2010-02-07 14:15:20

Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր Յակոբ Խաչիկեանի գիրքը ՝ ՝՝Արեւը բնաւ չծագեցաւ այդ ամառ՝՝ :


Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր Յակոբ Խաչիկեանի գիրքը ՝ ՝՝Արեւը բնաւ չծագեցաւ այդ ամառ՝՝ :

Թրքական ՝՝Փէնճէրէ՝՝ հրատարակչատունը վերջերս սկսած է հրատարակել Հայկական հարցի շուրջ կարեւոր գիրքերու թրքերէն թարգմանութիւնները։ Ձեռնարկ մը, որ կու գայ ցոյց տալ թէ այլեւս Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան գաղափարը սկսած է դուրս գալ թապու ըլլալէ, անշուշտ որոշ դժուարութիւններ դիմագրաւելու պատրաստակամութեան մը շնորհիւ։

՝՝Փէնճէրէ՝՝ վերջերս ուշադրութիւն կը գրաւէ անգլիացիներու նշանաւոր Կապոյտ գիրքի երկու հատորները հրատարակելով։ Նոյն հաստատութիւնը հրատարակած էր նաեւ հայաստանցի անուանի պատմաբան՝ Նիքոլայ Յովհաննէսեանի ՝՝Հայկական Ցեղասպանութիւն՝՝ անուն գիրքը։

Հրատարակչատունը հրապարակ հանեց նոր ու ստուարածաւալ գիրք մը, որ վէպ մըն է։ ՝՝Արեւը բնաւ չծագեցաւ այդ ամառ՝՝ (Կիւնէշ օ եազ հիչ տողմատը)։ Ասիկա այն նշանաւոր վէպն է, որ գրուած է նախկին իսթանպուլահայ Յակոբ Խաչիկեանի ու քանատացի մտաւորական Ժան-Իվ Սուսիի կողմէ միասնաբար։ Գիրքը բաւական տարիներ առաջ հրատարակուած էր անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով, յետոյ թարգմանուած էր զանազան լեզուներու։ Փէնճէրէ հրատարակչատունը կը հրատարակէ գիրքին գերմաներէն թարգմանութենէն կատարուած թարգմանութիւն մը, որ յաջողապէս կատարուած է Զէքիյէ Հասանչէպիի կողմէ։ Լայնաշունչ աշխատանք մըն է այս, եթէ նկատի առնուի, որ վէպը կը բովանդակէ 700 էջ։

Տեղահանութեան վէպն է այս, ինչպէս կը թելադրէ գիրքին ենթախորագիրը։ Նոր գիրք մը ահաւասիկ, որ թուրք ընթերցողին ուշադրութեան պիտի յանձնէ 1915-ի սեւ օրերու հայ ընտանիքի մը ապրած ողբերգութիւնը։

Յակոբ Խաչիկեան անծանօթ մը չէ պոլսահայ մօտիկ անցեալի մասին գաղափար ունեցողներու համար։ Ան գրական իր աշխատանքներուն սկսած էր հայերէն բանաստեղծութիւններ գրելով։ Խմոր ունեցող բանաստեղծ մըն էր։ Ապա գաղթեց արտասահման ու կայք հաստատեց Քանատայի մէջ։ Դասախօսեց Մոնրէալի զինուորական վարժարանին մէջ, նուիրուեցաւ նաեւ գրական ուսումնասիրութիւններու։ Լուսահոգի Գաբրիէլ Պասմաճեանի, Էտուարտ Ֆրանչուքի ու Նուրհան Ուզունեանի հետ միասնաբար անգլերէնով հրատարակեց Հայ Գրականութեան Ժառանգութեան երկու առաջին հատորներու շարքը, որ կոթողային գործ մըն է եւ որ տակաւին իր վերջակէտը չէ գտած։ Այնուհետեւ Յակոբ Խաչիկեան ուշագրաւ դարձաւ, գրի առնելով ՝՝Վաղորդայն Չունեցող Արշալոյսը՝՝ վէպը, որ թրքերէնի թարգմանուած հատորն է։ Խաչիկեան ապա գրեց այդ վէպին շարունակութիւնն ալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.