2010-02-08 13:53:28

Ծիսական Ժամանակացոյց


Կիրակի 7 Փետրուար 2010 Առաջաւորի Բ Կիրակին է։

Երկուշաբթի 8 Փետրուարին տօնն է Պիոն քահանայի, Մարկոս Արեթուս եպիսկոպոսի, Կիւրեղ սարկաւագի, Աբդէ եպիսկոպոսի, Որմզդանի, Սայենի եւ Բենիամին սարկաւագի։

Սուրբ Պիոն զմիւռնացի քահանայ եւ վկայ մըն է։ Քրիստոնէութեան դարձուց բազմաթիւ հեթանոսներ եւ ամրացուց հաւատցեալները, որոնք հալածանքներու պատճառաւ խախտած էին իրենց կրօնական զգացումներուն մէջ։ Երբ Ատեան տարուեցաւ քննութեան համար, հոն եւս քրիստոնէութիւնը ընդուներու համար սրտագին յորդորներ ուղղեց հեթանոսներուն եւ հրեաներուն։ Զանազան տանջանքներէն ետք ողջ այրեցին զինք։

Երեքշաբթի 9 Փետրուարին Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնն է Ղեւոնդի, Յովսէփի, Սահակի , Մուշէի, Արշէնի եւ Քաջաջի։

Պարսիկներու թագաւորը Յազկերտ Բ. 450 ին անկարող ըլլալով հրովարտակով մը հայերը կրակապաշտ դարձնել , որոք Յովսէփ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ՝ մերժած էին Յազկերտի առաջարկը եւ պատրաստ էին իրենց արիւնը թափելու քրիստոսի համար, Տիզբոն կանչեց բոլոր հայ նախարարները ։ Անոնք պարտադրանքի տակ երեսանց ուրացան եւ 750 մոգերու ու 10 հազար զինուորներով Հայաստան ղրկուեցան, կրակապաշտութիւնը տարածելու համար։ Նախարարներու ուրացութեան լուրը հասած էր Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը գլխաւորութեամբ իր քահանաներուն մանաւանդ Ղեւոնդ երեցին յեղափոխութիւն հանեց, եւ Անգղ գիւղին մէջ (Երեւանի հարաւը) ուր բնակած էր Պարսիկներու բանակը ջարդը սկսաւ. շատեր ինկան եւ մնացածները փախան։

Յազկերտ Բ. ի լուր այս ապստամբութեան 300 հազարի բանակով դիմեց Աւարայր ուր դիրք բռնած էր, Հայոց Սպարապետը Վարդան իր 60.հազար զինուորներով։ Հոն էին նաեւ Ղեւոնդ երեց եւ իր ընկերները, քաջալերելու՝ որ հաւատքի մէջ ամուր մնան։

Վարդան Մամիկոնեան նահատակուեցաւ , հայ բանակը ցրուեցաւ, որմէ ետք ալ Ղեւոնդ իր ընկերներով շղթայակապ Պարսկաստան տարուեցաւ։ Երեքամեայ տառապանքներէ ետք կրկին անգամ անոնք հարցապնդուեցան սակայն միշտ անդրդուելի մնացին Քրիստոսի հաւատքին մէջ , որու հետեւանք, նախ՝ նահատակուեցաւ Արշէն Բագրեւանդի երեցը ապա Յովսէփ կաթողիկոս Մուշէ Արծրունի երեցը եւ Քաջաջ զինուորը։ Իսկ Ղեւոնդ Երեցը պարագլուխը բոլորին, նախ քաշքշեցին քարերու վրայ մինչեւ որ մորթը պատառոտի ապա գլխատեցին զինք Ռշտունեաց Սահան եպիսկոպոսին հետ միասին։ Եղիշէ եւ Ղազար Փարպեցի կը պատմեն թէ բազմաթիւ հրաշքներ տեղի ունեցան Ս. նահատակներու մարմիններուն վրայ եւ լուսաւոր արծիւ մը իջաւ Ղեւոնդ երեցի մասունքներուն վրայ։

Խուժիկ անունով անձ մը ,տեսնելով այս գերբնական նշանները դամբարանի մը մէջ ամփոփեց անոնց մարմինները 454 թուին։

Հինգշաբթի 11 Փետրուարին Վարդանանց Զօրավարներու՝ Վարդանի, Խորենի, Արտակի, Տաճատի, Հմայեակի, Ներսեհի, Վահանի, Արսենի, Գարեգինի եւ այլ հազար եւ երեսուն հայ զօրավարներու տօնն է։

Վարդանանց զօրավարներու անուան ներքեւ կը ճանչցուին Ե. դարու՝ 451-ին Աւարայրի մեծ ճակատամարտի մէջ ինկած նահատակները, որոնք կռուեցան պարսիկ զօրութեան դէմ, հայ քրիստոնէութիւնն ու եկեղեցին պաշտպանելու համար կրակապաշտութեան դէմ։ Քրիստոնեայ հայութեան գոյութեան յաւերժացումը՝ պտուղը եղաւ Վարդանանց պատերազմին։ Անոր համար Վարդանանց տօնը սկիզբէն մինչեւ այսօր ամէն հայու սրտին խօսող մեծագոյն տօներէն մէկն է։

Շաբաթ 13 Փետրուարին Կ. Պոլսոյ 150 հայրապետներու յիշատակն է։

Կ. Պոլսոյ ժողովը տեղի ունեցաւ 381-ին, 150 հայրապետներու մասնակցութեամբ եւ Մելիտիոս հայրապետի նախագահութեամբ։ Իր մահէն ետք անոր յաջորդեց Ս. Գրիգոր Նազեանցին։

Դ. Տիեզերական ժողովը վերահաստատեց Նիկիոյ ժողովին հանգանակը՝ թէ աստուածային երեք Անձերը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգին համագոյակից եւ յաւիտենակից են։

Դատպարտեց մակեդոնեաններու Ս. Հոգւոյն վարդապետութիւնը իւրացնելով Երուսաղէմի մկրտութեան հաւատոյ դաւանանքը. Սուրբ Հոգին կենդանարար Տէր է, կը բխի Հօրմէն ու կը պաշտուի եւ կը փառաբանուի Հօր եւ Որդւոյն հետ։ Իսկ կարգաւորական պաշտօնագրերու մէջ դատապարտուեցան բոլոր հերետիկոսները ի մասնաւորի Արիոսականները, Մակեդոնեանները եւ Մենէսները։ Սահմանուեցաւ եպիսկոպոսին իշխանութիւնը իր թեմէն ներս, եւ ճանչցուեցաւ Կ. Պոլսոյ եպիսկոպոսին պատուոյ գլխաւորութիւնը Հռոմի եպիսկոպոսէն ետք։










All the contents on this site are copyrighted ©.