2010-02-07 14:15:03

ԶՄՄԱՌԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՒՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԹԵԼԷ ԼԻՒՄԻԷՐ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ


ԶՄՄԱՌԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՒՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԹԵԼԷ ԼԻՒՄԻԷՐ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ



Լիբանանեան հնագոյն յուշահամալիրներէն մին հանդիսացող Զմմառու վանք-համալիրը 2009-ին զբօսաշրջութեան նախարար Էլի Մարունիի կողմէ պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ լիբանանեան կրօնա-զբօսաշրջութեան ցուցակին մէջ։ Առ այդ, յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու եւ հանրութեան աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար պատմական սոյն վայրը՝ Թելէ Լիւմիէր պատկերասփիւռի կայանէն լրագրող Սալի Խուրի ուղիղ եթերով շուրջ մէկ ժամ տեւող հարցազրոյց մը վարեց Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր եւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի հետ, որ սփռուեցաւ երկուշաբթի, 25 յունուար 2010-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին։



Հարցազրոյցը հիմնականին ընթացաւ վանքին պատմական նշանակութեան շուրջ Միաբանութեանս 260-ամեայ փորձն ու հմտութիւնը սատարեցին վանքիս ապագայ զարգացմանն ու բարգաւաճմանը, այսպէս սկսաւ իր զրոյցը Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, ու այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս յառաջացաւ Զմմառու Արծիւեան միաբանութիւնը, հայր սուրբը ամփոփ պատմական ակնարկով մը ներկայացուց միաբանութեան հիմնադիր Արծիւեանի վարքը, վանքի դիրքը եւ թէ ինչպէ՛ս յառաջացած է Զմմառ անունը։ Այնուհետեւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց վանքին շէնքային բաժանմունքները՝ վանական եկեղեցին իր գանձերովը, մատուռը, որուն կեդրոնական խորանը նուիրուած է հրաշագործ Տիրամայր Զմմառու՝ Ցաւագին Տիրամօր կտաւին, ապա առանձնացուց Զմմառու խորհրդանիշը հանդիսացող եւ համազգային նշանակութիւն ունեցող գանձարան-մատենադարանը՝ ըսելով. Վանքս ունի հարուստ մատենադարան մը, ուր հայկականի կողքին, պահպանուած են նաեւ օտար քաղաքակրթութիւններու մշակոյթէն նմուշներ, հոս մեծ խնամքով կը պահպանուին հայկական ձեռագիր 1500 մատեաններ (որոնցմէ հնագոյնը 10-րդ դարէն հասած Սաղմոսարան է, 12-րդ դարէն հայոց առակագիր Մխիթար Գոշի Դատաստանագիրքին բնօրինակը), միջնադարեան բժշկարաններ, ինչպէս՝ Մխիթար Հերացիինը, Աւետարաններ՝ զարդարուած մանրանկարչութեամբ եւ այլ արժէքաւոր ձեռագիրներ, որոնք օգտակար կը դառնան հայոց պատմութեան հետագայ ուսումնասիրութեան համար։ Ունինք անտիպ լուսանկարներ (Հայոց ցեղասպանութեան, ազգագրական տարազներու, պատմական վայրերու վերաբերեալ), թանգարանին մէջ պահպանուած են նաեւ ծիսական զգեստներ եւ սպասներ, ձեռակերտ արծաթեայ եւ ոսկեայ անօթներ եւ կանացի զարդեղէններ, Կուտինայէն բերուած յախճապակիներ։ Առանձին բաժին մը յատկացուցած ենք հնագոյն դրամներու հաւաքածոյին եւ շքանշաններուն (որոնց կից՝ անոնց վկայագրերը). բաժին մը վերապահուած է ականաւոր նկարիչներու, կտաւներուն, ինչպէս՝ Ռաֆայէլինը, իսկ ամէնէն արժէքաւոր հարստութիւնը, որ խանդաղատանքով կը պահպանենք, այն է՝ Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքը։ Այս բոլորին համար ձեռք բերուած են յատուկ խնամքի եւ ապահովութեան միջոցներ։



ՀԱՐՑՈՒՄ- Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի վանքի գրադարանին

ՊԱՏԱՍԽԱՆ- Ունինք հարուստ գրադարան մը՝ մօտ 2500 հնատիպ գիրքեր, հնագոյնը 1512-էն հասած՝ Վենետիկի մէջ տպուած Յակոբ Մեղապարտի Ուրբաթագիրքն է, ինչպէս նաեւ մօտաւորապէս 65,000 գիրքեր՝ զանազան լեզուներով։ Ունինք հարուստ արխիւ մը, որ կը պարունակէ 65,850 նամակներ (պատրիարքներու եւ մեծաւորներու)՝ վերանորոգուած եւ զետեղուած 439 տուփերու մէջ, որոնք յատուկ կերպով պատրաստուած են տուեալ նամակները պահպանելու համար։ Այս բոլորը թուայնացուցած ենք, եւ որոնք բաց են ուսումնասիրողներուն առաջ։

Ապա մեծաւոր հայրը անդրադարձաւ 1810-էն ցարդ աւանդութիւն դարձած Զմմառեան գինիին, գինեմառանին եւ գինին սարքելու եղանակին, թէ ինչպէս Տիրամօր Վերափոխման օրը, ըստ հայկական ծիսական աւանդութեան, վանքին այգիներու խաղողին մէկ մասը օրհնուելով՝ հանրութեան կը մատակարարուի, իսկ մնացեալով գինի կը պատրաստուի, որ պատարագի ընթացքին սրբագործումով կը փոխակերպուի Քրիստոսի Ս. արեան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ միաբան հայրերէն ո՞ր մէկը յիշատակութեան արժանի է, ան ըսաւ. Առաջին հերթին 1915-ին թրքական կոտորածներու ընթացքին զոհուած Մարտինի եպս. Իգնատիոս արք. Մալոյեանը, զոր 2001-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի կողմէ երանելի հռչակուեցաւ։ Երկրորդը լիբանանահայ իրականութեան յիշողութեան մէջ ընդմիշտ թարմ մնացող Պօղոս Արիս վարդապետն է, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն պատսպարեց իր իսկ կողմէ հիմնուած հայաբնակ Պուրճ Համուտ աւանին մէջ, եւ որուն առաջին քաղաքապետը դարձաւ։



Հ- Ներկայիս վանքին մէջ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը ծաւալէք։

Պ- Զարկ կու տանք դպրեվանքի ծաղկմանն ու բարգաւաճման, որովհետեւ միաբանութիւնը անսասան պահողը իր կղերն է, անոնք վանքիս մէջ թրծուելով քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեամբ, որպէս առաքեալներ կը գործուղուին աշխարհի համարեա բոլոր ծագերը, ուր հայկական գաղութ գոյութիւն ունի, ինչպէս՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Ֆրանսա, Միջին Արեւելք, Թուրքիա, Հայաստան եւ այլուր՝ անոնց մէջ ամրապնդելու քրիստոնէական հաւատն ու ազգային շունչն ու ոգին։



Հ- Որպէս ուխտավայր՝ ո՞ր օրերուն ուխտաւորները կը համախմբուին ձեր մօտ։

Պ- Որովհետեւ միաբանութեանս հիմնադիր Արծիւեան պատրիարքը կը հաւատար, թէ իր հօտը, հիմնուելով Քրիստոսի հաւատքին վրայ, Տիրամօր նման պիտի արժանանայ երկնքի արքայութեան իր բարի գործերուն շնորհիւ, 1749-ին, երբ վանքը հիմնեց, նուիրեց զայն Աստուածածնայ Վերափոխման։ Առ այդ, օգոստոս ամսուն Վերափոխման տօնին օրը աւանդաբար դարձած է ուխտի օր։

Ուխտի օր են նաեւ մայիս ամսուան վերջին կիրակին՝ որպէս փակում մայիսեան Մարեմեան ջերմեռանդութեան, եւ յունիսի 11-ը՝ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան յիշատակի օրը։ Փաստօրէն ուխտաւորները տարին երեք անգամ հնարաւորութիւն կունենան այցելելու մեր վանքը ի դէպ, տեղին է նշել ու յիշեցնել, թէ ամբողջ տարուան տեւողութեան հաւատացեալներ կայցելեն մեր վանքը եւ կը հաղորդուին կիրակնօրեայ սուրբ եւ անմահ պատարագի խորհուրդով։



Հ- Եւ վերջապէս, ի՞նչ ունիք աւելցնելիք։

Պ- Նախ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Թելէ Լիւմիէրի տնօրէնութեան՝ մեզի ընձեռուած այս առիթին համար եւ կը բարձրացնեմ աղօթքս առ Աստուած, բարեխօսութեամբ Զմմառու Տիրամօր, որ մեզի վստահուած այս դարաւոր միաբանութիւնը կարենանք ամուր պահել եւ աւանդել սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց հերթին կերտեն ազգին լուսաւոր ապագան։








All the contents on this site are copyrighted ©.