2010-02-07 14:17:38

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 7 փետրուար Բ կիրակի զկնի առաջաւորի:

Ընթերցում Ս. Յովհաննէսի Աւերարանէն 6-րդ գլուխ, 59-72 համարները։


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 7 փետրուար Բ կիրակի զկնի առաջաւորի:

Ընթերցում Ս. Յովհաննէսի Աւերարանէն 6-րդ գլուխ, 59-72 համարները։



Առաքեալներու հաւատարմութիւնը



Երբ ա՛յս լսեցին իր աշակերտները, անոնցմէ շատեր ըսին Խիստ է այդ ըսուածը, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել անոր։

Յիսուս, ներքուստ զալով որ կը տրտնջեն իր աշակերտները այդ բանի համար, անոնց ըսաւ Ա՞յդ խօսքը կը գայթակղեցնէ ձեզ։

Արդ, (ի՛նչ պիտի ըսէք), եթէ հո՛ն բարձրացած տեսնէք դուք Մարդու Որդին, ուր նախապէ՛ս էր ան։

Հոգի՛ն է կեանք տուողը, բանի չի՛ ծառայեր մարմինը։ Արդ, հոգի են ու կեանք՝ այն խօսքերը, որոնք ես ըսի ձեզի։

Բայց կա՛ն ոմանք ձեր մէջ, որ չեն հաւատար։ Որովհետեւ Յիսուս սկիզբէ՛ն գիտէր արդէն, թէ որո՞նք են, որ չեն հաւատար, եւ ո՛վ է ան, որ զինք պիտի մատնէր, եւ ըսաւ

Անո՛ր համար ըսի ձեզի, որ չի՛ կրնար ինծի գալ մէկը, եթէ Հօրմէ՛ս տրուած չըլլայ այդ անոր։

(Անոր) այս (խօսքերուն) պատճառով, աշակերտներէն շատե՛ր հեռացան իրմէ, եւ իրեն հետ չէին շրջեր այլեւս։

Յիսուս իր տասներկու աշակերտներուն ըսաւ Դո՞ւք ալ կ'ուզէք երթալ։

Սիմոն Պետրոս պատասխանեց անոր ''Տէր, որո՞ւ երթանք, յաւիտենակա՛ն կեանքի խօսքեր ունիս դուն։

Մենք հաւատացինք, ու ճանչցանք, որ դո՛ւն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին''։

Յիսուս պատասխանեց անոնց, եւ ըսաւ Ես չէի՞, որ ձեզ ընտրեցի, տասներկուքդ, եւ մէկը սատանայ է ձեր մէջէն։

(Այս խօսքերը) Սկարիովտացի Սիմոնի որդւոյն՝ Յուդայի համար կ'ըսէր ան, որովհետեւ ա՛ն պիտի մատնէր զինք, եւ մէ՛կն էր ան տասներկուքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.