2010-02-11 15:19:29

Վարդանանց հերոսամարտի տօնախմբութիւն


''Հայաստան եւ Սփիւռք'' Հինգշաբթի, 11 փետրուար 2010-ին, հայ ժողովուրդը միահամուռ կերպով կը տօնախմբէ Վարդանանց հերոսամարտի 1559-ամեակը։

Վարդանանց հերոսամարտի ոգին ամուր ապաւէնն ու ազգային անսասանելի

պատուանդանն է իրերայաջորդ սերունդներուն հայկական ինքնութեամբ եւ արժանապատուութեամբ ապրելուն։

Վարդանանց հերոսամարտի ոգին օտարի թշնամական թէ ազգավնաս բոլոր ցանկութեանց սանձումն է եւ ազդարարը, որ ոչ ոք համարձակի հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ ազատ կամքին բռնադատման դիմելու։

Այսօր, Վարդանանց ոգիին կենսունակութիւնը մեր կեանքին մէջ յուշարար է բոլորին՝ յարգանքով վերաբերելու հայ ժողովուրդին հետ։

Վարդանանց հերոսամարտը ազգային արժանապատուութեան տօնն է։

Վարդանանց տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն

Պէյրութի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, Չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2010-ին, երեկոյեան , նշուեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւնը հովանաւորութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ ի, նախագահութեամբ՝ Արհիապատիւ Վարդան եպս Աշգարեանին եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, տեղի ունեցաւ Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչ միութիւններուն անունով արտասանեց Սագօ Սէօքիւնեան, որ նշեց, թէ Վարդանանց պատերազմին ընթացքին հայոց բանակը քաջաբար մղեց պատերազմը՝ բարձր պահելով հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։ Այսօր եւս հայութիւնը ունի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, Վարդանանց հերոսամարտը հայ ժողովուրդի պատմութեան զոհաբերութեան մեծագոյն դասն է։

Վարդանանց տօնակատարութեան բանախօսն էր Տէր Րաֆֆի քհնյ Յովհաննէսեան. ան ըսաւ, որ Վարդանանց պատերազմի հերոսները կը հաւատային, թէ գիտակից մահը անմահութեան ուղիին առաջնորդող անցքն է, եւ այդ հաւատքին հետեւելով անոնք նահատակուեցան։ Հայութիւնը, նշեց ան, այսօր լաւապէս պէտք է իմանայ այսօրուան Յազկերտին սպառնալիքները, որպէսզի որդեգրէ համապատասխան կեցուածքներ։ Վարդանները ըսաւ բանախօսը մեզ կը փոխանցեն միասնականութեան պատգամը՝ հեռու մնալով այն բոլո՛ր երեւոյթներէն, որոնք վնաս կը հասցնեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ։Ան նաեւ հաստատեց, թէ նոր սերունդները կը գոյատեւեն, երբ Վարդանը կը շարունակէ ապրիլ, եւ երբ մենք կը գիտնանք արժեւորել իմացեալ մահու գաղափարը։

Վարդանանց տօնակատարութեան գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՜՜Բլբուլ՝՝ երգչախումբը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ՜՜Շուշի՝՝ պարախումբը, ինչպէս նաեւ անհատներ, որոնք երգերով, արտասանութիւններով, նուագներով ու պարով արժեւորեցին Վարդանանց պատերազմը եւ ուխտեցին շարունակել Վարդանի ուղին։

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արհի. Վարդան եպս Աշգարեան, որ յայտնեց, թէ հայութեան դարաւոր թշնամին ուզեց խլել հայութեան հաւատքը, բայց չյաջողեցաւ։ Ան ըսաւ, թէ հետագային հայութիւնը անգամ մը եւս նոյն վտանգին դէմ յանդիման գտնուեցաւ, երբ Թալէաթին, արդար փամփուշտով պաշտպանեց իր պատիւն ու պարծանքը։ Հայր Վարդան եպս Աշգարեան հաստատեց, թէ այնքան ատեն որ Վարդանանց տօնակատարութիւնները կը կազմակերպուին, ապա հայութիւնը պիտի գոյատեւէ։

Հռոմի հայ համայնքը եւս կը նշէ ՜՜Կրօնքի եւ Հայրենիքի համար նահատակուած՝ Վարդանանց զօրավարաց՝՝ տօնը, Հինգշաբթի 11 Փետրուարի ժամը 18-ին (այսօր) որ սկիզբ կ՝առնէ Հայածէս Ս Պատարագով՝ Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք՝ տեղի կ՝ունենայ ՜՜Վարդանանց՝՝ տօնին նուիրուած յատուկ յայտագիր մը։ Օրուան բանախօսն է Գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ. Տօնայեան, Զմմառու միաբան։

Այս տօնին առթիւ նաեւ պիտի հրամցուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, հուսկ ընդունելութիւն Լեւոնեան հայ վարժարանի սրահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.