԸ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, որուն կ՛ընկերակցէին նախարարի խորհրդական Արա Պուլուզեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Հանդիպումը առիթ հադիսացաւ քննարկելու ղարաբաղեան տագնապին ու բանակցային գործընթացին հետ կապուած վերջին իրադարցութիւնները եւ հայ թրքական յարաբերութիւներուն վերաբերող հարցերը: Արծարծուեցան նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող այլ հարցեր:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԻՒԼ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ պատասխանած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Թուրքիոյ օդային տարածքով Մեծն Բրիտանիա թռչելու ընթացքին յղած ուղերձին: Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած պատասխան նամակին մէջ Կիւլ կը գրէ. ՝՝Գոհունակութեամբ կ՛ընդունեմ ուղերձի միջոցով Ձեր արտայայտած միտքերը: Համամիտ եմ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ մեր երկկողմանի ջանքերը, խաղաղութեան նոր յոյս արթնցնելով հակամարտութիւններով յագեցած մեր տարածաշրջանին մէջ՝ արդարացիօրէն միջազգային հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Դրացի մեր ժողովուրդներու միջեւ երկարամեայ նախապաշարումներու յաղթահարումը, փոխադարձ ըմբռնողութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, ըստ էութեան, կը ձեւաւորեն մեր երկու երկրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը սատարող գլխաւոր նպատակները: Կրնաք չկասկածիլ, որ քանի դեռ այս մտադրութեան ու պարտաւորութիւններու փոխադարձութիւնը կը պահպանուի, այդ ձգտումները յառաջ տանելու հարցին գծով մեր հաստատակամութիւնը չի պակսիր: Նաեւ համամիտ եմ, որ պատասխանատուութիւն ստանձնած կառավարութիւնը պարտաւոր է տրուած խոստումները վերածելու գործի: Այս ակնածանքով ալ մենք պիտի շարունակենք յառաջ տանիլ բնականոնացման գործընթացը դէպի մեր երկիրներու միջեւ ձեռք բերուելիք միասնական ընկալում: Պէտք է գիտակցինք, որ պատմական նշանակութիւն ունեցող այս գործընթացը իր աւարտին հասցնելու, եւ մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները լիարժէքօրէն կատարելու համար, բաւականաչափ քաղաքական համարձակութիւն եւ տեսլական ցուցաբերել կարենալու անհրաժեշտութիւն կայ: Մեր ընդհանուր նպատակը տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար յարատեւ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, բարեկեցութիւն եւ համագործակցութիւն բովանդակող ապագայ կերտելն է: Պիտի շարունակեմ առկայ գործընթացով զբաղիլ անձամբ՝ մեր երկիրներուն համար գոհացուցիչ արդիւնքի հասնելու յոյսով»:
ԹՐՔԱԿԱՆ ՝՝ՄԻԼԼԻՅԷԹ՝՝ ԹԵՐԹԸ ԿԸ ՀԱՂՈՐԴԷ։
Թրքական "Միլլիյէթ" օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Շուէտի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահը իր թուրք պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ մը ներկայացուած Շուէտի խորհրդարան եւ ամէնէն ուշը մէկ ամիսէն քուէարկութեան պիտի դրուի։
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԻՆԻՍՈԹԱՅԻ ՄԷՋ ։
Նախաձեռնութեամբ Ս. Թոմաս իրաւաբանութեան համալսարանին ու «Զօրեան» հիմնարկին մաս կազմող Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկին, Շաբաթ, Փետրուար 5ին տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ազգային եւ Միջազգային Օրէնքի Պարունակէն ներս» նիւթով: Ձեռնարկին կ՛աջակցէին նաեւ «Քաֆէսճեան» եւ «Օհաննէսեան» հիմնարկները:
Գիտաժողովին բացումը կատարեց համալսարանի իրաւաբանական պարբերաթերթին՝ «Օրէնքն ու հանրային քաղաքականութիւնը»ի գլխաւոր խմբագիր Ճան Սենտի, որ ընդունեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին առաջին անգամ լսած էր անծանօթ ճամբորդէ մը, դէպի Լոս Անճելըս ճամբորդութեան մը ընթացքին, զարմանալով, թէ ինչպէ՞ս այդ մասին նշում մը չկար պատմութեան դասագիրքերուն մէջ: «Սկսայ սեփական միջոցներով ուսումնասիրել Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ զարմանքս աստիճանաբար աւելի մեծցաւ, ու հարց կու տայի, թէ այս նիւթը ինչո՞ւ չի դասաւանդուիր իբրեւ համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակաշրջանի ամերիկեան պատմութեան մէկ մասնիկը: Նկատի ունենալով, որ Ցեղասպանութեան պատմութեան կարգ մը երեսները՝ յատկապէս իրաւական տեսանկիւնէ, յաւելեալ ուսումնասիրութեան կարիքը ունին, մեր պարբերաթերթին մէկ թիւը անոր յատկացնելու նպատակով, նման գիտաժոողով մը կազմակեպելու գաղափարը մէջտեղ եկաւ», ըսաւ ան:
 Համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ռապըրթ Տելահանթի, որ գիտաժողովին համադրողն էր, յիշեցուց, թէ համալսարանի պաշտօնական կեցուածքը, այն է, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատուած իրողութիւն մըն է, եւ աւելցուց, որ ցեղասպանութիւններուն հարցով համաշխարհային ամենակարեւոր մարմինը՝ Ցեղասպանութեան մասնագէտներու միջազգային միութիւնը, անհերքելի պատմական իրադարձութիւն մը կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
 Ապա, Ս. Ճան համալսարանէն իրաւաբանութեան դասախօս փրոֆ. Մարք Մովսէսեան խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն ի գործ դրուած բարեկարգումներու ձախողութեան մասին՝ զայն վերագրելով այն իրողութեան, որ իշխող դասակարգն ու ժողովուրդը պատրաստ չէին ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները իրենց հետ հաւասար դասելու: Անոնք նաեւ բարեկարգումները կը նկատէին եւրոպական ուժերու կողմէ պարտադրուող քայլեր: Մովսէսեան աւելցուց, թէ մօտաւորապէս 200,000 զոհ խլած Համիտեան ջարդերը կարելի է Ցեղասպանութեան նախատիպը համարել:
 Իր կարգին, «Զօրեան»ի Ցեղասպանութեան ուսմանց վարիչ փրոֆ. Վահագն Տատրեան, որ միջազգային օրէնքի եւ պատմութեան մասնագէտ մըն է, խօսեցաւ յատկապէս Դաշնակից ուժերուն կողմէ Մայիս 24, 1915ին կատարուած յայտարարութեան կարեւորութեան մասին: Հոն նշուած էր, թէ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ Թուրքիոյ այս նոր ոճիրները»ը պիտի հետապնդուին Դաշնակից ուժերուն կողմէ: Ան այս յայտարարութիւնը նկատեց մարդկութեանց դէմ ոճիրներու հարցով միջազգային օրէնքներ հաստատելու գործընթացին նախաքայլը: Ան նաեւ նկարագրեց օսմանեան ատեաններու կողմէ Ցեղասպանութեան պատասխանատու կարգ մը թուրք ղեկավարներու դատավարութիւնները:
 Իրլանտայի պետական համալսարանի Մարդկային իրաւանց կեդրոնի վարիչ Ուիլեըմ Շապաս, որ ներկայիս Ցեղասպանութեան մասնագէտներու միջազգային միութեան նախագահն է, յիշեցուց, թէ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտին պայմանները ի զօրու են Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային, եւ աւելցուց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ ոճրագործները ողջ չեն, Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը նկատուող Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ կարելի է դատ բանալ՝ մարդկութեան դէմ ոճիրներու հարցով:
 Տեսաերիզի մը միջոցաւ գիտաժողովին առջեւ ելոյթ ունեցած Բրիտանիոյ մարդկային իրաւանց կարեւորագոյն իրաւաբաններէն Ճոֆրի Ռապըրթսըն, ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Բրիտանիոյ մեղսակցութեան նուիրուած նիւթ մը, ուր կը նշուէր, թէ ինչպէս երկրին արտաքին գործոց նախարարութիւնը սխալ տեղեկութիւններ տրամադրած էր խորհրդարանին՝ դէմ դնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերու վաւերացման: Մարդկային իրաւանց պաշտպան թուրք իրաւաբան Էրեն Քեսքին հեռաձայնային կապով մասնակցեցաւ գիտաժողովին, պնդելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը յոյժ կարեւոր է Թուրքիոյ իշխանութեանց եւ ժողովուրդին ապագային համար: Ան նաեւ խօսեցաւ այն իրողութեան մասին, որ Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը հիմնուած է զինուորականներու կողմէ կաղապարուած սկզբունքներու վրայ, որուն հետեւանքով այլախոհները եւ փոքրամասնութիւնները կը հետապնդուին:
 Պոսթընէն իրաւաբան Մարք Ֆլեմինկ խօսեցաւ Մեսեչուսեց նահանգին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւն դասաւանդելու գործընթացին դէմ թուրքերու կողմէ բացուած դատին մասին: Ան նահանգին կեցուածքը պաշտպանող փաստաթուղթ մը ներկայացուցած էր ատեանին:
 «Ուիլեըմ եւ Մէրի» համալսարանէն փրոֆ. Ռաճըր Սմիթ խօսեցաւ ցեղասպանութիւններու պատասխանատուները եւ զանոնք ուրացողները պատժող օրէնքներուն կարեւորութեան մասին, ընդունելով, որ ցեղասպանութեան ուրացումը ցեղասպանութեան գործընթացին մէկ մասինկն է: Սակայն, ան աւելցուց, թէ միշտ պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ նման օրէնքներ պէտք եղածէն աւելիով չխախտեն արտայայտուելու իրաւունքը:
 Վերջապէս, Քէյմպրիճ համալսարանէն քաղաքական գիտութեան դոկտորայի թեկնածու, թուրք ուսումնասիրող Զիա Մերալ եւս խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու կարեւորութեան մասին, եւ պնդեց, թէ Թուրքիոյ ժողովուրդը կարեւորագոյն դերակատարը կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքին փոփոխութիւնը ապահովելու գործընթացին մէջ:
 Ներկայացուած բոլոր նիւթերը լոյս պիտի տեսնեն ՝՝Օրէնքն ու Հանրային քաղաքականութիւնը՝՝ թերթին յառաջիկայ ամրան թիւին մէջ, որ ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ սոյն միջազգային գիտաժողովին:







All the contents on this site are copyrighted ©.