2010-02-11 13:11:57

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ։
Մեծ Բրիտանիոյ և Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Պաքինկհամ Պալատի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունուած է Եղիսաբեթ Երկրորդ Թագուհիի կողմէ։ Զրույցի ընթացքին քննարկուած են հայ-բրիտանական երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, Հայաստանի ՝՝Եւրոյ-համարկումի՝՝ գործընթացին, ինչպէս նաև Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիններու կարգաւորման վերաբերող խնդիրներ: Քննարկուած հարցերու վերաբերեալ Սերժ Սարգսեան՝ Եղիսաբեթ Երկրորդին տեղեկացուցած է պաշտօնական Երևանի մօտեցումներու մասին:
Այնուհետև նախագահ Սերժ Սարգսեան Լոնտոն իր կեցավայրի մէջ ընդունած է Մեծն Բրիտանիոյ արտգործ-նախարարը Տէյվիդ Միլիպանտը : Ի շարս այլ հարցերու, կողմերը քննարկած են նաև տարածաշրջանային անվտանգութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման և Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացին հայող խնդիրներ: Տէյվիտ Միլիպանտ ողջունած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ջանքերը և նշած, որ Բրիտանիոյ Թագաւորութիւնը կ՝աջակցի այդ գործընթացին ու շահագրգռուած է տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ամրապնդման գործով: Իսկ Վինդսըրի Պալատի մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հանդիպումը Իշխան Չարլզի հետ: Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է Չարլզ Իշխանի և Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանի կողմ է նախաաձեռնուած «Երևան` Իմ Սէր» նախագծի մեկնարկի ընդունելութեան ու անոր յաջորդած համերգին` աշխարհահռչակ ղեկավար Վալերի Կերգիևի և մեցցօսոբրանօ Տարիգա Նազարբաևայի մասնակցութեամբ: Թագաժարանգ Չարլզի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակցած են նաև աշխարհի տարբեր գաղթօջախներէն այս առիթով Լոնտոն ժամանած բազմաթիւ մեր հայրենակիցները:

ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՏԱՊԱԼՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ։
Իբրեւ Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավար, կը վերահաստատեմ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ (Հայաստան - Թուրքիա) արձանագրութիւններուն վաւերացումէն ետք, կը բացառուի Հայաստանի մէջ անոնց տապալումը, յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Լոնտոնի՝ Միջազգային Յարաբերութիւններու Թագաւորական Հիմնարկին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին։
Նախագահը խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան խնդիրներուն, մասնաւորաբար հայ - թրքական եւ հայ - ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին։ Ան նշեց, որ վերջին տարուան ընթացքին Հայաստան եւ Թուրքիա յառաջընթաց արձանագրած են յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով, եւ հայկական կողմը պատրաստ է առանց նախապայմաններու սահմանը բանալու։ Սերժ Սարգսեան նոյնիսկ պատրաստակամութիւն յայտնեց Իլհամ Ալիեւը հրաւիրելու Հայաստան - Թուրքիա սահմանի բացումին։ Նախագահը յայտարարեց, որ այդ ելոյթէն ետք իր աշխատակիցներուն պիտի հրահանգէ արձանագրութիւններու ծրագիրը Ազգային ժողով ուղարկել՝ վաւերացման գործընթացին սկսելու համար։ Բայց եթէ հաստատուին այն կասկածները, թէ Թուրքիա կը փորձէ պարզապէս ժամանակ կորսնցնել, մենք պիտի ստիպուինք դադրեցնել գործընթացը, յայտարարեց ան։ Խօսելով ղարաբաղեան խնդիրին մասին՝ Սերժ Սարգսեան ներկայացուց խնդիրին պատմական եւ իրաւական կողմերը եւ հաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ խնդիրը լուծելու մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համաձայն։ Ան շեշտեց, որ Ղարաբաղը երբեք անկախ Ազրպէյճանի մաս չէ կազմած եւ Ղարաբաղ այնքան իրաւունք ունէր դուրս գալու Խորհրդային Միութենէն, որքան նախկին խորհրդային միւս հանրապետութիւնները։

Ղարաբաղի ժողովուրդը կը հաւատայ, որ յաջողած է իր գոյութեան համար նուազագոյն պայմանները ապահովել, եւ անկէ մեկնելով մենք բանակցութիւնները կը վարենք Ազրպէյճանի հետ, նշեց Սարգսեան։ Այլընտրանքը Ղարաբաղի բռնի կցումն է Ազրպէյճանին, որ որեւէ լաւ հետեւանք չի կրնար ունենալ։ Առաւել եւս ունինք Նախիջեւանի օրինակը, ուր ոչ մէկ հայ մնացած է, եւ նոյնիսկ վերջերս մշակութային բարբարոսութեան ականատես եղանք, ընդծեց Սերժ Սարգսեան ։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։
Եւրոպական խորհրդարանը քննարկեց Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկուցումը։ Հոլանտացի խորհրդարանական Ռիա Օյմեն-Ռոյթենի պատրաստած զեկուցումը Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին քուէարկութեան պիտի դրուի։ Զեկուցումին մէջ եւրոպացի խորհրդարանականները շարք մը պահանջներ եւ յորդորներ կուղղեն Անագրային՝ անկէ նաեւ պահանջելով առանց որեւէ նախապայմանի վաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։ Թուրքիոյ կոչ կուղղուի նաեւ Կիպրոսի մէջ կողմերուն միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն չխոչընդոտելու համար անմիջապէս իր ռազմական ուժերը դուրս բերելու կղզիէն։ Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2009-ին Թուրքիոյ մէջ հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու հարցին մէջ իրականացուած են ոչ բաւարար բարեփոխումներ։ Զեկուցումին մէջ կը քննադատուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի՝ քրտական Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը փակելու որոշումը։ Անդրադարձ կայ նաեւ ՝՝Էրկենեքոնի՝՝ դատավարութեան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործունէութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.