2010-02-10 14:01:52

Մարոնիներու պաշտպան Սուրբ՝ Մար Մարունի մահուան 1600-ամեակի նշում ՝ Պրատի մէջ- Սուրիա ։


Մարոնիներու պաշտպան Սուրբի՝ Մար Մարունի մահուան 1600-ամեակին առիթով Լիբանանի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ՝ երեսփոխան զօր Միշել Աուն, այցելութիւն կատարեց Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ Հալէպի նահանգապետ Ալի Մանսուրայի կողմէ։

Հալէպի օդակայանին մէջ զօր Աուն յայտնեց, որ իրենց կատարած այս այցելութիւնը պատմական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ ան նոր առանցքի մը կը ձեռնարկէ՝ վերակենդանացնելու համար քրիստոնեաներուն արեւելեան ծագումը։

Զօր Աուն յայտնեց, որ անցեալին՝ նախքան Բիւզանդիոնի եւ Հռոմի պատմական տարակարծութիւնը, Անտիոքի եկեղեցին պարփակած է բոլոր քրիստոնեաները, ըլլան անոնք ասորիներ, մարոնիներ, յոյն կաթողիկէներ թէ յոյն ուղղափառներ։

Զօր Աուն յայտնեց, որ ասիկա վերազարթնումի առիթ մըն է, որպէսզի կարելի ըլլայ նոյն քաղաքակրթութիւնը, սակայն տարբեր մշակոյթներ ունեցող կողմերուն միջեւ մերձեցում ստեղծել։ Հալէպ ուղղուեցան նաեւ Լիբանանի նախկին նախագահ զօր Էմիլ Լահուտ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ։

Ֆրենժիէ իր կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ ինք կը հպարտանայ Սուրիոյ հետ իր բարեկամութեան համար։ Բնական է, որ մենք Մար Մարունի մահուան 1600-ամեակին առիթով ներկայ գտնուինք Պրատի մէջ։ Այս քայլը որպէս ուխտագնացութիւն մեզի համար բնական է։ Ինզպէս գիտենք Մար Մարուն սուրիացի է ասիկա հարց մը չէ, ճշմարտութիւն մըն է։ Զօր Լահուտ իր կարգին հաստատեց, թէ իրենք այսօր եկած են մարոնի համայնքին բնօրրանը . նկատել տալով, որ Մար Մարունը եղած է սուրբ մը, որ կոչ ուղղած է բացուելու բոլորին եւ խաղաղութեամբ ապրելու։ Լիբանանցի քրիստոնեայ ղեկավարներուն Հալէպ կատարած այս այցելութիւնը կը նկատուի ուխտագնացութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք պիտի այցելեն Պրատի մէջ գտնուող Մար Մարունի դամբարանը։

Հալէպի պատմական բերդին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ ներկայացուց Սուրիոյ մէջ Մար Մարունի երկարատեւ կեցութեան տարբեր հանգրուանները։ Հալէպի Պրատ գիւղին մէջ այսօր 10 Փետրուար 201ին կը մատուցուի Ս պատարագ՝ նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Սուրիոյ առաջնորդ Եուսեֆ Անիս Ապի Աատ եպիսկոպոսի, Մար Մարունի դամբարանին մօտակայքը գտնուող Մար Ժուլիանոս եկեղեցւոյ մէջ,ներկայութեամբ լիբանանեան եւ սուրիական պետական եւ բարձրաստիճան մեծաթիւ անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներու եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.